Միացեալ Նահանգներ տակաւին կը զգուշանան Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները ամբողջութեամբ քանդելէ, սակայն Մոսկուան չի բացառեր Ուաշինկթընի նման քայլը: Այս մասին «Ինթըրֆաքս»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով:
«Ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները իսկապէս յայտնուած են մահաքունի վիճակի մէջ, եւ ատիկա տեղի ունեցած է Ուաշինկթընի մեղքով, որ ոչ միայն ձեւակերպած է, այլ նաեւ վարդապետական եւ հայեցակարգային առումով ամրապնդած Ռուսիոյ ռազմավարական պարտութիւն հասցնելու սխալ եւ վտանգաւոր մօտեցումը», նշած է Ռիապքով:
Փոխնախարարը ընդգծած է, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները կը գտնուին «գրեթէ զերոյական» մակարդակի վրայ, սակայն չէ բացառած, որ Միացեալ Նահանգներ աւելի հեռուն երթան:
Ռիապքովի համաձայն, Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններու ամբողջական խզումը Մոսկուայի համար անակնկալ պիտի չըլլայ:
«Այսինքն` ատիկա իրականութեան մէջ պիտի յանգեցնէ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի մէջ դիւանագիտական ներկայութեան մակարդակի պաշտօնական նուազեցման կամ նոյնիսկ ամբողջական խզման: Ասիկա մեզի համար անակնկալ պիտի չըլլայ», նշած է Ռիապքով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց. «Կրնանք Ամերիկայի հետ մեր դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզել, եթէ սառեցուած ռուսական հաշիւները գրաւէ»:


