Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Լըպրոն Ճէյմս Պիտի Բացակայի Ուորիըրզի Դէմ Մրցումէն

February 23, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն ընթացքի մէջ գտնուող այժմու խումբերը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ իրար դէմ պիտի մրցին այս գիշեր, բայց Լէյքըրզ եւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան լաւագոյն աստղերէն Լըպրոն Ճէյմս պիտի բացակայի կռունկի ցաւ ունենալուն պատճառով: Երկու խումբերն ալ կը մրցին փլէյ օֆի մտնելու եւ այժմ կը գտնուին 9-10 դիրքերուն վրայ, դիրք մը, որ կրնան մտնել փլէյ-ին զտումներու (որմէ ետք կրնան մտնել փլէյ օֆ):

Լէյքըրզ 3 յաջորդական մրցումներ յաղթած էր Տենվըր Նակեթցէն պարտուելէ ետք, եւ 3 մրցումներ յաղթած Տենվըրի մրցումէն առաջ ալ: 39 տարեկան Ճէյմս «Օլ Սթար»-ի մրցումին ալ կռունկի բորբոքումներ ունէր եւ միայն 14 վայրկեան մասնակցեցաւ: Երէկ Լէյքըրզ հաստատեց, թէ Լըպրոն պիտի «նստի» Կոլտըն Սթէյթի դէմ մրցումին, մինչ յաջորդող մրցումներուն` Սան Անթոնիօ Սփըրզի եւ Ֆինիքս Սանզի դէմ մրցումներուն հաստատ լուր մը չկայ իր մասնակցութեան գծով:

«Կարեւորագոյն բանը ինծի համար առողջութիւնս է. ո՞ւր եմ հիմա, եւ մեր խումբը ո՞ւր է հիմա», ըսաւ Լըպրոն` աւելցնելով. «Ճիշդ ուղղութեան վրայ ենք, յստակօրէն մեր խումբը տարեշրջանի սկիզբէն ի վեր առողջութեան հարց ունի: Փորձենք լաւագոյնը ընել խումբին բարելաւումին համար»:

Ճէյմս բաւական առողջ էր 27 յունուարին, երբ Լէյքըրզ 145-144 արդիւնքով յաղթած էր Կոլտըն Սթէյթի դաշտին վրայ, ուր ան 36 կէտ, 12 էսիսթ եւ ասպարէզի մրցանիշ` 20 ռիպաունտ ձեռք ձգած էր, մասնակցելով 58 վայրկեաններէն (երկարաձգումներուն հետ) 48-ին:

Ուորիըրզ այդ պարտութենէն ետք իր 10 մրցումներէն 8-ն յաղթանակով աւարտեց, իսկ 2 պարտութիւնն ալ կրեց Աթլանթա Հոքսէն` յետ երկարաձգման, եւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզէն` 3 մասերը յառաջանալէ ետք 4-րդ մասին ետ մնալով:

Սթեֆըն Քըրի լաւ օրերու մէջ կը գտնուի, եւ 3 կէտի փառատօները սկսած են, մանաւանդ որ իր խմբակից Քլէյ Թոմփսըն վերջին մրցումներուն վերագտաւ իր մակարդակը:

Փլէյ օֆի դիրքերուն պայքարը պիտի սրի այս երկու խումբերուն միջեւ, մանաւանդ որ 16 մարտին եւ 9 ապրիլին անոնք անգամ մը եւս իրար դէմ պիտի հանդիպին Լոս Անճելըսի մէջ:

Միւս կողմէ, Թեքսասի մէջ, Տալաս Մեւրիքս կը փորձէ արեւմտեան շրջանին մէջ իր դիրքը բարելաւել, ուղղակիօրէն մասնակցելու փլէյ օֆի, փախուստ տալով 7-րդ դիրքէն:

7-րդէն 10-րդ դիրքերը գրաւող խումբերը պիտի մասնակցին փլէյ-ին զտումի մրցումներուն, որոնցմէ ետք 2 խումբ իրաւունք կ՛ունենայ մասնակցելու փլէյ օֆին:

Այս գիշեր Տալաս պիտի հիւրընկալէ Ֆինիքս Սանզը: Մինչեւ 14 ապրիլ բոլոր խումբերն ալ պիտի փորձեն փախուստ տալ վտանգաւոր դիրքերէն` հաւաքելով առաւելագոյնը յաղթանակները:

Սանզ իր վերջին 6 մրցումներէն 5-ը յաղթած է եւ շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի: Ձեռք ձգելէ ետք Պրետլի Պիլը, Ֆինիքս ունեցաւ շատ լաւ եռեակ մը` Տիւրենթի եւ Պուքըրի հետ միասին: Հակառակ անոր որ այս եռեակը մինչեւ 13 դեկտեմբեր ելոյթ չունեցաւ միասին` առողջութեան պատճառով:

«Մեր միասնութիւնը հզօրացաւ: Աւելի խմբային ըլլալով, տղաքը սկսան հասկնալ իրենց «գործը» եւ գիտակցիլ, թէ ինչպէ՛ս կրնան օգնել խումբին: Կարծեմ տարեշրջանի այս ժամանակը ճիշդ է այդ բոլորը գիտնալու եւ հասկնալու: Մեծամասնութիւնը լաւ է, առողջ: Պրետլի Պիլ քիչ մը ուշ սկսաւ, բայց անցեալ ամիս շատ լաւ էինք եւ կայուն ձեւով սկսանք խաղալ միասին», ըսաւ Քեւըն Տիւրենթ: Տիւրենթ 28,2 կէտ կը նշանակէ միջին հաշուով ի նպաստ Ֆինիքսի, մինչ Տեւըն Պուքըր (27,5 կէտ) եւ Պիլ (18,2 կէտ) կը յաջորդեն զինք:

Արեւմտեան շրջանէն լաւագոյն խումբը «Օլ Սթար»-ի մրցումէն առաջ Տալաս Մեւրիքսն էր, որ 6 յաջորդական մրցումներ յաղթած էր: Մարզիչ Ճէյսըն Քիտ կը կարծէ, որ խումբը աւելի զօրացաւ 2 նոր խաղցողներ ձեռք ձգելէ ետք: Նշենք, որ Տալաս ձեռք ձգած էր Տանիել Կեֆորտը (Ուաշինկթընէն) եւ Փի. Ճէյ Ուաշինկթընը (Չարլոթէն): «Երկար մարզիկներ ձեռք ձգեցինք… Փի Ճէյ կրնայ նշանակել եւ պաշտպանել: Կեֆորտ կրնայ ռիպաունտ ձեռք ձգել, նշանակել եւ պլոք ընել: Այս երկուքը հսկայ են եւ շատ ուրախ են հոս գալով», ըսաւ Քիտ:

Երեք մրցումներու մասնակցած այս զոյգը լաւ արդիւնք արձանագրեց. Կեֆորտ 15 կէտ եւ 12 ռիպաունտ նշանակեց, մինչ Ուաշինկթըն աւելցուց 8,7 կէտ եւ 5,3 ռիպաունտ միջին հաշուով:

Այժմ Տալաս 3-րդ դիրքը կը գրաւէ 118,7 կէտ նշանակելով, մեծ մասամբ շնորհիւ Լուքա Տոնչիչի (34,2 կէտ) եւ Քայրի Ըրվինկի (25,2 կէտ):

Ֆինիքս եւ Տալաս 2 անգամ մրցած են այս տարի, եւ եթէ այսօր Տալաս յաղթէ 2-1 արդիւնքով կը յառաջանայ այս տարեշրջանի ճակատումներուն, առաջին անգամ ըլլալով 2015-2016 տարեշրջանէն ի վեր:

 

Նախորդը

Թոնի Քրուս Կը Վերադառնայ Ազգային Խումբ

Յաջորդը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Այս Կիրակի ՀՄԸՄ Պէյրութ – Զամալեք Պէյրութ

RelatedPosts

Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)

October 3, 2026
Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսի Մրցում` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 3, 2026
«Սփարք Լիկ».  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս
Մարզական

«Սփարք Լիկ». Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.