Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Ազրպէյճանի Կողմէ Պատրաստուած Փաստաթուղթի Հիման Վրայ»

May 3, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանը աշխուժօրէն կ՛աշխատի խաղաղութեան հասնելու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ 1 մայիսին Պաքուի մէջ Միջմշակութային երկխօսութեան խնդիրներուն նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովի բացումին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: Անոր համաձայն, «բանակցութիւնները կ՛ընթանան այն փաստաթուղթի հիման վրայ, որ պարտաստած է Ազրպէյճանը»:

«Մեկնարկած է սահմանազատումը, ոչ միայն սահմանազատումը, այլ նաեւ սահմանագծումը», նշած է Ալիեւ` ընդգծելով, որ Երեւանն ու Պաքուն այդ համաձայնութեան կրցած են հասնիլ առանց միջնորդներու:

«Ատիկա անգամ մը եւս կը վկայէ, որ մենք միջնորդներու կարիք չունինք: Միջնորդները բացառապէս իրենց շահերով կ՛առաջնորդուին: Անոնց նպատակը ոչ թէ (կողմերուն) օգնելն է,  այլ շրջան ներթափանցելը` յանուն իրենց քաղաքական ու տնտեսական շահերուն: Անոնք (Հարաւային Կովկասը) կրկին հրկիզելու ցանկութիւն ունին: Մենք ատիկա պիտի չարտօնենք», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով Վատիկանի «Սերվիցօ Ինֆորմացիոնէ Ռելիճիոզա» լրատուամիջոցին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Անհրաժեշտ է ընդգծել, որ շուրջ երկու տարի առաջ ինքնին Ազրպէյճանը խաղաղ բանակցութիւններու եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի նախաձեռնած էր, եւ այդ ժամանակէն ի վեր խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ կարեւոր յաջողութիւններ արձանագրուած են:

«Այսօր մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանի հետ միասին պիտի կարենանք քաղաքական միջոցներով եւ համեմատաբար կարճ ժամանակահատուածի մէջ հասնիլ դրուած բոլոր նպատակներուն»:

Նախորդը

Փաթել. «Մենք Պիտի Շարունակենք Հաւատալ, Որ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութիւնը Կարելի Է, Եւ Մենք Պիտի Շարունակենք Այդ Ուղղութեամբ Աշխատիլ»

Յաջորդը

Ոստիկանութիւնը Բերման Ենթարկեց Կիրանցի Ճանապարհը Փակողները

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.