Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիփըրզ Կը Շարունակէ Յաղթական Երթը

December 20, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ շարունակուեցան «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները, եւ յաջորդական 8-րդ մրցումը ըլլալով Լոս Անճելըս Քլիփըրզ յաղթական դուրս եկաւ Ինտիանափոլիսի մէջ, երբ 151-127 արդիւնքով մեծ յաղթանակ տարաւ Ինտիանա Փէյսըրզի դէմ մրցումին:

Քուայ Լենըրտ եւ Փոլ Ճորճ մեծ գործ տարին ամբողջ մրցումի ընթացքին, թէ՛ պաշտպանողական եւ թէ՛ յարձակողական. երբ արդիւնքը արդէն գրեթէ անհասանելի էր 4-րդ մասին, Ճէյմս Հարտըն ինք իր վրայ առաւ մրցումը:

Հարտըն իր 35 կէտերէն 21-ը նշանակեց 4-րդ մասին, եւ Քլիփըրզ Լենըրտէն (28 կէտ) եւ Ճորճէն (27 կէտ) կէտեր ստանալով իր պատմութեան լաւագոյն օրերուն մէջ է` առաջին անգամ ըլլալով յաջորդական 8 մրցումներ յաղթելով:

Հարտըն 11 փորձերէն 8 անգամ կրցաւ 3 կէտնոց կողովներ նշանակել եւ կատարեց 9 էսիսթներ: Փոլ Ճորճ իր կարգին 11-էն 5 անգամը յաջողեցաւ 3 կէտնոց կողովներ նշանակել: Իվիքա Զուպաք 18 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Քլիփըրզի:

«Էն Սիզըն» մրցաշարքի փոխախոյեան Ինտիանա լաւ վիճակի մէջ չի գտնուիր այժմ եւ իր թիւ 1 աստղ Թայրիս Հելիպըրթըն 8 կէտ եւ 1 էսիսթ կատարեց միայն: Պենետիքթ Մաթուրին 34 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 6 ռիպաունտ:

Թրիփըլ տապըլի լաւագոյն մարզիկները` Նիքոլա Եոքիչ եւ Լուքա Տոնչիչ իրար դէմ մրցեցան Տենվըրի մէջ:

Եոքիչ, որ 9 անգամ թրիփըլ տապըլ իրագործած է այս եղանակին, 8 կէտ, 9 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ կատարեց միայն, բայց իր խումբը 130-104 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ: Ճըմալ Մըրի 22 կէտ նշանակեց (4 անգամ անսխալ 3 կէտնոց կողովներով), Աարոն Կորտըն 21 կէտ աւելցուց, մինչ Ռեճի Ճեքսըն 20 կէտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տենվըրի:

Լուքա Տոնչիչ, որ 9 դեկտեմբերէն ի վեր առանց Քայրի Ըրվինկի ներկայութեան (վիրաւոր) կը փորձէ ամէն ինչ ընել խումբին օգնելու: Տոնչիչ, որ 5 անգամ թրիփըլ տապըլ իրագործած է այս տարեշրջանին, եթէ 2 էսիսթ կատարէր, այդ թիւը 6-ի պիտի բարձրանար երէկ:

Արդարեւ, Տոնչիչ 38 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ կատարեց, Տանթէ Էքսըմ 11 կէտ աւելցուց ի նպաստ Տալասի, որ 26-րդ մրցումին 10-րդ պարտութիւնը կրեց:

Ֆիլատելֆիայի մէջ, Քոպի Ուայթ 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Շիքակօ Պուլզի` պարտութեան մատնելով Ֆիլատելֆիա 76-ըրզը, որ 6 մրցումներէ ի վեր չէր պարտուած: Ժոել Էմպիիտ տարեշրջանի իր 19-րդ տապըլ տապըլը իրագործեց` նշանակելով 40 կէտ եւ 14 ռիպաունտ, սակայն 76-ըրզ չկրցաւ յաղթել Շիքակոյին, որուն մարզիկներէն Նիքոլա Վուչեւիչ (23 կէտ, 8 ռիպաունտ) իր կարգին լաւ ելոյթ ունեցաւ իր նախկին խումբին դէմ:

Այլ մրցումի մը, Քէյտ Քանինկհամ 43 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տիթրոյիթ Փիսթընզի, բայց իր խումբը տարեշրջանի իր 25-րդ պարտութիւնը կրեց Աթլանթա Հոքսէն` 130-124 արդիւնքով: Թրէյ Եանկ 31 կէտ եւ 15 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Աթլանթայի:

Հակառակ Անթոնի Տէյվիսի տապըլ տապըլին (32 կէտ եւ 14 ռիպաունտ), Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 114-109 արդիւնքով պարտուեցաւ Նիւ Եորք Նիքսէն, որուն մարզիկներէն Ճուլիըս Ռենտըլ 27 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` իրագործելով տապըլ տապըլ:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Շիքակօ Պուլզ 104-108
Ինտիանա Փէյսըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 127-151
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 135-130
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Չարլոթ Հորնեթց 114-99
Մայեմի Հիթ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 108-112
Աթլանթա Հոքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 130-124
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Մեմֆիս Կրիզլիզ 116-97
Եութա Ճեզ – Պրուքլին Նեթց 125-108
Տենվըր Նակեթց – Տալաս Մեւրիքս 130-104
Սաքրամենթօ Քինկզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 143-131
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Նիւ Եորք Նիքս 109-114

 

 

Նախորդը

Նիքոլայ Ղազարեան Ոչ Եւս Է

Յաջորդը

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 50 Կոլ Նշանակած Է 2023-ին

RelatedPosts

Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)

October 3, 2026
Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսի Մրցում` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 3, 2026
«Սփարք Լիկ».  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս
Մարզական

«Սփարք Լիկ». Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.