Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զաքի. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ներկայ Մագլցումը Կարելի Չէ Վերահսկողութեան Տակ Առնել, Առանց Կազայի Մէջ Ամբողջական Զինադադարի Հաստատման»

June 29, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Հուսամ Զաքի յայտնեց. «Այցելութիւնս Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին նկատմամբ զօրակցական բնոյթ, եւ երկու բաժին ունի, առաջինը կը վերաբերի մագլցումին հարաւային Լիբանանի մէջ, ուր Լիբանան կը դիմագրաւէ վտանգաւոր մարտահրաւէրներ, որոնք կը վտանգեն անոր ապահովութիւնն ու կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ամբողջ շրջանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը, եթէ հարաւային սահմանին վրայ պատերազմը ընդլայնի»:

Ան այս առումով նշեց, թէ Արաբական լիկան Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին կը զօրակցի` աւելցնելով, որ անիկա Արաբական լիկայի որոշումներով հաստատուած արաբական դիրքորոշում է :

«Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին նկատմամբ յանձնառութիւնը ներկայ մագլցումը վերահսկողութեան տակ առնելու համար կարեւոր է», ըսաւ Զաքի:

Ան նշեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայ մագլցումը կարելի չէ վերահսկողութեան տակ առնել, առանց Կազայի մէջ ամբողջական զինադադարի հաստատման, որ նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ բախումներու դադրեցումը կը ներառէ:

«Երկրորդ բաժինը առաջին բաժինէն ոչ նուազ կարեւոր է եւ կը վերաբերի 19 ամիսներու վրայ երկարած նախագահական թափուր աթոռին», յայտնեց ան` նշելով, որ լիբանանցի ղեկավարներու հետ իր ունեցած բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին յայտնած է, որ պէտք է այս կարեւոր թղթածրարը դուրս բերել իր սառած վիճակէն: Ան բոլորին կոչ ուղղեց ազգային շահերը վեր դասելու որեւէ այլ նկատառումէ եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան սահմանադրական երթին առջեւ ճամբան բանալու:

Զաքի ըսաւ, որ Արաբական լիկան լիովին պատրաստ է օգնելու Լիբանանին` ներկայ դժուար շրջանէն ապահով կերպով անցնելու համար:

Նախորդը

Աղբիւրներ Ամերիկեան «Էն. Պի. Սի.»-ին. Ամերիկան Պատրաստ Է Իր Քաղաքացիները Լիբանանէն Հեռացնելու, Եթէ Իսրայէլ-Հըզպալլա Կռիւը Սաստկանայ

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամները. «Շատոնց Ժամանակն Է Ալիեւի Վարչակարգին Դէմ Պատժամիջոցներ Կիրարկելու»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.