Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Միջազգային Իրաւապաշտպան Կազմակերպութիւններու. Ազրպէյճան Միտումնաւոր Եւ Հաշուարկուած Գործողութիւններով Արցախի Հայ Բնակչութիւնը Ենթարկած Է Բռնի Տեղահանման Եւ Ցեղային Զտման

July 2, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրապարակուած է «Ֆրիտըմ Հաուզ»-ի, «Ինթըրնեշընըլ Փարթնըրշիփ ֆոր Հիումըն Ռայցի, Ժողովրդավարութեան զարգացման հիմնադրամի, Հելսինքեան քաղաքացիական համախմբումի Վանաձորի գրասենեակի, Իրաւունքի զարգացման եւ պաշտպանութեան հիմնադրամի, «իրաւունքներու պաշտպանութիւն առանց սահմաններու» եւ Թրութա Հաունտզ կազմակերպութիւններուն կողմէ պատրաստուած միացեալ «Ինչո՞ւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայեր չկան» զեկուցումի ամփոփագիրը:

Զեկուցումը կը փաստէ, թէ Արցախի բնակչութիւնը ինչպէ՛ս Ազրպէյճանի կողմէ միտումնաւոր ենթարկուած է պարբերական յարձակումներու, շրջափակման եւ ահաբեկման, որոնց պատճառով Արցախի հայ բնակչութեան հիմնարար իրաւունքները կոպտօրէն խախտուած են` զրկելով վերջինս տարրական կենսապայմաններէն:

Փաստահաւաք առաքելութեան ընթացքին հաւաքագրուած խորքային վկայութիւններու եւ բաց աղբիւրներու մէջ գոյութիւն ունեցող տուեալներու հիման վրայ կատարուած վերլուծութիւնը կ՛արտօնէ ցոյց տալ եւ եզրակացնել, որ Ազրպէյճանը միտումնաւր եւ հաշուարկուած գործողութիւններու միջոցով Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը ենթարկած է բռնի տեղահանման եւ ցեղային զտման:

Վկաներու հետ երեք հարիւր երեսունէ աւելի խորքային հարցազրոյցներու ընթացքին արձանագրուած են Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ մարդու իրաւունքներուն, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ միջազգաին քրէական իրաւունքի արժեչափերու կոպտագոյն խախտումներ:

Փաստահաւաք առաքելութիւնը պարզած է` կան բաւարար ապացոյցներ եզրակացնելու, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն գործողութիւնները կը հանդիսանան յանցագործութիւններ, համաձայն Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան, ներառեալ 7-րդ յօդուածի  (մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ) եւ 8-րդ յօդուածի (պատերազմական յանցագործութիւններ), եւ կը համապատասխանեն բնակչութեան բռնի տեղահանման սահմանումին, ինչպէս նաեւ նախկին Եուկոսլաւիոյ տագնապին ծիրին մէջ ՄԱԿ-ի փորձագէտներու կողմէ սահմանուած ցեղային զտումներու չափանիշներուն:

Զեկուցումի ամփոփագիրի շնորհահանդէս-քննարկումը տեղի ունեցած է 1 յուլիսին, «Ֆրիտըմ Հաուզ»-ի կողմէ համակազմակերպուող երրորդ տարեկան «Ժորովրդավարութեան հայկական համախմբում»-ի ծիրին մէջ:

Զեկուցումին ամբողջական տարբերակը պիտի հրապարակուի սեպտեմբեր 2024-ին:

Նախորդը

Ըստ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Ներկայացուցիչներու Հանդիպման Պայմանաւորուածութիւն Ձեռք Բերելէ Ետք Պիտի Ըլլայ Իրազեկում

Յաջորդը

Արցախի Ազգային Ժողովը Կ՛ողջունէ Ամերիկացի Քոնկրեսականներու Կողմէ Ներկայացուած Բանաձեւը

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.