Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. 23 Յուլիսէն Առաջ

July 23, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլ-Համաս պատերազմին կանգառ ապահովելու բանակցութիւններու արագացման խորապատկերին վրայ կարելի է ըսել, որ բեկում արձանագրուեցաւ, երբ Կազայի աշխարհագրութենէն հեռու Կարմիր ծովը վերստին բռնկեցաւ:

Պէտք է արձանագրել այստեղ, որ Եմէնի հուսիները  անօդաչու սարքերով թափանցեցին իսրայէլեան օդային տարածք. այդ սարքաւորումներէն ոմանք  չէզոքացուեցան իսրայէլեան հակաօդային համակարգին կողմէ, սակայն փաստօրէն ուրիշներ յաջողեցան շրջանցել այդ արգելքը եւ հարուածեցին Թել Աւիւը: Ասիկա բեկումնային իրավիճակ ստեղծեց եւ խախտեց խաղի կանոնները: Նշենք, որ իսրայէլեան կողմը յայտարարեց, որ անօդաչու սարքերը իրանեան արտադրութիւն էին, այդպիսով Թեհրանը ամբաստանելով անուղղակիօրէն իբրեւ այդ արարքներու պատասխանատու:

Յիշենք, որ անօդաչու սարքերով փոխյարձակումի գործողութիւններ արձանագրուած էին Թել Աւիւի եւ Թեհրանի միջեւ: Իւրաքանչիւր կողմ իւրովի մեկնաբանած էր այդ յարձակումներուն արդիւնքները: Պատերազմական խաղը վերադարձաւ իր հիմնական գօտին:

Հիմա դարձեալ տեղի կ՛ունենայ պատերազմի աշխարհագրութեան ընդլայնում:

Եմէնի հուսիները պատասխան հարուածներ ստացան եւ այդ հարուածներուն համար մեղադրեցին Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իսրայէլի միացեալ զինեալ համակարգը: Այդ հարուածները ուղղուած էին քարիւղի պահեստներու, ելեկտրակայաններու եւ Հտէյտա նաւահանգիստի այլ կառուցուածքներու:

Անոնք յայտարարեցին, որ երկու գործողութիւն իրականացուցած են: Չէզոքացուցած են Կարմիր ծովու շրջանին մէջ կարեւոր թիրախ մը` առանց մանրամասնութիւններ նշելու, եւ ուղղակի հարուածած են ամերիկեան ռազմանաւ մը: Կը յայտարարեն նաեւ, որ տակաւին այլ պատասխան հարուածներ պիտի ըլլան:

Ուշագրաւ է Սէուտական Արաբիոյ արձագանգը: Ռիատը շտապեց յստակացնելու, որ Հտէյտա նաւահանգիստի դէմ կատարուած յարձակումներուն հետ որեւէ կապ չունի եւ թէ իր օդային տարածքը պիտի չտրամադրէ որեւէ կողմի: Այս հաւասար հեռաւորութիւն պահպանելու սէուտական կեցուածքը ուշագրաւ է յամենայն դէպս:

Հըզպալլան յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իսրայէլի միացեալ գործողութիւնը տարածաշրջանին մէջ նոր վտանգաւոր փուլ կը թեւակոխէ:

4-րդ ճակատի մասին եւս նշում եղաւ, երբ յայտնի դարձաւ, որ Իրաքի մէջ իսլամական դիմադրութիւնը անօդաչու սարքերով յարձակում գործած է Իլաթի մէջ կենսական թիրախի վրայ: Այստեղ եւս անորոշ է թիրախը: Փակագիծերը չեն բացուած եւ դեռ պարզ չէ, որ ի՛նչ թիրախ խփուած է:

Այս ամբողջ մագլցողականութենէն առաջ այն տպաւորութիւնը կար, որ շուտով Կազայի մէջ հրադադար պիտի հաստատուի: Տարբեր կողմերը կը փոխկապակցէին Կազան եւ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանը աւելի շատ ընդգծելու համար, որ Կազայի մէջ կնքուելիք հրադադարին պիտի յաջորդէ Լիբանանի հարաւային գօտիի զինադուլը:

