Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 21, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 11.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 11.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 8000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը 6000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.621.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.660.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.615.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 943.000 լ. ոսկի:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի հրապարակեց հրամանագիր մը, որ կը նշէ, թէ պետական եւ սեփական դպրոցները Ուսուցչաց տօնին առիթով փակ պիտի մնան երկուշաբթի, 11 մարտ 2024-ին:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին յայտնեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն հանդէպ պէտք է արդար գտնուիլ եւ անոնց պահանջները նկատի ունենալ կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի ընդգծեց, որ նախագահական ընտրութեան համար ցարդ կայ մէկ լուրջ թեկնածու, որն է Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլլա յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է պատրաստուի պետական մարզի պաշտօնէութեան աշխատավարձի յաւելումները ճշդող օրինագիծը մշակելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Մարք Տաու կառավարութենէն պահանջեց հրապարակել հրամանագիր մը, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն արդար իրաւունքը կը շնորհէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապտել Ռահման Պըզրի հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան որոշումը պէտք է ըլլայ ներքին լիբանանեան որոշում:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ քաղաքական կարգ մը ուժերու կողմէ երկխօսութեան եւ խորհրդակցութեան մերժումը կ՛ուշացնէ նախագահական ընտրութիւնը: Հաշեմ աւելցուց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահական ընտրութեան նոր նախաձեռնութիւն մը չէ առաջադրած` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ երեսփոխանը Պըրրիին յայտնած է, թէ Ազգային ազատ հոսանքը համաձայն է երկխօսութեան սկզբունքին:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի առած քայլերը Լիբանանի սահմանադրութեան իսկական խախտում են` աւելցնելով, որ խորհրդարանը պէտք չէ մաս կազմէ այդ խախտումներուն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուած գրառումի մը ընդմէջէն ընդգծեց, որ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան կրկնուող յարձակումներուն լոյսին տակ կարելի է ըսել, թէ մուտք գործած ենք երկարատեւ պատերազմի մը մէջ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի պէտք է ամչնայ հարաւային Լիբանանէն տեղահանուած քաղաքացիները առանց օժանդակութեան ձգելուն համար:

Նախորդը

Իսրայէլեան Բանակը Ռաֆահի Մէջ Ցամաքային Գործողութեան Սկսելու Վերաբերեալ Իր Դիրքորոշման Վճռումին Կը Մօտենայ

Յաջորդը

Պասիլ Քլաուսի Հետ Քննարկեց Պաղեստինցի Գաղթականներուն Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.