Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութիւնը Վերահաս Վտանգին Դիմաց Պարտի Վերանայիլ Իր Ռազմավարութիւնը Եւ Առաջնահերթ Դարձնել Հայրենիքի Փրկութեան Գործը

January 26, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

133-րդ տարին թեւակոխած է ՀՅ Դաշնակցութիւնը արդէն. զարմանալի կը թուի այս փոփոխական աշխարհին մէջ, պատերազմներու եւ բազում քաղաքական վերիվայրումներու թոհուբոհին մէջէն անցած այս կազմակերպութեան երկարակեցութիւնը: ՀՅ Դաշնակցութիւնը աշխարհի ամենահին կուսակցութիւններէն մէկն է:

Ստեղծուած` իբրեւ հայ ազատագրական պայքարի կազմակերպութիւն, ան փորձած է 1890-ին միեւնոյն դրօշին տակ համախմբել հայ ազգին ազատութեամբ տոգորուած բոլոր յեղափոխական խումբերը:

Հիմնադիրները ուզած են յեղափոխականներու դաշնակցութիւն ստեղծել` համախմբելով ազգի ու հայրենիքի ազատութեան համար պայքարող բոլոր խմբաւորումները ընդհանուր ու միակ կազմակերպութեան մը մէջ: Յաջողած են միայն մասնակիօրէն, ինչպէս մասնակիօրէն կարելի կ՛ըլլայ համախմբել բոլորը նաեւ ներկայիս:

Իր ծննդեան առաջին իսկ տարիներէն Դաշնակցութիւնը համատարած գործունէութեամբ կուսակցութիւն է, համաշխարհային կազմակերպութիւն է:

Դաշնակցութիւնը ներկայ է այն բոլոր վայրերուն մէջ, ուր հայեր կ՛ապրին` շրջանին պատշաճող տարատեսակ կառոյցներով եւ ուղեկից կազմակերպութիւններով:

Դաշնակցութիւնը ներկայ է Հայաստանի մէջ, Արցախի մէջ, ներկայ է լայնատարած սփիւռքի գրեթէ բոլոր համայնքներուն մէջ, աշխարհի չորս ծագերուն:

Գործունէութեան միջավայրերու տարբերութիւնները, կազմակերպական շրջաններու այլազանութիւնը, մեր ապրած երկիրներու քաղաքական վարչաձեւերու տարատեսակ բնոյթը բնականաբար պէտք էր յառաջացնէին գործնական դժուարութիւններ, միասնական աշխատանքի արգելքներ:

Այս անպատեհութիւնները նկատի ունենալով, 1892-ին գումարուած իր առաջին ընդհանուր ժողովին, ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ յեղափոխականներու դաշնակցութենէն արդէն վերափոխուած էր յեղափոխական դաշնակցութեան, որդեգրեց կազմակերպական ապակեդրոնացման դրութիւնը` կազմակերպական իր շրջաններուն վստահելով ինքնուրոյն որդեգրելու գործնական աշխատանքի մարտավարութեան իրենց պատշաճող եղանակը:

Բայց ինչպէ՞ս կը պատահի, որ այսքան տարբերութիւններով հանդերձ, մենք ամէն տեղ կը տեսնենք դաշնակցական գաղափար, դաշնակցական ուղղութիւն, դաշնակցական գործ: Գաղտնիքը կը կայանայ Դաշնակցութեան դաւանած այն գաղափարական ու բարոյական կեդրոնացումին մէջ, զոր պարբերաբար ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը կը վերանորոգէ իր հռչակած ռազմավարութեամբ:

Դաշնակցական մարմինները կը գործեն` հետեւելով միեւնոյն ծրագիրին, գործադրելով Ընդհանուր ժողովի որդեգրած ռազմավարութիւնը, բայց` տարբեր միջոցներով ու եղանակներով: Շնորհիւ գաղափարական-բարոյական կեդրոնացման` Դաշնակցութիւնը միշտ կը մնայ կուռ ու կազմակերպ կուսակցութիւն:

Ինչի՞ մէջ կը կայանայ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական-բարոյական կեդրոնացումը: Ի՞նչ է իր գաղափարին էութիւնը, իր աշխարհայեացքին կիզակէտը:

Դաշնակցութեան դաւանանքը, ըստ իր ծրագրին, չորս ուղղութիւն ունի. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր էութեամբ, աշխարհայեացքով եւ աւանդներով ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական կուսակցութիւն է»:

Դաշնակցութեան գործը ճշմարտապէս ըմբռնելու համար պէտք է իմանալ այս չորս ուղղութիւններուն իմաստը:

