Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր ղեկավարած «Լիքուտ» կուսակցութենէն երեսփոխաններու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց, որ «Կազայի մէջ պատերազմը իր աւարտէն հեռու է», եւ այն կարծիքը, թէ իր կառավարութիւնը կրնայ Համասի դէմ պատերազմին վերջ տալու կոչ ուղղել, տեղեկատուական սխալ նախատեսութիւններ նկատեց:
«Դադրելու մտադրութիւն չունինք: Մենք կը շարունակենք կռուիլ, եւ յառաջիկայ օրերուն կռիւը աւելի բուռն պիտի դարձնենք: Կռիւը երկար ժամանակ պիտի տեւէ, եւ իր աւարտին մօտ չէ», ըսաւ ան:
Նեթանիահու նաեւ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ Կազայի մէջ խաղաղութեան հասնելու համար նշեց երեք պայմաններ, որոնցմէ մէկը պաղեստինեան ամբողջ հասարակութեան «Ապաարմատականացումն է»:
Նեթանիահուն գրեց, որ խաղաղութեան հասնելու համար պաղեստինեան Համաս շարժումը պէտք է ոչնչացուի, Կազան պէտք է «ապառազմականացուի», իսկ պաղեստինեան հասարակութիւնը պէտք է «ապաարմատականացուի»:
Համաս շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «Իսրայէլի վարչապետ, պատերազմական ոճրագործ Պենիամին Նեթանիահուի» այն խօսքը, թէ երկիրներու հետ կ՛աշխատի Կազայէն պաղեստինցի ժողովուրդի «կամաւոր գաղթ»-ի ծրագիրին վրայ, «անհեթեթ ծրագիր մըն է, եւ անոր բանակին իր նպատակները իրագործելու ձախողելէն ետք պատերազմը երկարելու ցնորքի շրջանառման փորձ` կարծելով, որ ան կրնայ խուսափիլ յարձակումը եւ ցեղասպանութեան պատերազմը դադրեցնելու օրակարգէն»:
Համաս ընդգծեց, որ պաղեստինցի ժողովուրդը հաստատած է տեղահանութիւնն ու գաղթը մերժող իր կեցուածքը:
Իսրայէլեան կառավարութեան բանբեր Իլոն Լեյի յայտնեց. «Պէտք է Հըզպալլան ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումին համաձայն հեռացնել սահմանէն, եւ անոր կ՛ըսենք` նահանջէ՛»:
«Իսրայէլ երկու ճակատներու վրայ պատերազմ չ՛ուզեր, սակայն մեր անվտանգութեան երաշխաւորման համար անհրաժեշտ ամէն բան պիտի ընենք»:
«Պատերազմը անմիջապէս պիտի աւարտի, եթէ Կազան անձնատուր ըլլայ եւ ոճրագործները յանձնէ: Իսրայէլեան կառավարութիւնը յանձնառու է պատերազմի նպատակներուն եւ Համասի ոչնչացման», ըսաւ ան` նշելով. «Կազայէն հրթիռարձակումներու դադրեցման որեւէ ժամանակացոյց պիտի չճշդենք, սակայն անոնց շարունակումը պիտի չարտօնենք»:
«Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններու մատակարարման այլ ուղիներ կան, եւ ոչ թէ իսրայէլեան անցակէտերով, եւ եթէ ՄԱԿ-ը կ՛ուզէ յաւելեալ օժանդակութիւն Կազա մտցնել, ապա որեւէ նախապայման չունինք», յայտնեց իսրայէլեան կառավարութեան բանբերը:
Իսրայէլի անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր երէկ յայտնեց. «Շատ մտահոգ եմ, որովհետեւ Կազայի մէջ դէպի պատերազմի վճռում չենք ուղղուիր»:
«Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնած է. «Ամէն օր կ՛աշխատինք (գերիներու) փոխանակման գործարքին վերադառնալու եւ Կազայի մէջ մնայուն զինադադարի հաստատման համար լուրջ բանակցութիւններու վրայ»:
Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը, յղում կատարելով ամերիկացի պաշտօնատարներու, հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ հինգշաբթի օր հեռաձայնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ մտահոգութիւն յայտնած Իսրայէլի շտապօրէն պահանջած զէնքերու մատակարարման ուշացումին նկատմամբ, եւ հարցուցած, թէ ատոր պատճառը քաղաքակա՞ն է. Պլինքըն պատասխանած է, որ այդպէս չէ: Ամերիկացի պաշտօնատարները նշած են, որ ուշացումին պատճառը «դիւանակալութիւնն եւ փաստաթուղթերն են»:
Մինչ այդ, իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց. «Ուաշինկթըն մերժեց «Ափաչի» ուղղաթիռներ ստանալու Թել Աւիւի դիմումը»:
Իսրայէլեան բանակի զինուորներու գանգատներու նախկին յանձնակատար, պահեստի հազարապետ Եիցհաք Պրիք յայտնեց. «Համասի զինեալները, որոնք գետնի վրայ մեր ուժերուն կողմէ սպաննուեցան, (յայտարարուածէն) շատ աւելի քիչ են»:
«Մի՛ հաւատաք իսրայէլեան բանակին ու վերլուծաբաններուն. Համասի փապուղիներու հարցը լուծում չունի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պատերազմին մեծամասնութիւնը դէմ առ դէմ չի մղուիր, ինչպէս իսրայէլեան բանակի բանբերն ու վերլուծաբանները կը պնդեն»:


