Երէկ, Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունեցան ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած ֆութպոլի պատանիներու 17 տարեկանէն վար մոնտիալի կիսաւարտականի մրցումները:
Առաջին մրցումին, Գերմանիա 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Արժանթինի հետ, բայց Գերմանիա փենալթիներով 4-2 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ:
Փարիս Պրունըր 9-րդ եւ 58-րդ վայրկեաններուն նշանակեց Գերմանիոյ առաջին երկու կոլերը, մինչ Մաքս Մէօրշթետ նշանակեց 3-րդ կոլը 69-րդ վայրկեանին: Օկուսթին Ֆապիեն Ռուպերթօ հեթ թրիքով նշանակեց Արժանթինի 3 կոլերը, մանաւանդ վերջին կոլը 97-րդ վայրկեանին, երբ Գերմանիա կը յաղթէր 3-2 արդիւնքով:
Փենալթիներուն ժամանակ փայլեցաւ բերդապահ Քոնսթանթին Հայտը, որ փոխարինած էր հիմնական բերդապահը, որ վիրաւորուած էր մրցումէն առաջ: Հայտը զսպեց փենալթի մը:
Օրուան երկրորդ կիսաւարտականին, Ֆրանսա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մալին: Մալի շատ աւելի լաւ մրցում ունեցաւ եւ բացաւ մրցումին հաշիւը, բայց Ֆրանսա հաւասարեցաւ` հազիւ Մալիի աջ յետսապահը կարմիր քարտ մը ստացաւ: Ֆրանսա օգտուեցաւ մարզիկի մը առաւելութենէն եւ կարողացաւ կոլ մը եւս նշանակել 69-րդ վայրկեանին: Իվան Թիթի եւ Իմայէլ Պոսնիա նշանակեցին Ֆրանսայի կոլերը, մինչ Իպրահիմ Տիարրա նշանակած էր Մալիի կոլը առաջին կիսախաղին:
3-րդ դիրքի մրցումը տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ կէսօրէ ետք ժամը 14:00-ին` Արժանթինի եւ Մալիի միջեւ, մինչ աւարտականը` շաբաթ օր, նոյն ժամուն` Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ:


