Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն 3 յաջորդական պարտութիւններ կրելէ ետք Ֆէօնիքս Սանզ կրցաւ 129-113 արդիւնքով պարտութեան մատնել Հիւսթըն Ռոքեթցը, Թեքսասի մէջ:
Քեւըն Տիւրենթ 27 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 16 էսիսթ (իր ասպարէզի առաւելագոյնը) կատարեց ի նպաստ Ֆէօնիքսի` նշանակելով իր ասպարէզի 18-րդ թրիփըլ-տապըլը, 26 նոյեմբերէն ետք օտար դաշտի վրայ առաջին յաղթանակը արձանագրելով:
Էրիք Կորտըն 27 կէտ եւս նշանակեց իր նախկին խումբին կողովէն ներս: Տեւըն Պուքըր աւելցուց 20 կէտ եւ Կրէյսըն Էլըն 16 կէտ` ի նպաստ Սանզի, որ կիսախաղին 73-55 արդիւնքով յառաջացած էր արդէն:
Ալփերէն Սենկիւն 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Հիւսթընի, մինչ Ճէյլըն կրկին աւելցուց 23 կէտ` ձեռք ձգելով 6 հատ 3 կէտնոց կողովներ:
Տալաս Մեւրիքս անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Քլիվլէնտ Քեւելիրզէն` 113-110 արդիւնքով:
Առաջին կիսախաղին 20 կէտով ետ մնացած Քլիվլենտ 4-րդ մասին 15-0 յաջորդական կէտեր նշանակեց եւ 6 կէտով առաւելութիւն մը ձեռք ձգեց Ապասի վրայ: Վերջին երկվայրկեանին Սեթ Քըրիի 3 կէտնոց կողովի փորձը պլոքի ենթարկուեցաւ Մաքս Սթրուսի կողմէ:
Քերես Լըվերթ 29 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիվլենտի, եւ Ճերըտ Էլըն 24 կէտ եւ 23 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Այզըք Օքորօ աւելցուց 22 կէտ, եւ Քլիվլենտ վերջին 4 մրցումներուն արձանագրեց 3-րդ յաղթանակը: Տանըվըն Միչել հիւանդ ըլլալուն պատճառով բացակայեցաւ յաջորդական 4-րդ մրցումը ըլլալով:
Լուքաս Տոնչիչ 39 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տալասի, որ յաջորդ մրցումին դժուար մրցակից մը ունի` Մինեսոթան:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 102-132
Օրլանտօ Մեճիք – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 92-112
Պրուքլին Նեթց – Միլուոքի Պաքս 122-144
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Նիւ Եորք Նիքս 129-120
Հիւսթըն Ռոքեթց – Ֆէօնիքս Սանզ 113-129
Տալաս Մեւրիքս – Քլիվլենտ Քեւելիրզ 110-113


