Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի խոստացաւ Իսրայէլին վճարել տալ Սուրիոյ մէջ Յեղափոխական պահակագունդի ղեկավարներէն Ռատի Մուսաւիի սպանութեան գինը:
«Անկասկած, այդ քայլը զաւթիչ սիոնական վարչակարգին հիասթափութեան եւ շրջանին մէջ տկարութեան մէկ այլ ցուցանիշն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Իսրայէլ «անկասկած պիտի վճարէ այս ոճիրին գինը»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան ընկերային ցանցին վրայ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խորհրդատու Մուսաւիի սպանութեան առիթով իր ցաւակցական գրառումին մէջ յայտնեց. «Թել Աւիւ դժուար յետհաշուարկին կը սպասէ»:
Իրանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ռիտա Թալայի յայտնեց, որ Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ մէջ իրանցի բարձրաստիճան զինուորական խորհրդատուի սպանութիւնը «պատիժի արժանի ոճիր է, եւ սիոնականները պէտք է իմանան, որ ատոր գինը պիտի վճարեն»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի Իսրայէլի այդ քայլը որակեց «վախկոտ» եւ նշեց. «Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը ինքն իրեն իրաւունք կը վերապահէ կատարել անհրաժեշտ պատասխան քայլերը յարմար ժամանակին եւ անհրաժեշտ տեղին»:
Իրանեան «Թասնիմ» պետական լրատու գործակալութիւնը երկուշաբթի օր հաղորդեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի անդամ խորհրդականը զոհուած է Դամասկոսի մերձակայքին վրայ Իսրայէլի յարձակումին ժամանակ: Դամասկոսի մէջ Իրանի դեսպան Հիւսէյն Աքպարի նշած է, թէ Իսրայէլ երեք հրթիռներով հարուածած է այն տունը, ուր կ՛ապրէր խորհրդականը:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը, մեկնաբանելով Սուրիոյ մէջ իրանցի բարձրաստիճան խորհրդականներէն Մուսաւիի ահաբեկման լուրը, գրեց. «Ասիկա պարզապէս մէկ այլ յարձակում մը չէ, բարձրաստիճան իրանցի պաշտօնատարի ահաբեկումը նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային յղուած պատգամ մըն է»:


