«Էն. Պի. Էյ.»-ի Միլուոքի Պաքս խումբը, որ անցեալ եղանակին Արեւելեան շրջանի լաւագոյն խումբն էր, իր կազմին միացուց Փորթլընտ Թրէյլ Պլէյզըրզի աստղերէն Տեմիըն Լիլըրտը:
Ան միանալով Եաննիս Անթեթոքամփոյի, հզօր զոյգ մը պիտի կազմեն անցեալ տարուան յուսախաբութիւնը մոռցնելու համար, մանաւանդ որ Եաննիսի վիրաւորուիլը պատճառ դարձած էր փլէյ օֆէ դուրս մնալու:
Միլուոքի մարզիկ Ճրու Հոլիտէյ իր կարգին լքեց Պաքսը եւ միացաւ Պոսթըն Սելթիքսին: Սկզբունքով Հոլիտէյ միացած էր Փորթլենտի, բայց վերջինս համաձայնութեամբ մը Պոսթընի հետ` 2 մարզիկներ` Ռապըրթ Ուիլիըմզը եւ Մալքոլմ Պրոկտըն փոխանակեց Ճրու Հոլիտէյի հետ:


