Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտոլլահեան. «Որքան Աշխուժացնենք Շրջանային Համագործակցութեան Ձեւաչափերը, Այնքան Շրջանի Երկիրները Անկէ Կը Շահին»

November 20, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները ընդգծած են շրջանային համագործակցութեան եւ մեքանիզմներու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը` առանց որեւէ արտաքին միջամտութեան խաղաղութեան ճամբայ հարթելու համար:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան նշած է, որ խաղաղութեան ապահովման եւ շրջանային միասնութեան բարելաւման նպատակով շրջանային մեքանիզմներու աշխուժացման անհրաժեշտութիւն կայ: Այս մասին կը գրէ «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը:

«Բնականաբար, որքան աշխուժացնենք շրջանային համագործակցութեան ձեւաչափերը, այնքան շրջանի երկիրները ատկէ պիտի շահին», աւելցուցած է իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան հաղորդումով` շաբաթ օր տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով «ընդգծած է երկխօսութեան եւ շրջանային մեքանիզմներու` առանց արտաշրջանային ուժերու միջամտութեան անհրաժեշտութիւնը»:

Իրանեան կողմին համաձայն, Ապտոլլահեան, իր կարգին, շեշտած է, թէ որքան շատ երկու երկիրները աշխատին շրջանային համագործակցութեան ձեւաչափերուն մէջ, այնքան պիտի շահին անոնց շրջանային գործընկերները:

Նախարարները «գոհունակութիւն յայտնած են Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընդլայնուող յարաբերութիւններուն նկատմամբ` անհրաժեշտ նկատելով շրջանային եւ միջազգային ասպարէզներու մէջ աւելի շատ միատեղ ջանքերը», կը հաղորդէ ԻՐՆԱ:

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական կողմի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ նախարարները քննարկած են շրջանին մէջ կացութիւնը, կարեւոր նկատած «շրջանային ձեւաչափերու մէջ կատարուող աշխատանքը, այդ ուղղութեամբ ջանքերը մեծցնելը»:

«Ընդգծուած է, որ այդ հոլովոյթը պիտի նպաստէ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան», կը հաղորդէ ԱՓԱ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ – Սաժես (87-89) «Տաք Մրցում»

Յաջորդը

Հուսիները Իսրայէլեան Նաւ Մը Գրաւեցին

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.