Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Հնգեակի Դեսպանները Այցելեցին Զօր. Աունի Եւ Ժահժահի

March 20, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահական ընտրութեան հարցով Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին մաս կազմող երկիրներու Լիբանանի մէջ դեսպանները երէկ այցելեցին հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի:

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի, Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա եւ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Ալ Թանի կէսօրին Ռապիէի մէջ հանդիպում մը ունեցան զօր. Աունի հետ:

Հանդիպումէն ետք Մուսա յայտնեց, որ դեսպաններու պատուիրակութեան այս այցելութիւնը կատարուած է նախ Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ զօր. Աունի խորհրդանշական ըլլալուն համար, իսկ երկրորդ` գնահատելով անոր փորձառութիւնը:

Մուսա նկատել տուաւ, որ իրենք յանձնառութեամբ լսած են զօր. Աունի խորհուրդները եւ անոր ներկայացուցած հետագային առնելիք իրենց քայլերուն ծրագիրն ու յառաջիկայ քանի մը օրերուն հնգեակին որդեգրելիք ուղեգիծը, որ պիտի առաջնորդէ մինչեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն:

«Զօր. Աուն մեզի բազմաթիւ եւ կարեւոր խորհուրդներ ու խրատներ փոխանցեց: Անոնք օգտակար պիտի ըլլան հնգեակին` քաղաքական տարբեր ուժերուն հետ անոր ունենալիք հանդիպումներուն ընթացքին», ըսաւ Մուսա:

Մեհրապի Մէջ

Կէսօրուան ժամը 1:00-ին, հինգ դեսպաններէ կազմուած պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Մեհրապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Սամիր Ժահժահի հետ:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ հնգեակին նպատակը բարի է եւ անիկա նախագահական ընտրութեան գործընթացի իրագործումն է` աւելցնելով, որ ինք յստակ ըսած է դեսպաններուն, թէ Դիմադրութեան առանցքը եւ անոր ստեղծած արգելքներն են, որոնք կ՛արգելակեն հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կայացումը:

Ժահժահ նշեց, որ Դիմադրութիւնը եւ անոր առանցքը կը մերժեն նախագահական ընտրութիւն կատարել:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժերը պատրաստ չեն սահմանադրութիւնը խախտելու կամ շրջանցելու զայն, որպէսզի Հըզպալլայի հետեւորդ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրուի:

 

Նախորդը

Պէյրութի Մէջ. Պրազիլի Արտաքին Գործոց Նախարարը Քննարկեց Տեղական Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

«Տաւուշի Մարզը Զարգացման Մեծ Կարելիութիւններ Ունի» Կ՛ըսէ Չինաստանի Դեսպանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.