Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն. «Վաղը Կազայի Մէջ Զինադադար Պիտի Ըլլայ, Եթէ Համաս Գերիները Ազատ Արձակէ»

May 13, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կարծիքով` Կազայի մէջ «վաղը զինադադար պիտի ըլլայ, եթէ Համաս գերիները ազատ արձակէ»:

«Իսրայէլ յայտնեց, որ հարցը ձգուած է Համասի կամքին, եւ կրնայ հարցը վաղը փակել, եւ զինադադար պիտի սկսի», նշեց ան:

Նշենք, որ Համաս համաձայն գտնուած էր եգիպտական առաջարկին, որ Կազայի զինադադար եւ գերիներու ազատ արձակում կը ներառէ, սակայն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մերժեց զայն:

Համաս այս առումով յայտնեց. «Նեթանիահուի վարմունքին, միջնորդներու փաստաթուղթը մերժելուն, Ռաֆահի վրայ յարձակումին եւ սահմանային անցքի բռնագրաւման լոյսին տակ, շարժումի ղեկավարութիւնը պաղեստինեան դիմադրութեան խմբաւորումներու ղեկավարներուն հետ խորհրդակցութիւններ պիտի կատարէ` բանակցային իր ռազմավարութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու համար»:

«Ժազիրա» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր կարգին յայտնած է. «Մեր տեղեկագիրները եզրակացուցին, որ Իսրայէլ երբեմն Կազայի մէջ միջազգային մարդասիրական օրէնքին ոչ համահունչ կերպով վարուեցաւ»:

Մինչ այդ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց. «Պէտք եղած ամէն բան պիտի ընենք Համասը պարտութեան մատնելու եւ պատանդները Կազայէն վերադարձնելու համար», Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն ըսաւ. «Աւելի քան մէկ միլիոն քաղաքայիններ Ռաֆահ մղուած են, եւ մեծ աղէտ պիտի պատահի, եթէ Իսրայէլ այդտեղ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծէ»:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոն իր կարգին յայտնեց, որ Իսրայէլ պէտք չէ Ռաֆահի վրայ յարձակում գործէ` առանց քաղաքայինները պաշտպանելու «յստակ ծրագիր» ունենալու:

Քամերոն «Սքայ Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Ռաֆահի մէջ մեծ յարձակում գործելու համար պէտք է բացարձակապէս յստակ ծրագիր ըլլայ` ինչպէ՛ս պաշտպանել մարդոց կեանքը, ինչպէ՛ս հեռացնել մարդիկը ճամբէն, ինչպէ՛ս համոզուիլ, որ զանոնք կը կերակրեն, որ ունին դեղորայք, ապաստան եւ մնացեալ ամէն ինչ»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել քննադատեցին Իսրայէլը` պաղեստինցիները Ռաֆահէն տեղահանելու կոչերու համար:

Ըստ Պորելի, մասնաւորաբար անընդունելի է քաղաքայիններուն ստիպել Ռաֆահէն անապահով շրջաններ հեռանալ:

«Իսրայէլը, միջազգային օրէնքին համաձայն, պարտաւոր է ապահովել խաղաղ բնակչութեան անվտանգութիւնը: Մենք կը շարունակենք Իսրայէլին կոչ ուղղել` չշարունակելու Ռաֆահի մէջ ցամաքային գործողութիւնը: Ասիկա առաւել եւս պիտի խորացնէ առանց այն ալ ծանր մարդասիրական ճգնաժամը», նշուած է Պորելի` «Էքս»-ի վրայ հրապարակուած կոչին մէջ:

Շարլ Միշել իր կարգին յայտարարեց. «Ռաֆահի թակարդին մէջ յայտնուած քաղաքացիները անապահով տարածքներ տարհանելու հրամանները անընդունելի են»:

«Մենք Իսրայէլի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք յարգելու միջազգային մարդասիրական օրէնքը եւ վճռականօրէն անոնցմէ կը խնդրենք Ռաֆահի մէջ ցամաքային գործողութիւն չկատարել: Անցակէտերը պէտք է ամբողջական կերպով գործեն եւ արտօնեն անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւն հասցնել Կազայի մէջ մոլեգնող սովի պայմաններուն մէջ», «Էքս»-ի վրայ գրած է Միշել:

Ըստ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարին, բոլոր ջանքերը պէտք է ուղղուած ըլլան կայուն զինադադարի շուրջ համաձայնութեան հասնելուն:

«Եւրոպական Միութիւնը հաւատարիմ է արդար եւ համապարփակ խաղաղութեան` հիմնուած երկու պետութիւններու մասին լուծման վրայ:

«Պաղեստինի կենսունակ պետութեան ստեղծումը այս առումով առանցքային գործօն է` Իսրայէլի հետ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պայմաններուն մէջ, ինչպէս արտացոլած է ՄԱԿ-ի բանաձեւին մէջ», գրած է Միշել:

Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակը վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութիւնը կ՛ամբաստանէ Կազայի մէջ մարտական ձեռքբերումները քաղաքական յառաջընթաց ապահովելու համար չօգտագործելու յանցանքով»:

«Բանակի գնահատականները ցոյց կու տան, որ Կազայի մէջ ձեռքբերումները կրնան գերիները վերադարձնելու վերաբերեալ բանակցութիւններու ձախողումով մաշիլ», նշեց կայքը:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ մտադիր է պաշտօնապէս աջակցիլ Հարաւային Ափրիկէի Միջազգային քրէական դատարանին մէջ Իսրայէլի դէմ ներկայացուցած հայցին:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պատուաբեր Արդիւնքով Փակեց Ախոյեանութեան Մրցումները

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.