Ֆրանսան որոշած է փակել Նիկերի մէջ իր դեսպանատունը` «բնական գործունէութեան» անկարողութեան պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւր մը:
Ըստ աղբիւրին, Նիկերի մէջ յուլիսեան յեղաշրջումէն ետք հակաֆրանսական տրամադրութիւններու աճ արձանագրուած է, որուն պատճառով դիւանագիտական առաքելութիւնը «չի կրնար բնական գործել»:
«Հաշուի առնելով այս իրավիճակը` մենք որոշած ենք փակել մեր դեսպանատունը», ըսած է աղբիւրը:
Աղբիւրը նշած է, թէ դիւանագիտական առաքելութիւնը սկսած է տեղացի պաշտօնեաներու «գործէ արձակման եւ փոխհատուցման» քայլերուն:


