Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 13, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ Նապաթիէի եւ Ժպահի մէջ Աշուրայի սգատօնին առիթով երկու հաւաքներու ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Երբ բանակցութիւնները Կազայի վրայ յարձակումին ու պատերազմի դադրեցման յանգեցնեն, այն ինչ որ անոր բնակիչներն ու դիմադրողները կ՛ընդունին, պիտի ընդունինք, եւ անմիջապէս մեր ճակատին վրայ կրակոցի դադրեցման պիտի սկսինք»:

«Թշնամին փուլի մը մէջ է, ուր չի կրնար Լիբանանի դէմ պատերազմ շղթայազերծել, եւ ասիկա յոյս կամ նախատեսութիւն չէ, այլ տուեալներ, որոնք գիտենք թշնամիին մեր պատրաստածին, մեր զգացածին եւ թշնամիին կատարումին դիտարկումով, եւ մենք պատրաստ ենք բոլոր ընտրանքներուն», նշեց Ռաատ:

– «ՄԱՆԱՐ» հաղորդեց, որ լիբանանեան բանակէն զինուորներ մահէ փրկուած են, երբ զիրենք տեղափոխող «Համվի» տիպի մեքենան Ուազզանի գիւղի մէկ ճամբուն վրայ իսրայէլեան բանակին կողմէ բռնագրաւուած Ղաժար գիւղէն կրակոցի ենթարկուած է: Բանակայինները տեղափոխող մեքենան չորս փամփուշտ ստացած է:

– «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութեան համաձայն, ընդդիմադիր երեսփոխան Ֆուատ Մախզումիի եւ Հըզպալլայէն Ամին Շըրրիի միջեւ հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է: Անոնք համաձայնած են ուրբաթ, 19 յուլիսին հանդիպում ունենալ:

– «ԺԱՏԻՏ»-ի տեղեկութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ժանին Պլասխարթ, որ Թել Աւիւի եւ Պէյրութի միջեւ երթեւեկելով քննարկած է ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան հարցը, այժմ կ՛աշխատի նշեալ որոշումի գործադրութեան վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին համար պատրաստուող իր տեղեկագիրին վրայ, իսկ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես անոր հիմամբ պիտի ներկայացնէ իր զեկուցումն ու նկատումները:

Ընդհանուր քարտուղարին ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան վերաբերեալ զեկուցումը ոչ միայն անվտանգութեան ոլորտին վերաբերող կէտեր պիտի բովանդակէ, այլ նաեւ Լիբանանի մէջ քաղաքական ոլորտին վերաբերեալ կէտեր:

– ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի Ներքին ապահովական ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան ցուցմունք տուաւ Տորայի եւ Քարանթինայի շրջաններուն մէջ հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան պետական փոխադրակառքերու կոտրտման, վարորդներուն ու ճամբորդներուն սպառնալու դէպքին շուրջ հետաքննութիւն կատարելու եւ պէտք եղած անմիջական քայլերը որդեգրելու:

– ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզիններուն գիները բարձրացան 6000 լիբանանեան ոսկիով եւ յաջորդաբար հասան 1.651.000 լ.ո.-ի եւ 1.689.000 լ.ո.-ի: Մազութին եւ պիւթակազին գիները մնացին անփոփոխ` 1.518.000 լ.ո. եւ 890.000 լ.ո.:

 

 

Նախորդը

Պայտըն. «Ներկայիս Կազայի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալու Առիթ Ունինք»

Յաջորդը

Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Երեսփոխանական Պլոքը Կ՛ողջունէ Որեւէ Արաբական Կամ Միջազգային Նախաձեռնութիւն, Որ Նախագահի Ընտրութեան Կը Նպաստէ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.