Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ պատերազմէն ետք Կազայի մէջ պէտք չէ բռնագրաւում ըլլայ:
«Իսրայէլ այցելութեանս ընթացքին իսրայէլեան կառավարութեան եւ անոր ղեկավար Պենիամին Նեթանիահուին յայտնեցի, որ որեւէ տեղ բռնագրաւելու կարիք չկայ», ըսաւ Պայտըն:
«Ներկայիս Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու առիթ ունինք», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով. «Խումբս շրջան ղրկեցի Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելու բանակցութիւններուն մէջ բացերը կամրջելու համար»:
«Այն հարցերը, որոնք զինադադարի հաստատման համար Տոհայի մէջ կը քննարկուին, դժուար ու բարդ են», նշեց Պայտըն:
«Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութեան հասնելու համար պէտք է աշխատանքը շարունակենք», շեշտեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց. «Բանակցութեան մասնակիցներէն աղբիւրներ կը հաստատեն, որ (իսրայէլեան) բանակի Ֆիլատելֆիա ճակատէն հեռացումը կ՛ուսումնասիրուի, հակառակ Նեթանիահուի հերքումին»:
Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի հարցով յատուկ պատուիրակ Պրեթ ՄքԿըրքի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած էր, որ Իսրայէլ պատրաստ է իր ուժերը Ֆիլատելֆիա ճակատէն մասնակիօրէն հեռացնելու եւ վերաբանալու Կազայի ու Եգիպտոսի միջեւ Ռաֆահ սահմանային անցակէտը:


