Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փասքալ Սլէյման Հողին Յանձնուեցաւ

April 15, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթավերջին Լիբանան հրաժեշտ տուաւ վերջին օրերուն առեւանգուած ու սպաննուած լիբանանցի Փասքալ  Սլէյմանի ճակատագիրին գծով  դրսեւորուած անհիմն տեղեկութիւններուն:

Արդարեւ, անցնող ուրբաթ օր, Սլէյմանի հարազատներն ու բարեկամները խուռներամ բազմութեամբ հողին յանձնեցին անոր անշնչացած մարմինը, աւարտելէ ետք բժշկական անհրաժեշտ քննութիւնները: Փասքալ Սլէյմանի թաղման կարգին հանդիսապետեց մարոնիներու  Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ իր պատգամին մէջ բարձր գնահատեց հանգուցեալի կնոջ` Միշլին Ուեհպէի ցուցաբերած ողջմտութիւնն ու գիտակցութիւնը` ցցուած դառն ու ողբալի կացութեան դիմաց: Նշենք, որ հանգուցեալին կինը, հակառակ իր կրած սուգին, կոչ ուղղեց համակիրներուն հեռու մնալու վրէժխնդրական արարքներէ:

Նմանապէս, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան Ժիպէյլի պատասխանատու եւ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան արհեստագիտական բաժանմունքի պատասխանատու Փասքալ Սլէյմանի անակնկալ ու դաժանաբար սպանութիւնը դատապարտումի մեծ ալիք բարձրացուց անոր հարազատներու, բարեկամներու եւ կուսակիցներու շրջանակին մէջ: Միաժամանակ, սակայն, կարգ մը կողմեր քննադատեցին այս առիթով կարգ մը պատեհապաշտներու հրահրիչ կեցուածքները, որոնք կը փորձէին «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ»: Սլէյմանի բարեկամներն ու կուսակից պատասխանատուներ իրենց կարգին բուռն կերպով դատապարտեցին ոճրային արարքը, զանազան հարցադրումներ արծարծելով անոր սպանութեան թուականին, պայմաններուն եւ հետապնդած նպատակներուն գծով` ընդգծելով, որ Փասքալ Սլէյմանի սպանութիւնը պարզ ոճիրէն անդին քաղաքական ահաբեկչութիւն է, սպասելով առնչակից հետաքննութեանց եզրայանգումին:

Նախորդը

Բագրատունի. «Պատերազմը Ոչ Մէկ Օր Լուծում Եղած Է Տագնապներուն»

Յաջորդը

Ֆորմենթինի. «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տեղի Ունեցածը Հայերու Ցեղային Զտում Է»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.