Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղքայլ Կամ Ժամանակ Շահելու Մարտավարութիւն

March 6, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խոստացուած խաղաղութեան պայմանագիրը կ՛ուշանայ: Պայմանագիրի խմբագրումը տակաւին չէ իրականացած ու կողմերը, զայն վերջնական տեսքի բերելու համար կը փոխանակեն առաջարկներ: Գրեթէ տարի մը առաջ ըսուած էր, որ խմբագրումը կայացած է, բացի քանի մը կէտերէ: Կը յուշուէր միաժամանակ, որ չհամաձայնեցուած կէտերը էական չեն: Այժմ հետզհետէ կը պարզուի, որ այդ կէտերը կը վերաբերին, բացի «Զանգեզուրի միջանցքի» կարգավիճակէն, Հայաստան անունով ծանօթ լեռնաշխարհին սահմանումին: Ազրպէյճան վտանգաւոր կը համարէ որեւէ նշում, որ ներկայ Հանրապետութեան սահմաններէն (այն ալ թէական) դուրս հողամասերու կը վերաբերի: Չի գոհանար Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեամբ, որ Հայաստան հողային ոչ մէկ պահանջ ունի իր դրացիներէն եւ թէ ապագային ալ պիտի չունենայ: Կ՛ուզէ, որ այս խոստումը միայն խոստում չմնայ, այլ ստանայ օրինական վաւերականութիւն: Այդ վաւերականութեան համար անհրաժեշտ է, որ ոչ միայն ընթացիկ քաղաքականութեան մէջ մոռցուին պահանջատիրական նկրտումները, ինչ որ արդէն իրականացած է, այլ նաեւ Սահմանադրութենէն ջնջուին Ցեղասպանութեան եւ Հայ դատին հետ աղերս ունեցող բոլոր նշումները:

Այդ տեսակի նշումները կը պատկանին Սահմանադրութեան անփոփոխելի յօդուածներուն: Անոնց փոփոխութիւնը Ազգային ժողովի միջոցով անկարելի է, իսկ հանրաքուէով` թէական: Ուրեմն անհրաժեշտ է, ինչպէս Նիկոլ Փաշինեան կ՛ըսէ, Չորրորդ Հանրապետութիւն մը հիմնել` բոլորովին նոր Սահմանադրութիւն մը ընդունելով: Պատմութեան հետ, հինի ու նոյնիսկ անմիջական նախորդներուն հետ ամէն կապ խզած հիմնական օրէնք մը: Հայերը, անոնց շուրջ մէկ երրորդ հատուածը աւելի ճիշդ, 2018-ին նոր պետութիւն մը հիմնած է: Նախապէս Հայաստան գոյութիւն չէ ունեցած. այդ անունով սխալմամբ կոչած են անորոշ հողամաս մը, ուր ապրած են օտարերկրացի ծագումով հայեր:

Ազերիական պահանջին գոհացում տալու համար անհրաժեշտ էր նախապատրաստական աշխատանքի ձեռնարկել: Նամակագրական բանակցութիւններով ժամանակ շահելով, հարկ էր հայ մարդոց մտքերը նախապատրաստել, հերթով հրապարակելով քաղաքացիներու ձգտումները նոր հունաւորումի ենթարկող մտքեր: Այսպէս, Արարատ լեռը Արագածով փոխարինելու գաղափարը, զինանշանի փոփոխութեան միտքը, քայլերգի անյարմարութեան նշումը, Հայոց պատմութիւնը Հայաստանի պատմութեամբ փոխարինումը, դասագիրքերէն ազգային գաղափարներու վտարումը եւ ընդհանրապէս Հայոց պատմութեան նենգափոխումը, դպրոցներէն ու հանրային վայրերէն պայքարի խորհրդանիշներու հեռացումը, եւ վերջապէս` հայրենիքը պետութիւնն է գաղափարի ժողովրդականացումը: Հայերս, Քրիստոսէ առաջ երկրորդ դարուն պետութիւն չենք հիմնած, այլ արդէն քսաներեք դարերէ ի վեր զբաղեր ենք պետականութեան ժխտումով: Այժմ, եկած է ժամանակը պետականակեդրոն մտածողութիւն ունենալու եւ 29800 քառ. քմ-ի վրայ կերտելու Հայաստանի առաջին եւ միակ անկախ պետութիւնը:

Պետականութեան կայացման ու ամրացման դէմ չենք: Սակայն ինչո՞ւ այդ կայացումը պիտի հակադրենք նոյնիսկ հեռաւոր անցեալի պետական կազմաւորումներուն: Ի՛նչ իրաւունքով, գալիք սերունդներուն կողմէ ամբողջական հայրենիքի տեսիլքը իրականացնելու կարելիութիւնը արգելակենք: Քաղաքացիները ընտրեր են այս իշխանութիւնը տուեալ ժամանակի մը համար. ոչ մէկ իշխանութիւն յաւիտենական է, ուրեմն չի կրնար ապագայի հաշուոյն մշտնջենական որոշումներ կայացնել եւ ազգի ճակատագիրը կանխատեսել:

Ներկայ իշխանութիւնները իրենց նախընտրական ծրագիրին մէջ այժմ կատարածին հակոտնեայ նպատակներ արձանագրած էին: Տարբեր բան կը քարոզէին: Հիմա, քանի որ յայտնապէս անկարող են իրագործելու իրենց խոստացածը, թող պարկեշտութիւնը ունենան խոստովանելու իրենց ձախողումը եւ հեռանան: Քանի որ, ինչպէս կ՛ըսէ ժողովրդային առածը, բան մը մտածել եւ այլ բան ըսելն ու ընելը անբարոյութեան վատթարագոյն տեսակն է:

 

 

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հաստատութեան. «Տարեց Մը Որդեգրել»-ու Ծրագիրի Մեկնարկ

Յաջորդը

Աղջկանց 2025-ի Եուրոյի Զտումներ. Ախոյեան Անգլիա` Դժուար Խմբակի Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.