Ա.- Դաշնակցութիւնը ազգային կուսակցութիւն է:

Դաշնակցութեան գործունէութեան միջավայրը հայ ազգն է: Ան պահապան ու պաշտպան է հայ ազգի բովանդակ իրաւունքներուն, ուր ալ գտնուին այդ շահերը: Դաշնակցութիւնը ի հարկին պաշտպան կը կանգնի նոյնիսկ զինք քննադատողներուն, եթէ անոնք հայ ազգին պատկանելու պատճառով հալածանքի ենթակայ կ՛ըլլան:

Բ.- Դաշնակցութիւնը ընկերվարական կուսակցութիւն է:

Դաշնակցութիւնը ջատագով է հայազգի անհատներու ընկերային ու տնտեսական կենսական պահանջներու գոհացման:

Դաշնակցութիւնը դէմ է շահագործման բոլոր ձեւերուն: Կողմնակից է աշխատանքի ազատութեան եւ գնահատումի արդարութեան: Իր շարքերուն կ՛անդամակցին մտաւորականն ու աշխատաւորը, հարուստն ու բարեկեցիկը, օրուան հացը հազիւ վաստկողը եւ նոյնիսկ աղքատը: Բոլորը հաւասար են. Դաշնակցութիւնը ապադասակարգային կուսակցութիւն է, որ կ՛առաջադրէ բոլորին համար ապահովել իրենց կարիքները բաւարարող եկամուտ ու բարօր կենցաղ:

Գ.- Դաշնակցութիւնը ժողովրդավար կուսակցութիւն է:

Դաշնակցութիւնը իր ուժն ու ներշնչումը կը ստանայ հայ ժողովուրդէն: Իր պահանջատիրական գործունէութեան ակունքը հայ ազգի առհաւական ձգտումներէն կը բխի: Դաշնակցութեան եւ հայ ժողովուրդին միջեւ գոյութիւն ունի անտեսանելի համարկում մը: Դաշնակցութեան կամքը կամքն է հայ ազգին, ու ան ուշադիր է, որ չշեղի այդ կամքէն: Այսպէս կը բացատրուի այն բացայայտ իրողութիւնը, որ դժուար պահերուն բոլորը` դաշնակցական շարքայինը, համակիրը, չէզոքը եւ նոյնիսկ հակառակորդը, Դաշնակցութենէն նախաձեռնութիւն ու գործ կ՛ակնկալեն:

Դ.- Դաշնակցութիւնը յեղափոխական կուսակցութիւն է:

Յեղափոխութիւնը չ՛ենթադրեր անպայման բռնի արարքներ ու բուռն գործելակերպ: Յեղափոխութեան եւ յեղափոխականութեան էութիւնը քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային գոյութիւն ունեցող վիճակին` եղածին, հիմնովին փոփոխութիւնն է, վիճակի մը փոխարինումը` նոր վիճակով, վարչաձեւի փոխարինումը` նոր վարչաձեւով:

Հայ ազգին ներկայ վիճակը վատ է, հետեւաբար` անընդունելի: Հայրենիքը մասնատուած է, ժողովուրդը` ցրուած աշխարհով մէկ: Դաշնակցութիւնը կ՛առաջադրէ հողահաւաքի ու հայահաւաքի միջոցով փոխել այս վիճակը: Նախընտրաբար` խաղաղ միջոցներով, իսկ եթէ պայմանները պարտադրեն, նաեւ ուժային միջոցներով: Իբրեւ պատասխանատու կազմակերպութիւն` Դաշնակցութիւնը կը բացառէ արկածախնդրութիւնը եւ կ՛ենթարկուի ժամանակի պայմաններուն ու ժողովուրդի պահանջին:

Սովորաբար նման բազմատեսակ ու բարդ առաջադրանքները յատուկ չեն կուսակցութեան մը, մինչդեռ Դաշնակցութեան առաջադրանքները գրեթէ պետութեան մը կողմէ կատարելի աշխատանքներու բնոյթը ունին: Բայց Դաշնակցութիւնը պետութիւն չէ: Տրամաբանական է ընդունիլ, որ բոլոր առաջադրանքները միասին ու նոյն տարողութեամբ կարելի չէ հետապնդել: Նախապատուութիւն ճշդելու, ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւն կայ. միշտ եղած է:

Ինչպէ՞ս կատարել նախապատուութիւններու դասաւորումը: Ահա այստեղ կը յայտնուի ժամանակամիջոցի ու առկայ միջոցներու հրամայականը: ՀՅ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը կ՛ուսումնասիրէ աշխարհաքաղաքական ընդհանուր իրավիճակը, հայութեան ապրած երկիրներու ու յատկապէս հայաստանամերձ շրջաններու ընդհանուր վիճակը, Հայաստանի կացութիւնը, հայ ժողովուրդի պատրաստակամութիւնը, նաեւ` իր շարքերու պարզած վիճակը, ու այս տուեալներուն հիման վրայ կը ճշդէ ծրագիրէն բխած ռազմավարութիւն մը, պարտադիր` բոլոր շրջաններուն համար:

Ընդհանուր ժողովը այս ձեւով ճշդած կ՛ըլլայ տուեալ ժամանակաշրջանին կատարելի աշխատանքին գլխաւոր թիրախները: Անիկա մարտավարական որոշումներ չի կայացներ` ապակեդրոնացման հիման վրայ զանոնք վստահելով շրջաններու ժողովներուն ու մարմիններուն:

Թուենք այն աշխատանքները, որոնք անհրաժեշտաբար պէտք է հետապնդուին ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ.

1.- Արտասահմանի մէջ

Մերձաւորարեւելեան ու հայաստանամերձ մեր գաղութները կը դիմագրաւեն քաղաքական անկայունութեան, ապահովութեան բացակայութեան եւ տնտեսական տագնապի դժուար իրավիճակներ: Հայութեամբ բաբախուն, գործունեայ, ազգային բազմազան կառոյցներով հարուստ լիբանանեան, սուրիական եւ իրանեան համայնքները կը նօսրանան տարիներէ ի վեր: Նիւթական կարողութիւններու տէր մարդիկ կը գաղթեն երկրէն, կը մեկնին յատկապէս ուսեալ երիտասարդները` անմիջական ապագային գաղութային ղեկավարութեան գոյացումը խնդրական դարձնելով:

Ոմանք կը հաստատուին Հայաստան, որ ողջունելի է, սակայն ասոնք փոքրամասնութիւն կը կազմեն:

Մեծամասնութիւնը աչքերը ուղղած է դէպի Արեւմուտք: Դժուար, շա՛տ դժուար պայմաններու տակ կ՛ապրին մերձաւորարեւելեան մեր կարեւոր գաղութները:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը բնականաբար անտարբեր չի կրնար մնալ վտանգալից կացութեան դիմաց: Դաշնակցութիւնը կը լարէ իր ուժերը` կայունացնելու համար վիճակը, փորձելով գոհացում տալ, իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ, այս գաղութներու տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական կարիքներուն:

Սփիւռքի շրջաններուն մեծամասնութեան մէջ առաջնահերթը հայկական ինքնութեան պահպանումն է, եւ հոն, ուր կարելի է, Հայ դատի հետապնդումը: Հոն, ուր կարելի է, Դաշնակցութիւնը կը մասնակցի տուեալ երկրի քաղաքական կեանքին` հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան հետ Հայաստանին ու Հայ դատին օգտակար դառնալու հաստատ մտասեւեռումով:

Իբրեւ ընդհանուր կանոն` Դաշնակցութեան կողմէ գաղութներու մէջ վարկի եւ ուժի ամէն կուտակում պէտք է ի սպաս դրուի Հայաստանին, Արցախին ու Հայ դատին:

Բազմաթիւ գաղութներու մէջ մեր քաղաքական դերակատարութիւնը երկրին արտաքին քաղաքականութեան վրայ չի կրնար որոշիչ ազդեցութիւն ունենալ: Քիչ բացառութիւններ կան: Դաշնակցութիւնը, Հայ դատի յանձնախումբերը եւ ուղեկից կազմակերպութիւնները, պարագայաբար նաեւ` հայկական ուրիշ կուսակցութիւններ ու միութիւններ, կը բաւականանան հայկական ինքնութեան պահպանման նպատակով իրաւունքներու ու արտօնութիւններու ապահովմամբ եւ Հայաստանին ու Հայ դատին ի նպաստ քարոզչութեամբ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը գրեթէ ամէնուր առաջատար է այս մարզերուն մէջ:

2.- Հայաստանի մէջ ուրիշ է մօտեցումը: Եթէ Հայաստանէն դուրս Դաշնակցութիւնը կը գործէ` ուշադրութիւնը սեւեռած դէպի Հայաստան ու Արցախ, նոյնինքն Հայաստանի մէջ Դաշնակցութիւնը ուղղակի մասնակից է պետութեան կեանքին: Իրողութիւն մը, որ շատերու կողմէ չի հասկցուիր, երբ կ՛ակնկալեն արտասահմանեան տեսակի գործունէութիւն Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցէն:

32 տարի առաջ անկախացած Հայաստանի մէջ  պետական կառոյցները տակաւին ամբողջապէս չեն կայացած ու պետական մտածողութիւնը չէ արմատացած:

Ժողովրդավարութեան քողին տակ կը կատարուին գործեր, կը ճշդուին քաղաքական ուղղութիւններ, որոնք ժխտումն իսկ են ժողովրդավարութեան դասական ըմբռնումին:

Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցը կը գործէ դժուար պայմաններու տակ, արհեստականօրէն ստեղծուող ժխտական մթնոլորտի մէջ, ու այս պատճառով իր արգասաբերութիւնը համապատասխան չէ իր թափած ճիգին:

ՀՅ Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցը վերընձիւղուեցաւ, սկիզբ առաւ 1990-ի ամրան: Գրեթէ միաժամանակ ստեղծուեցաւ Արցախի  կառոյցը: Այս կառոյցները ստեղծուեցան ՀՅ Դաշնակցութեան մասին ընդհանրապէս վիպական պատկերացում ունեցող անհատներէ: Մեծ էր թիւը անդամագրուող մտաւորականներուն, ուսումնական մարզի աշխատողներուն: Նոյն շրջանակներէն կային նաեւ մեծ թիւով համակիրներ: Դաշնակցութեան շարքերուն միացան կարեւոր թիւով երիտասարդներ, առաւելաբար համալսարանական ուսանողութենէն: Շուտով կազմուեցաւ ՀՅԴ ուսանողական միութիւնը: Այս բոլորին գաղափարական ուղղուածութեան եւ նուիրումի պատրաստակամութեան նկատմամբ կարելի չէ կասկածանքով մօտենալ: Պակսողը, բնականաբար, կազմակերպական կազմաւորումն էր, որ հապճեպ կերպով կարելի չէր իրականացնել:

1988-ին սկսած ղարաբաղեան պահանջատիրական շարժումը արդէն թեւակոխած էր զինեալ պայքարի փուլը: ՀՅ Դաշնակցութիւնը ղարաբաղեան առաջին պատերազմին, հաւատարիմ իր յեղափոխական աւանդին, նետուեցաւ հետզհետէ ծաւալող պատերազմի կրակներուն մէջ: Դաշնակցութեան շարքերուն միացած երիտասարդները դարձան Արցախի ազատագրութեան մարտիկներ: Թէեւ Արցախը ազատագրուեցաւ ու հռչակեց իր անկախութիւնը, սակայն հազարաւոր նահատակներու շարքին Դաշնակցութիւնը կորսնցուց իր գաղափարական երիտասարդութեան աւելի քան կէսը:

Դաշնակցութեան վերակազմակերպումը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի մէջ մտահոգութեամբ դիմաւորուեցաւ անկախացած Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ: Անոր հետզհետէ աճող ժողովրդականութիւնը վախցուց նախ Ղարաբաղ կոմիտէն, ապա` Հայոց համազգային շարժումի ղեկավարութիւնը, որ ինքզինք ժողովրդավար հռչակելով հանդերձ, կը յաւակնէր առանձին ձեւաւորել Հայաստանի նորաստեղծ պետականութիւնը:

Դաշնակցութեան կայացումը Հայաստանի մէջ շատ խութերու հանդիպեցաւ ու բազմաթիւ փորձութիւններ դիմագրաւեց: Կորուստներ ունեցաւ ան, բայց դիմացաւ ու շարունակեց Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ ներկայութեան մնալ:

Ուղեկից միութիւնները եւս հաստատուեցան, թէեւ` համեստ պայմաններով, բայց գործեցին ու կը շարունակեն գործել: Հայ օգնութեան միութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ը ՀԱՍԿ (Հայաստանի սկաուտական կազմակերպութիւն) անունին տակ գործունեայ կազմակերպութիւններ են Հայաստանի մէջ եւ էին նաեւ Արցախի մէջ: Համազգայինը սկսաւ իբրեւ միութիւն եւ ունեցաւ նշանակովի վարչութիւն մը, սակայն նկատի ունենալով, որ ստեղծագործական բոլոր ճիւղերը ունին իրենց միութիւնները, բաւականացաւ գրասենեակի մը ստեղծումով: Այժմ գոյութիւն ունին Երեւանի եւ Գիւմրիի գրասենեակները, իսկ Ստեփանակերտի գրասենեակը կը գործէ Երեւանէն:

Հայաստանի մէջ 2018-ին տեղի ունեցաւ իշխանափոխութիւն մը, զոր կազմակերպողները որակեցին իբրեւ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»: Քանի որ վարչաձեւի ոչ մէկ փոփոխութիւն կատարուեցաւ, եղածը սխալ է յեղափոխութիւն որակել: Շուրջ 30 տարիէ ի վեր գործող երկրի իշխանական խաւին փոփոխութիւնը թերեւս հարկաւոր էր` անկախութեան պայմաններուն տակ աճած նոր սերունդի մը առիթ ընծայելով ստանձնելու երկրին քաղաքական ղեկավարումը:

Սակայն եկող նորերը, անփորձ բայց յաւակնոտ, երկիրը առաջնորդեցին պատերազմի Ազրպէյճանի հետ եւ ստեղծեցին վտանգաւոր վիճակ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի համար: Արցախը կորսնցուցինք, Հայաստանէն հատուածներ գրաւուեցան, եւ վտանգը կը շարունակէ մնալ ահազանգիչ:

Հայաստանի իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ կը վարեն քաղաքականութիւն մը, որ Հայաստանը պիտի վերածէ «խաղաղութեան խաչմերուկի»: Կ՛ըսեն ու կը կրկնեն, որ մեր հայրենիքը Հայաստանի Հանրապետութիւն կոչուող պետութիւնն է միայն: Ո՛չ Արցախ կայ, ո՛չ Արեւմտեան Հայաստան: Հայ դատ գոյութիւն չունի: Ցեղասպանութիւն չէ եղած: Հայաստանի մէջ Արցախի պետական հիմնարկներու գործունէութիւնը` իբրեւ գաղթական իշխանութիւն, կը նկատուի վտանգաւոր Հայաստանի պետական անվտանգութեան համար: Շփոթելով իշխանութիւնը պետութեան եւ հայրենիքը հանրապետութեան հետ` ամէն քննադատութիւն կը մերժուի, եւ ընդդիմադիրները հալածանքի կ՛ենթարկուին: Անգամ մը եւս ՀՅ Դաշնակցութիւնը կանգնած է իր սկզբունքներուն հաւատարմութեամբ գործելու դժուարութեան առջեւ:

Ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ պատասխանատուութիւնը կ՛արգիլէ Հայաստանի ապահովութիւնը խախտող միջոցառումներու դիմել: Ժողովուրդը պատերազմի արդիւնքէն շշմած` հոգեբանական տեղատուութեան ենթարկուած է ու չի գայթակղիր բացորոշ սխալներու առիթով:

Դաշնակցութիւնը ձեռնածալ չի կրնար մնալ հայոց պատմութիւնը ժխտող, Հայ դատը նսեմացնող երեւոյթներուն նկատմամբ: Ստեղծուած նոր ու աննախընթաց կացութեան յանդիման բոլոր ազգային ուժերը, եւ անոնց կարգին ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը փնտռեն կացութիւնը շրջելու ուղիներ: Ուղիներ, որոնք չեն ապակայունացներ երկիրը` առիթ տալով թշնամիին անգամ մը եւս Հայաստանէն բաժիններ գրաւելու: Ուրեմն զգուշութիւնը նախապայման է:

Ստիպողական անհրաժեշտութիւն կայ ընդդիմադիր ու ազգային ուժերը միաւորելու եւ ստեղծելու ազգային փրկութեան ճակատ մը:

Բոլորին ճիգերը, Հայաստանէն Արցախ ու Ջաւախք, Լիբանան-Սուրիայէն մինչեւ եւրոպական ցամաքամաս, Հիւսիսային Ամերիկայէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա, Աւստրալիա, բոլորի՛ն, բոլորին ճիգերը պէտք է միաւորուին ի խնդիր Արցախի ու Հայաստանի փրկութեան:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը վերահաս վտանգին դիմաց, ինչպէս յաճախ` իր գոյութեան 133 տարիներու տեւողութեան, պարտի վերանայիլ իր ռազմավարութիւնը եւ առաջնահերթ դարձնել հայրենիքի փրկութեան գործը:

Գործ կայ ընելիք. պէտք չէ յապաղիլ, պէտք չէ դանդաղիլ ու պէտք չէ տատամսիլ:

 

 

 

 

Նախորդը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը` Հայ Ժողովուրդի Ձգտումներուն Մարմնացումը

Յաջորդը

«Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան» Աւանդը Կ՛ապրի

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է
Անդրադարձ

Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.