Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 20, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 8000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 8000 լ. ոսկիով, պիւթակազին սակը նուազած է 6000 լ. ոսկիով, իսկ մազութին սակը մնացած է անփոփոխ: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.672.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.710.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.548.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 940.000 լ. ոսկի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան հարցի լուծումը կարելի է ապահովել ուղղուելով խորհրդարան եւ ընտրելով հանրապետութեան նախագահը` համաձայն սահմանադրութեան 95-րդ յօդուածին եւ իրերայաջորդ նիստերու ընդմէջէն:

ՄՇԱԿՈՅԹի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերիի հետ, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Հանդիպումին ընթացքին Մուրթատա յայտնեց, որ Իտալիա միշտ փաստած է, թէ Լիբանանի նկատմամբ մտերմութիւն տածող երկիրներէն է:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ Եարզէի մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Ռազի Հաժը, Մոհամետ Սլէյմանն ու Ապտել Ազիզ Սամատը, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխաններ Սելիմ Սաատէն եւ Ֆատի Աուարը: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր իրադարձութիւններն ու վերջին զարգացումները:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան կոչ ուղղեց ազգային միասնականութեան եւ համագործակցութեան` քաղաքական եւ տնտեսական, ինչպէս նաեւ երկրագործական թղթածրարներուն շուրջ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակը յոյս կը ներշնչէ, իսկ նախագահական դատարկութեան փուլին պատասխանատուութիւնը կը վերաբերի շիի երկեակին, որ կ՛արգիլէ սահմանադրութեան գործադրութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ արձանագրուող շրջանային զարգացումները, մասնաւորաբար` Կազայի եւ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներն ու Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը: Միւս կողմէ, Ժեմայէլ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց հետեւեալը. «Եթէ Հըզպալլա նախագահական ընտրութեան երրորդ թեկնածուի մը շուրջ քննարկում կատարելու պատրաստակամութիւն յայտնէ, ապա անոր հետ երկխօսութեան կը նստինք»:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էտի Մաալուֆ, պատասխանելով Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի յայտարարութեան, ըսաւ. «Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ոչ պահանջած է եւ ոչ ալ կը պահանջէ ընդդիմութեան մաս կազմել»:

 

Նախորդը

Քաթար. «Տակաւին Կանուխ Է Բանակցութիւններուն Մէջ Որեւէ Բեկումի Մասին Խօսելու, Սակայն Այդ Առնչութեամբ Լաւատես Ենք»

Յաջորդը

Իսրայէլեան Բանակը Շարունակեց Ռմբակոծել Հարաւային Սահմանագիծը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.