Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Այս Տարուան Երրորդ Թիւը

April 8, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առցանց հրապարակուեցաւ «Դրօշակ»-ի 2024 թուականի մարտի թիւը, որուն «Առաջնորդող»-ին խորագիրն է` «Ոտատակ ընկած Նիկոլ, ոտատակ եղող Հայաստան», ինչ որ ճշգրտօրէն կ՛արտայայտէ այսօրուան Հայաստանի ղեկավարին քաղաքական վարքը, որուն իբրեւ հետեւանք ալ աշխարհաքաղաքական վտանգաւոր գործընթացներու յորձանուտի մէջ ընկղմող մեր երկիրն է:

Թիւին մէջ տպուած է նաեւ քանի մը օր առաջ ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյին այն յայտարարութիւնը, որով ան անդրադարձաւ իշխանութիւններու կործանարար քաղաքականութեան, մասնաւորապէս` Արցախէն ետք այժմ ալ Հայաստանէն տարածքներ զիջելու անհեռատես եւ անպատասխանատու գործունէութեան:

Եթէ իշխանութիւնները ամէն ճիգ ու ջանք ի գործ կը դնեն` փակելու, մոռացութեան մատնելու Արցախ էջը, ապա ազգային եւ բանական հայ մարդկանց համար անընդունելի պէտք է ըլլայ ազգային շահերու ոտնահարման այս բացայայտ դաւաճանական քայլը: «Դրօշակ»-ի այս թիւի քանի մը յօդուածով անդրադարձ կը կատարուի Արցախի հարցին իրաւաքաղաքական տեսանկիւնէ` քննելով թէ՛ այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապաստանած արցախահայութեան առջեւ ծառացած իրաւական բնոյթի խնդիրները, թէ՛ անդրադառնալով Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն: Այս շարքին մէջ ուշագրաւ է նաեւ պատմաբան Արմէն Մարուքեանի յօդուածը, որ անդրադարձ է միջազգային ասպարէզի մէջ Արցախի հարցի հետապնդման իրաւական հիմքերուն:

Նկատի ունենալով, որ ապրիլ 24-ի սեմին ենք, Ցեղասպանութեան եւ անկէ բխող Հայ դատի խնդիրները երբեք պէտք չէ դուրս մնան հայկական օրակարգերէ:

«Դրօշակ»-ի այս թիւով քանի մը հեղինակներ տարբեր դիտանկիւններէ անդրադարձած են այս չսպառող ցաւոտ նիւթին:

«Դրօշակ»-ի «Ընկերական զրոյցներ»-ու շարքը մնայուն կերպով ներկայացնող գրող-հրապարակագիր Վրէժ Արմէնը այս անգամ կ՛անդրադառնայ երեւոյթի մը, զոր կարելի է կոչել «Հասարակական մեր կեանքը կարգաւորող կանոններ»` մասնաւորեցնելով ըսելիքը «Մեր ինքնութեան պահպանման» կանոններու եւ թելադրանքներու վրայ:

Ինչպէս միշտ, ընթերցողը ակնարկուած նիւթերուն կողքին կը գտնէ այլ հետաքրքրական յօդուածներ եւս: «Դրօշակ»-ի 2024-ի երրորդ թիւը համացանցին վրայ կրնաք կարդալ droshak.am հասցէով:

 

Նախորդը

Զանգակատան Յարատեւ Ղօղանջը…*

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Ոտատակ Ընկած Նիկոլ, Ոտատակ Եղող Հայաստան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.