ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 3000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 2000 լ. ոսկիով, մազութինը` 1000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը սղած է 4000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.484.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.524.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.475.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 944.000 լ. ոսկի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ս. Ծնունդին առիթով յայտնեց, որ հակառակ հսկայ ցաւին ու կոտտացող վէրքին, որ Բեթղեհէմի Յայտնութեան տաճարէն կ՛երկարի մինչեւ Կազայի Մաամատանիա եկեղեցի, Ս. Ծնունդը պիտի մնայ ճշմարտութեան եւ իրաւունքի վկայութիւնը:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ շնորհաւորեց լիբանանցիները Ս. Ծնունդին առիթով: Ան կոչ ուղղեց յանձնառու մնալու Մոհամետի եւ Յիսուս Քրիստոսի պատգամին` ամրապնդելու համար երկիրն ու պետութիւնը:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմի միջեւ արձանագրուած նոր բարդութիւնները պատճառ դարձած են, որ զինուորական նշանակումներու թղթածրարը վերադառնայ զերօ կէտին:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի այցելութիւնը: Զօր. Աուն շնորհաւորեց Սլիմը` Ս. Ծնունդին առիթով:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Ատուան կոչ ուղղեց խորհրդարանին, որ բանակի հրամանատարի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու յաղթանակը թարգմանէ նաեւ ընտրելով հանրապետութեան նախագահ մը, որուն որոշումը ինքնուրոյն է:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ Լիբանան պատերազմական վիճակի մէջ է: Միւս կողմէ, ան աւելցուց, որ Քոսթա Պրաւայի թղթածրարն ու անոր հետեւանքները կարելի պիտի չըլլայ դիւրաւ լուծել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի շեշտեց, որ Լիբանանէն` իբրեւ պետութիւն, կուսակցութիւններ եւ երեսփոխանական պլոքներ, պահանջուած է արեան գնով զոհողութիւն մատուցողին կողքին կանգնիլ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս ընդգծեց, որ առանց հանրապետութեան նախագահի իսկական բարեկարգումն ու միջազգային բանաձեւերը կարելի չէ գործադրել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղասսան Սքաֆ յայտնեց, որ բոլոր տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ զինուորական խորհուրդի նշանակումները պիտի կատարուին Նոր տարուան առաջին շաբթուան ընթացքին: Ան աւելցուց, որ ընթացքի մէջ են նոր տիպի խորհրդակցութիւններ` նոր կանոններու հիման վրայ նախագահական ընտրութիւն կատարելու:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղատա Այյուպ կոչ ուղղեց կատարելու նախագահական ընտրութիւն, որ լիբանանեան արտադրութիւն է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կառավարութենէն պահանջեց հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանի բնակչութեան ապահովելու գոյատեւման տարրական կարիքները:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Քամիլ Շամուն շեշտեց, որ անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ ապագային ինչպիսի՛ Լիբանան մը կ՛ուզենք ունենալ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղայյաս Եազպեք կոչ ուղղեց տքնաջան աշխատանքի` յանգելու համար այնպիսի միացեալ տեսակէտի մը, որ կ՛արդիւնաւորուի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա ըսաւ. «Թշնամի Իսրայէլին արգիլեցինք հարաւի մէջ մեզի անակնկալի մատնելէ»:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շնորհաւորեց լիբանանցիները` Ս. Ծնունդի առիթով: Ան կոչ ուղղեց բոլորին հաւատալու, որ Լիբանանի ծնունդին աւետիսը կախեալ է անոր հանդէպ անխախտ հաւատքէն:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ հոգեւոր խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք յայտնեց, որ Իսրայէլ անկարող է իր գերիները ողջ վերադարձնել բացի Դիմադրութեան նախապայմաններուն հիման վրայ եւ անոր հետ բանակցելով:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի հետ: Հանդիպումը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Այս առիթով Իպրահիմ հաստատեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ իսրայէլեան բռնարարքներ, որոնք կրնան ընդարձակուիլ եւ յանգիլ անկանխատեսելի հետեւանքներու:


