Թուրքիոյ խորհրդարանը երեքշաբթի, 23 յունուարին, քանի մը ամիս տեւած քննարկումներէ ետք, հաւանութիւն տուած է Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան:
«Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ այժմ Հունգարիան պէտք է որոշում տայ:
Փաստաթուղթը այժմ ստորագրման համար պիտի փոխանցուի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին:
«Պլումպըրկ» կը նշէ, որ Թուրքիան դանդաղած է Շուէտի դիմումի հաստատման հարցին մէջ` Սթոքհոլմէն պահանջելով քայլերու ձեռնարկել անջատողական խմբաւորումներու դէմ, ինչպէս նաեւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) կողմնակիցներու դէմ պայքարիլ: Շուէտ խստացուցած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնքները եւ վերցուցած Թուրքիոյ զէնք արտածելու վրայ հաստատուած սահմանափակումները:
Շուէտի վարչապետ Օլաֆ Քրիսթերսոն ողջունեց թրքական խորհրդարանի քայլը` նշելով. «Մենք Հիւսիսատլանտեան դաշինքին լիարժէք անդամակցութենէն մէկ քայլի հեռաւորութեան վրայ ենք»` նշելով. «Թրքական խորհրդարանի Շուէտի` դաշինքին անդամակցութեան ի նպաստ լիագումար քուէարկութիւնը դրական է»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն թրքական «Թէ. Ռէ. Թէ.»-ին յայտնած են, որ կ՛ողջունեն Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումի վաւերացումը` վերյիշեցնելով, որ Թուրքիոյ «Էֆ-16» հալածիչներու վաճառքը կախեալ է Անգարայի կողմէ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան վաւերացումէն:


