Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատասխանելով Ֆրանսայի Մշակոյթի Նախարարին` «Ազրպէյճանի Տարածքին Մշակութային Ժառանգութիւնը Կը Ներկայացնէ Ազրպէյճանցի Ժողովուրդի Մշակութային Բազմազանութիւնը` Անկախ Ատոր Ծագումէն» Կ՛ըսէ Պաքու

October 28, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մալմոյ քարտուղար Այխան Հաճիզատէ պատասխանած է տեղական լրատուամիջոցներու` Ֆրանսայի մշակոյթի նախարար Ռիմա Ապտուլ Մալաքի Հայաստանի մէջ կատարած յայտարարութեան վերաբերեալ հարցումին:

Մալաք ըսած էր, որ Արցախի մէջ գտնուող հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցը միջազգային հարթակներու վրայ արծարծելու համար ֆրանսական կողմը պատրաստ է առաւելագոյն ջանքեր ներդրելու: Ան նշած էր, որ իրենք պաշտօնական հայցով դիմած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին, որպէսզի վերջինս արտօնութիւն ձեռք բերէ Արցախ այցելելու եւ արձանագրելու բոլոր պատմամշակութային նմուշները` զանոնք նոյնականացնելու համար:

Հաճիզատէ ֆրանսացի նախարարը մեղադրած է կողմնակալութեան» համար: «Ազրպէյճանը քաջ կը գիտակցի իր տարածքին մէջ գտնուող բոլոր մշակութային ու պատմական յուշարձաններու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը եւ, մասնաւորաբար, այդ ծիրին մէջ իր պարտաւորութիւնները: Ֆրանսան, իբրեւ այլ ժողովուրդներու պատկանող պատմամշակութային արժէքները օտարած երկիր, բարոյական իրաւունք չունի նման հարցեր արծարծելու: Պնդումները, թէ մշակութային եւ պատմական յուշարձանները վտանգի տակ կը գտնուին Ազրպէյճանի հակաահաբեկչական քայլերէն ետք, անհիմն են, ինչ որ հաստատուած է շրջանին մէջ ՄԱԿ-ի երկու առաքելութիւններու կողմէ», ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Ան աւելցուցած է, որ «Ազրպէյճանի տարածքին» մէջ գտնուող մշակութային ժառանգութիւնը կը ներկայացնէ «ազրպէյճանցի ժողովուրդի մշակութային բազմազանութիւնը», որ Ազրպէյճանը կը գնահատէ եւ կը պաշտպանէ անկախ ատոր ծագումէն, աշխարհիկ կամ կրօնական պատկանելիութենէն:

«Մենք ֆրանսական կողմին անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղենք չմիջամտելու Ազրպէյճանի ներքին գործերուն եւ վերջ դնելու նման սադրիչ յայտարարութիւններուն», ըսած է Հաճիզատէ:

 

 

Նախորդը

Հայաստան Պատրաստ Է Քաղաքական Տարակարծութիւններու Լուծումէն Ետք Կազ Գնելու Ազրպէյճանէն` Բազմազանեցնելու Համար Ուժանիւթի Համակարգը

Յաջորդը

Միաթովիչ. «Ազրպէյճան Պէտք Է Երաշխաւորէ Հայերու Իրաւունքները, Ներառեալ Իրենց Տուներ Ապահով Վերադարձի Իրաւունքը»

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.