Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլա Կը Կանխարգիլէ Դէպի Լիբանան Իսրայէլեան Ցամաքային Ներթափանցում Մը

March 5, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ արձանագրուած բախումները` Հըզպալլայի եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ, շարունակուեցան նաեւ երէկ` ստանալով տարբեր թափ մը, որուն շրջագիծին մէջ իսրայէլեան ուժերուն մէկ խումբը դէպի Լիբանան ցամաքային ներթափանցում մը կատարեց:

Իսրայէլեան բանակը ֆոսֆորային հրթիռներով ռմբակոծեց Այթա Շաապ, Քֆարքիլա, Պլիտա, Մերժահիուն, Ուազզանի, Նաքուրա, Տհայրա, Շիհին, Պայեատ հովիտ, Հուլա եւ Մարքապա շրջանները:

Նշենք, որ Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կիրակի 3 մարտէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին Ռըմէյշի հանդիպակաց Քաթմունի հովիտէն իսրայէլացի խումբ մը զինուորներ փորձեցին ցամաքային ներթափանցում մը կատարել Լիբանան, սակայն Դիմադրութեան մարտիկները հրթիռակոծեցին զանոնք` պատճառելով մարդկային վնասներ եւ արգիլելով թշնամիին ներթափանցման գործողութիւնը:

Այլ հաղորդագրութեամբ մը, Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան «Կոլանի» ընտրանի զինուորական փաղանգէն խումբ մը փորձած է դէպի Լիբանան ներթափանցում կատարել Խըրպեթ Զըրհիթի կողմէն:

«Կոլանի»-ի խմբակը թիրախ դարձած է ականի մը պայթումին եւ ապա հրետակոծուած է Հըզպալլայի մարտիկներուն կողմէ, որոնք ուղղակի հարուածներ արձանագրած են:

Դիմադրութեան մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մալիքիէ զինուորական դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռուէյսեթ Ալամ դիրքը` օգտագործելով հակահրասայլային հրթիռներ, որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ քանդեցին հոն գտնուող սարքերը:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռամթա դիրքը, ուր կը գտնուէին իսրայէլացի զինուորներ:

Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին բռնագրաւուած Քֆարշուպայի բարձունքներուն վրայ գտնուող իսրայէլեան Սըմմեքայի դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Նախորդը

Քըրըմ. «Համացանցի Ապօրինի Ծառայութիւնը Զսպելով` Կրնանք Պետական Գանձարկղին 60 Միլիոն Տոլար Ապահովել»

Յաջորդը

Պէյրութի Մէջ. Հոքշթայն Կը Քննարկէ Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Զինուորական Գործողութիւնները Կասեցնելու Դիւանագիտական Ճիգերը

RelatedPosts

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Պիտի Չընդունինք Որեւէ Գործարք, Որ Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Շահերը Կը Խաթարէ»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.