Հայաստան պատրաստ է Ազրպէյճանէն կազ գնելու` երկիրներու միջեւ քաղաքական տարակարծութիւնները լուծելէ ետք: Այս մասին Թիֆլիսի մէջ «Մետաքսի ճամբայ» միջազգային խորհրդաժողովի ծիրին մէջ ըսած է Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու փոխնախարար Յակոբ Վարդանեան:
«Տագնապին պատճառով Ազրպէյճանէն Հայաստան կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարման դադրեցումը ցնցումային իրադարձութիւն էր Հայաստանի կազաելեկտրական համակարգին համար, որովհետեւ այն ժամանակ մենք կազ կը գնէինք Ազրպէյճանէն, իսկ յետոյ սկսանք Վրաստանի տարածքով կազի նոր խողովակաշարի շինարարութեան` մեր երկիր կազ մատակարարելու համար:
«Յոյսով եմ, որ մեր շրջանին մէջ խաղաղութիւն կ՛ըլլայ, եւ մենք կը կարենանք համագործակցիլ եւ բազմազանեցնել մեր ուժանիւթային համակարգերը, ինչպէս այն օրերուն», Վարդանեանի խօսքերը կը մէջբերէ «Ի.Էյ.Տէյլի»-ն:


