
Ամերիկեան «Այրիշ Սենթրըլ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի օգնական Սամանթա Փաուըրի մասին հրապարակուած գովասանական յօդուածը բազմապատկած է այն լուրերը, թէ ան կրնայ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ արտաքին գործոց նախարարը կամ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը դառնալ:
Փաուըր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ եղած է Լիպիոյ նկատմամբ քաղաքականութեան ճարտարապետը եւ Սպիտակ տան մէջ հեղինակութիւն կը վայելէ: Կը նշուի, որ նախագահ Օպամայի նախագահական նստաշրջանի առաջին ժամկէտի աւարտէն ետք, երբ Քլինթըն հեռանայ, Փաուըր կը դառնայ արտաքին գործոց նախարարի իսկական թեկնածու, եթէ Օպամա երկրորդ անգամ ընտրուի: «Սպիտակ տան մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան հարցերուն մէջ անոր ձայնը լսելի է», «Նիւ Եորք Թայմզ»ին ըսած է «Հիումըն Ռայց Ուոչ» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Քեննեթ Ռոթ` աւելցնելով. «Ան Օպամայի վրայ ազդեցութիւն ունի»:
Փաուըր 2002-ին «Փուլիցըր» մրցանակին տիրացած էր ցեղասպանութիւններու մասին պատմող «Խնդիր դժոխքէն» գիրքին համար, որուն մէջ կը դիտարկուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան արձագանգը ցեղասպանութեան նկատմամբ: Գիրքին մէջ ան համոզում կը յայտնէ, որ հայերու, հրեաներու, Քամպոտիոյ եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները տեղի ունեցած են, որովհետեւ պետական իշխանութիւնները աչք փակած են, իսկ առանձին անձեր որոշած են չմիջամտել: «Ամէնէն տարածուած պատասխանը` «մենք չենք գիտեր»ն է, ինչ որ ճիշդ չէ», գրած է Փաուըր:


