Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Վարագոյրին Ետեւ Մայր Քաղաք Անի

March 20, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԷՔԵԱՆ

Ո՛չ թէ արմատը, արմատին փոշին մնաց
Կանաչը անհետացաւ, կարմիր հողը մնաց
Ծանրակիր պարիսպները` քարացած յաղթանդամ պահակներ
Այլեւս շարժում չդիմագրաւեցին,
Նժոյգներու եւ նետերու թափը հեռուն կասեցաւ
Եւ Արեւը դարձուց էջը կոթողական մայրաքաղաքին:

Ո՛չ թէ պատարագը, եկեղեցի՛ն մնաց
Միւսները փլան, Մայր Տաճարը մնաց,
Իսկ անանուն հովիւին նուիրուած մատուռին
Սիրտը կէսէն ճեղքուեցաւ
Երբ կը գոռգոռար երկրաշարժը երկիրասպան
Գալարաթափ գետը ուժաթափուեցաւ:

«Անի քաղաք նստեր կու լայ
Չկայ ըսող  մի՛ լար մի՛ լար»
Հողէն երկինք լարեր լարած
Իշխաններու, հողագործներու,
Նախարարներու, ճարտարապետներու
Ճոխ ու հնչեղ կեանքերուն կորուստը մեղմ նուագեց:

Դարե՜ր անցան
Կայտռուն արեւը իր տարիքը առաւ.
Հայերը գիտէին որ Անի քաղաքը
Որուն առասպելը երբեք չսահեցաւ
միայնակ մնաց թշնամիին դիմաց,
Հողը գլուխը ծռած էր, բայց ոչ` խոնարհած
Քամիներով ու հրկիզուն ճառագայթներով շաղախուած
Պառկած էր:

Սակայն ամէն գիշեր վերէն աստղերը
Լոյս կու տային ու ջերմութիւն, յոյս կու տային, յուշապատում,
Բրդագանգուր գառնուկները հալած էին
Առաւօտները կարաւանի պէս դանդաղ դանդաղ կ՛երթային:

Բայց Արեւր մնաց
Բացաւ մատեանը եւ էջը դարձուց:
Շարան շարան հասան ժառանգորդները
Եղերնալուր քաղաքին,
Թագերն ու ոսկիները խառնուած էին հողի գիրկին,
Վիհեր կային բաց աչքերով
Ջուրեր կային անձայն երգով.
Հոգի՛ դարձած մարդիկ եկան
Չոր լացի լաթերու մէջ փաթթուած,
Բազմաթիւ խորածածկ տուներ կային
արգանդը դատարկուած
կոպերը  քակուած:

Հոգետարածք էր ու հոգետուն էր,
Հետզհետէ եղանակը եղանակներուն` կեանքի նշան էր
Մայր տաճարը` ուխտաւորին սեղմեց կուրծքին,
Գմբեթը վիրաւոր էր
Բայց թեւերուն` ամուր բռնած հայու հոգին
Վեր բարձրացուց ու ցոյց տուաւ տիեզերքի արարիչին
Թէ ի՛նչ աղէտ ալ պատահի,

Ի՛նչ ճակատագիր ալ հարուածէ
Ըլլայ կեանքի խզում թէ այրիութիւն երկրի
Ամայութիւն բռնի թէ կործանում ներկայի`
Իր զաւակները իր արիւնէն սերած
Իր կարօտով սնած
Պատմութեան խորհուրդը սրտացուցած
Ահա պիտի գան իր մօտ
Շարականներ խնկեն ու ակնածանք սփռեն:=
Սպասելէ պարտասուն պառկած էր ան գետնին
Թեւերը պահեց բարձր ու ցոյց տուաւ Աստուծոյ
Թէ սերունդներ եկան օր մը երանաբաղձ
Համբուրեցին զինք ու խոկացին անձայն:

Գետը փռնգտաց
Վիհը աչքերը շփեց
Պարիսպը դռները բացաւ
Վերադարձաւ հայը իր պապերուն տունը
Մօրենական գիրկը:

Չփակուեցաւ գիրքը:

 

 

 

 

 

Նախորդը

«Օսքար»-ի Արժանացած Կարճամեթրաժ Վաւերագրական Ժապաւէնին Մէջ Կայ Դրուագ` Պաքուի Հայերու Ջարդերու Մասին

Յաջորդը

Ղօղանջ Մթագնումի

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.