Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հանրահաւաքին Պիտի Յայտարարուի Վարչապետի Թեկնածուին Անունը» Յայտարարեց Բագրատ Սրբազան

May 24, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով փողոց դուրս եկած Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանը երէկ խոստացաւ կիրակի օր սպասուող հանրահաւաքին փակագիծեր բանալ:

«Պիտի իմանան, թէ ո՛վ է վարչապետի թեկնածուն, պիտի իմանան, թէ ի՛նչ ծրագիր կայ, պիտի իմանան, թէ ինչպէ՛ս յառաջ պիտի երթանք, ինչպէ՛ս իշխանութիւնը պիտի փոխանցուի», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին ի պատասխան ըսաւ ան:

Բագրատ արք. Գալստանեանը, որ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով շարժումին սկսած էր 9 մայիսէն, ըսաւ, որ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը պայքարի երրորդ փուլը կը թեւակոխէ: Իսկ ի՞նչ կ՛ենթադրէ այդ փուլը` մասնագիտական խումբերու հետ հանդիպումներու շարունակութի՞ւն, թէ՞ որոշակի  քայլեր կառավարութեան հրաժարականին հասնելու համար: «Գործողութիւնները, նոր թեկնածուները, հին թեկնածուները, բոլորը երրորդ փուլին մաս կը կազմեն: Ինչ ճամբով որ ընթացքը երթայ, ամսուն 26-ին մանրամասն պիտի խօսուի ատոր մասին, ինչո՞ւ կ՛ուզէք, որ 3-4 օր առաջ ըսեմ, որ մարդիկ ալ պատրաստուին», նշեց ան:

Տաւուշի թեմի առաջնորդը վստահեցուց, որ հաւանական բոլոր տարբերակները կը քննարկուին` պատգամաւորներու լիազօրագիրներէն հրաժարիլը, վարչապետին անվստահութիւն յայտնելը. «Մենք ունինք քայլերու յաջորդականութիւն եւ ռազմավարութիւն, որոնք զուգահեռ կ՛ընթանան», ընդգծեց Բագրատ սրբազան, որ երէկ հանդիպում ունեցաւ մեծ թիւով հայրենադարձներու հետ:

 

Նախորդը

Կիրանցիները Կը Քանդեն Ու Կը Հրկիզեն Իրենց Սեփականութիւնը Ազրպէյճանին Յանձնելէ Առաջ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (24 Մայիս 2024)

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.