Ռուսիան պատրաստ է աշխատելու Միացեալ Նահանգներու ոեւէ նախագահի հետ, որ ընտրուած է ամերիկացի ժողովուրդին կողմէ, սակայն նախընտրելի է Ճօ Պայտընի հետ: Այս մասին լրագրող Փաւել Զարուպինի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: Տեսանիւթը հրապարակուած է Քրեմլինի թելեկրամեան ալիքին վրայ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՛ր քաղաքական գործիչը Ռուսիոյ համար աւելի լաւ է իբրեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ` Պայտը՞նը, թէ՞ Տանըլտ Թրամփը, Փութին ըսած է. «Պայտընը»:
«Պայտընը աւելի փորձառու, կանխատեսելի անձնաւորութիւն է, ան հին կազմաւորման քաղաքական գործիչ է», բացատրած է Ռուսիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Սակայն մենք պիտի աշխատինք Միացեալ Նահանգներու ոեւէ ղեկավարի հետ, որուն կը վստահի ամերիկացի ժողովուրդը»:
Թրամփ Հարաւային Քարոլայնա նահանգին մէջ իր համակիրներուն առջեւ արտասանած խօսքին մէջ, մեկնաբանելով Փութինի յայտարարութիւնը, ըսաւ, որ «Ատիկա պարզապէս անոր կողմէ հաճոյախօսութիւն մըն է»` աւելցնելով. «Շատեր պիտի ըսեն, որ ատիկա շատ վատ է: Բացարձակապէս ոչ: Ատիկա լաւ յայտարարութիւն է»:


