Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը Իրանի հետ լայնածաւալ տագնապը հաւանական կը նկատէ, եթէ ամերիկացի զինուորներ սպաննուին: Այս մասին գրած է «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը:
Պայտընի վարչակազմը կը սերտէ ամերիկեան ռազմակայաններուն դէմ Իրանի կողմնակից շիիական խմբաւորումներու շարունակուող հրթիռային հարուածներուն պատասխանելու միջոցները: Միացեալ Նահանգներու կարծիքով` հիմնական խնդիրը լայնածաւալ զինուորական տագնապէն խուսափիլն է:
Մասնաւոր խօսակցութիւններու ընթացքին, սակայն, պաշտօնատարները կը խոստովանին, որ պատերազմը կրնայ ծագիլ այն պարագային, երբ յարձակումներու պատճառով ամերիկացի զինուորներ մահանան:
Կը նշուի, որ ատիկա «կարմիր գիծ է», որ տակաւին չէ շրջանցուած, սակայն ատիկա որեւէ պահու կրնայ տեղի ունենալ:


