Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապու Հայտար Կը Մեկնաբանէ Պատերազմի Պարագային Արտակարգ Դրութեան Պետական Ու Կառավարական Ծրագիրը

July 23, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Ապու Հայտար, մեկնաբանելով Լիբանանի վրայ լայնածաւալ պատերազմի շղթայազերծման պարագային պետական եւ կառավարական մակարդակի վրայ արտակարգ ծրագիրը, յայտնեց. «Իւրաքանչիւր նախարարութիւն իր սեփական ծրագիրը մշակեց, իսկ կենսոլորտի նախարարին պարտականութիւն տրուեցաւ արտակարգ դրութեան ընդհանուր ծրագիր մը պատրաստել եւ նախարարութիւններուն միջեւ համակարգում կատարել»:

Ան քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեց. «Ինչ կը վերաբերի տնտեսութեան նախարարութեան եւ հիմնական սննդանիւթերուն, ապա ապահովուած պահեստը մինչեւ երեք ամիս կը բաւարարէ եւ տարբեր շրջաններու մէջ շարք մը պահեստանոցներու վրայ ցրուուած է»: Ապու Հայտար նշեց, որ նոյնիսկ վառելանիւթերու, մասնաւորաբար մազութի պարագային, կան շարք մը պահեստանոցներ, որոնք հիւանդանոցներուն, գործարաններուն, փուռերուն եւ փոխադրամիջոցներուն վառելանիւթի մատակարարումը կ՛ապահովեն:

Ինչ կը վերաբերի ցորենին եւ ալիւրին, հացահատիկի եւ շողգամի վարչութեան ընդհանուր տնօրէն Իսամ Ապու Ժաուտէ «Ռայ»-ին յայտնած է. «Այդ առնչութեամբ մտավախութիւն չկայ, Լիբանանի մէջ ցորենի պահեստը շատ է. այնքան ատեն որ ծովը բաց է, կարելի է ներածել, եւ ներկայիս 40000 թոն ցորենով բեռցուած նաւ կու գայ, ուստի ոչ կարճ ժամանակի համար կարելի է ալիւրը ապահովել»:

Միւս կողմէ, Սեփական հիւանդանոցներու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն «Սաութ Լուպնան»-ին յայտնեց, որ հիւանդանոցները որոշ սահմաններու մէջ պատրաստ են, եթէ լայնածաւալ պատերազմ ծագի եւ Լիբանանի դէմ 2006-ի պատերազմին նման պատերազմ մը շղթայազերծուի:

Ան յայտնեց, որ ապահովուած են մարդկային տարրերն ու բժշկական սարքերը, ինչպէս նաեւ արտակարգ կացութեան ծրագիրներ մշակուած են: Հիւանդանոցները նաեւ առողջապահութեան նախարարութեան հսկողութեան տակ մարզումներ կատարած են:

Հարուն, սակայն, շեշտեց, որ իրենք պատրաստ չեն, եթէ Կազայի մէջ պատահածին նման հիւանդանոցներու վրայ յարձակում գործուի:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Միքաթի. «Բարձր Կը Գնահատենք Իրաքի` Լիբանանի Կողքին Կանգնիլը, Եւ Կը Շարունակենք Առնչակիցներու Հետ Կապ Հաստատել Հարաւային Լիբանանի Մէջ Կացութեան Վերահսկողութենէ Դուրս Գալը Կանխարգիլելու Համար»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.