Կտրուկ փոփոխութիւն գրանցուեցաւ, երբ հուսիները ծանօթ յարձակումը գործեցին: Զուգահեռ, փոխսպառնալիքները սուր կերպով վերադարձան Հըզպալլա – Թել Աւիւ ուղղութեան վրայ: Հըզպալլայի երկրորդ դէմքը պարզ դարձուց, որ յառաջիկայ օրերուն յստակացում պիտի ըլլայ  հետագայ գործընթացներուն առումով. բառացի` «քանի մը օրէն պիտի բացայայտուի ուղին, ուստի կոչ կ՛ուղղենք` քանի մը օր համբերելու, եւ պիտի տեսնենք հորիզոնը, եւ  պիտի որոշուի այն մթնոլորտը, որով պիտի ընթանանք»:

Մշուշոտ է խօսքին բովանդակութիւնը, հետագային կատարուելիքի առումով: Քանի մը օրէն բացայայտելի ուղին որոշ տեղ առաջնորդելու միտումը կը փոխանցէ: Ըստ այս յայտարարութեան, պիտի փարատի մշուշը եւ ուղիին հասնելիք վայրը պիտի յստականայ: Հետագայ երթի մասին կայ ակնարկութիւն, ինչպէս նաեւ` տեսանելի հորիզոնի:

Այս դիւանագիտական յայտարարութիւնը ուղղուած է նախ եւ առաջ Թել-Աւիւին եւ անշուշտ միջազգային հանրութեան: Նոյն վարքագիծն է, որ դէպքերու զարգացման եւ ծաւալման պատասխանատուութիւնը կը դնէ Իսրայէլի վրայ: Այդ ուղին կրնայ դէպի խաղաղութիւն ըլլալ, եթէ Իսրայէլը համաձայնի հրադադարի պայմաններուն եւ եթէ Ուաշինկթընը բաւարար ճնշում գործադրէ, որպէսզի իսրայէլեան կողմը ընդունի հրադադարի կէտերը:

Մինչ այդ, սակայն, խաղաղութեան ուղիէն շեղելու եւ պատերազմը նախընտրելու պարագային, Իսրայէլը կը զգուշացուի ծանր պատասխաններ ստանալէ:

Քանի մը օր համբերելու յորդորը պատասխաններ կ՛որոնէ: Քանի մը օրուան ժամկէտը 23 յուլիսն է: Այդ օրը (այսօր) նախատեսուած է հանդիպում Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Իսրայէլի վարչապետին միջեւ:

23 յուլիսը քաղաքական նոյն մօտեցումին ստանալիք պատասխանի օրն է: Կա՛մ Ուաշինկթընի մէջ բաւարար ճնշում գործադրելով կը յաջողին համոզել Նեթանիահուն, որպէսզի համաձայնի հրադադարին, կա՛մ ալ Իսրայէլի վարչապետը կը շարունակէ մերժել հրադադարի պայմանները:

Մինչ այդ հռետորաբանութեան, սպառնալիքներու եւ նոյնիսկ տարածաշրջանային տարբեր միջավայրերու եւ ճակատներու վերաբռնկումներ կը սպառնան պատերազմին տալ լայնածաւալ տարողութիւն: Իրադրութիւնները կը յուշեն, որ ուաշինկթընեան ճնշումով հրադադարի համաձայնութիւն մը առարկայանալու նախադրեալներ կրնայ պարփակած ըլլալ:

«Ա.»

 

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան Պելճիքայի Մէջ Քննարկած Է Հայ Ռազմագերիներու Եւ Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Ազատ Արձակման Հարցը

Յաջորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Եւ Խրամորթի Յաղթական Գօտեմարտերը Հաշտութեան Բանակցութիւններ Եւ Պատրաստութիւն Նոր Կռիւներու

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.