Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միւնիխի Մէջ Փաշինեան-Շոլց-Ալիեւ Հանդիպում

February 19, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 17 փետրուարին, Միւնիխի մէջ անվտանգութեան խորհրդաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը:

Քննարկուած են Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման ուղղուած քայլերը:

Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է շարունակել աշխատանքները խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ:

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, Գերմանիոյ վարչապետին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած Փաշինեան-Ալիեւ երկկողմանի բանակցութիւններուն ընթացքին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները «երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարած են շարունակել խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւնները»:

Այս մասին կը հաղորդէ ԱՓԱ-ի Միւնիխի մէջ գտնուող թղթակիցը` նշելով, որ Արարատ Միրզոյեանին եւ Ճէյհուն Պայրամովին նաեւ յանձնարարուած է շարունակել սահմանազատման շուրջ բանակցութիւնները:

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց «Էքս»-ի վրայ գրեց, որ երկու կողմերը համաձայնած են բաց մնացած հարցերը լուծել առանց նոր բռնութիւններու:

«Գերմանիան եւ Եւրոպան պատրաստ են իրենց կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ աջակցելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն: Ես ատիկա հաստատած եմ երկու երկիրներուն հետ քննարկումներուն ընթացքին», նշած է Շոլց:

Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիեր Քոլոմինան, անդրադառնալով Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած Փաշինեան-Շոլց-Ալիեւ եռակողմ հանդիպումին, «Էքս»-ի վրայ գրեց, որ ՕԹԱՆ-ը վճռականօրէն կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման:

«Իսկապէս կարեւոր է, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կրկին բարձր մակարդակով հանդիպին եւ համաձայնութեան գան երկարաժամկէտ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման վերաբերեալ բանակցութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութեան շուրջ: ՕԹԱՆ-ը վճռականօրէն կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման», գրեց Քոլոմինա:

Ալիեւ Օգտակար Կը Նկատէ
Փաշինեանի Հետ Հանդիպումը

Երէկ Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար, Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովի հիմնադրամի խորհուրդի փոխնախագահ Հելկա-Մարիա Շմիտի հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Ալիեւ նշած է, որ Գերմանիոյ վարչապետին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումը օգտակար եղած է եւ անցած կառուցողական մթնոլորտի մէջ:

Ան ըսած է, որ արդէն ձեռք բերուած են համաձայնութիւններ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմանազատման եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի վերաբերեալ բանակցութիւններու շուրջ, այդ առնչութեամբ համաձայնութիւն գոյացած է մօտ օրէն արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում կատարելու:

 

Նախորդը

Նապաթիէի Նահատակները Յանձնուեցան Հողին

Յաջորդը

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Ծանօթացան Լուր Գրելու Սկզբունքներուն

RelatedPosts

Խմբագրական.  44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. 44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը

September 28, 2026
6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին
Գլխաւոր լուրեր

6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին

September 28, 2026
Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախի Ժողովրդի Հիմնարար Իրաւունքների Վերականգնումը Պէտք Է Լինի Խաղաղութեան Հիմքում»
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախի Ժողովրդի Հիմնարար Իրաւունքների Վերականգնումը Պէտք Է Լինի Խաղաղութեան Հիմքում»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.