Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամները. «Շատոնց Ժամանակն Է Ալիեւի Վարչակարգին Դէմ Պատժամիջոցներ Կիրարկելու»

June 29, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւններէն խումբ մը երեսփոխաններ հանդէս եկած են միացեալ յայտարարութեամբ` ի պատասխան հայ-ֆրանսական զինուորական համագործակցութեան վերաբերեալ Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ քննադատութիւններուն, բացասական արձագանգին եւ սպառնալիքներուն: Երեսփոխանները իրենց յայտարարութեամբ շեշտադրած են, որ մարտունակ եւ ժամանակակից զէնքերով սպառազինուած բանակ ունենալը որեւէ երկրի գերիշխան իրաւունքն է:

Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին համաձայն, եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները նշած են. «Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի վարչակարգերուն կողմէ Հայաստանի հասցէին հնչած մեղադրանքները, թէ վերջինս Հարաւային Կովկասի մէջ տագնապ կը հրահրէ, անգամ մը եւս կը փաստէ, որ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունի դաւադրութիւն, որ 2023 թուականի սեպտեմբերին յանգեցուցած էր Լեռնային Ղարաբաղի աւելի քան 140 հազար հայերու ցեղային զտման»:

Խորհրդարանականները զարմանք յայտնած են, որ մենատիրական եւ յարձակողապաշտ երկիրները, ինչպիսիք են` Ազրպէյճանն ու Ռուսիան, կը դատապարտեն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիր Ֆրանսան` ձգտելով օգտագործել գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները, հակասութիւնները երկիրներու մէջ կամ երկիրներու միջեւ` իբրեւ սեփական պատեհապաշտ նպատակներուն հասնելու գործիք:

«Ասիկա ոչ մէկ ձեւով կրնայ ընդունելի ըլլալ Եւրոպական Միութեան կողմէ, եւ շատոնց ժամանակն է պատժամիջոցներ կիրարկելու բռնապետական Ալիեւի վարչակարգին դէմ` շրջանային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը խաթարող անոր ապակառուցողական գործողութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման համար: Մենք խստօրէն կը դատապարտենք Պաքուի եւ Մոսկուայի պաշտօնական յայտարարութիւնները եւ Եւրոպական յանձնաժողովին եւ ԱԵԾ-ին կոչ կ՛ուղղենք անյապաղ արձագանգելու այս կացութեան», նշուած է միացեալ յայտարարութեան մէջ:

Միացեալ յայտարարութիւնը ստորագրած են Սլովաքիայէն Միրիամ Լեքսման, Ֆրանսայէն Ֆրանսուա-Կզավիէ Պյլամի, Նաթալի Լուազօ, Ռաֆայէլ Կլիոքսման, Մարքեթա Կրեկորովա, Քրիսթոֆ Կոմար, Սելին Իմար, Լորան Քասթիյօ, Կիպրոսէն Լուքաս Ֆուրլաս եւ Քոսթաս Մաւրիտես, Նետերլանտներէն Պերթ-Եան Ռաուսեն, Լիթուանիայէն Անտրիուս Քուպիլիուս եւ Ռասա Եուքնեվիչիէնէ եւ Շուէտէն Չարլի Վէյմերս:

 

 

 

Նախորդը

Զաքի. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ներկայ Մագլցումը Կարելի Չէ Վերահսկողութեան Տակ Առնել, Առանց Կազայի Մէջ Ամբողջական Զինադադարի Հաստատման»

Յաջորդը

Սոպհանի. «Հայաստանի Հետ Մեր Համագործակցութեան Ձեւաչափը Կախեալ Է Հայաստանի Կառավարութենէն, Իրանը Պատրաստ Է Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ Գործակցելու»

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.