Տաւուշի մարզպետ Հայկ Ղալումեան 19 մարտին ընդունած է Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ն.Գ. Ֆան Եոնկը:
Հանդիպումի ընթացքին մարզպետը դեսպանին ներկայացուցած է համագործակցութեան հաւանական ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ միացեալ ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւնները: Քննարկուած են նաեւ Տաւուշի մարզին մէջ կրթութեան ոլորտի, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղուած հարցեր:
Դեսպանը իր խօսքին մէջ վստահեցուցած է, որ այս ոլորտներուն զարգացումը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ, որովհետեւ Տաւուշի մարզը զարգացման մեծ կարելիութիւններ ունի:
Դեսպան Ն.Գ. Ֆան Եոնկ շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար, նշած, որ ուրախ է կրկին այցելելու Տաւուշի մարզ:
Հանդիպման աւարտին ներկաները իրարու յանձնեցին յուշանուէր` ի նշան բարեկամութեան, որմէ ետք այցելեցին Վազաշէնի եւ Ենոքաւանի դպրոցներ, ուր Չինաստանի դեսպանատան աջակցութեամբ իրականացուած են շարք մը ծրագիրներ:


