Երազ մը չէ, բայց երազէն աւելի երկար կը թուի ըլլալ:
Ժամանակին ալ երազ կը տեսնէի, բայց բոլորը չէի յիշեր:
Կամ ալ կը մոռնայի, թէ ո՛ր մէկը կը յիշէի:
Տարբերութիւնը հիմակուան հետ այն է, որ հիմա յաճախ (բարեբախտաբա՞ր) չեմ կրնար զանազանել երազը իրականութենէն:
… Յաւերժութիւն:
Կեանք մը, ուր մարմիններ չեն մեռնիր:
Ուր պարտաւոր չես անաւարտ ձգելու մէկ բան` միւսին հասնելու համար…
Ուր վերջ չկայ, ոչ ալ` «սկիզբ» …
Նախորդող օրերուն, ամէն առաւօտ, ճամբուս վրայ կը նշմարեմ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտները, որոնք դպրոցական տարազներով շարուած` կը պատրաստուին դասի: Տրամադրութիւնը աշխուժութիւն կը ներշնչէ:
Կարծես նոր է ամէն ինչ:
Նոր դպրոց, նոր դաս, նոր խաղավայր:
Այդպէս կը թուի ըլլալ, մինչեւ որ պաղ ջուրը ապտակէ, ու մեր առջեւ շարուին առօրեայ մտահոգութիւններու ցանկը:
Կէս քուն-կէս արթուն ահա կը գրեմ վաղուան երազը համով, բայց` չգիրցնող սենտուիչի պէս տեսնելու յոյսով:
* * *
Ժամանակին մեր ուսուցիչները գլուխնին դանդաղօրէն վեր-վար շարժելով` մեզի միշտ կ՛ըսէին, որ դպրոցի օրերը պիտի փնտռենք, երբ օր մը մենք ալ աւարտենք: Մենք ալ հակառակը կը պնդէինք:
Չէ՛, չէ՛, միայն վերջանանք, կ՛ըսէինք:
Չեմ գիտեր` ինչո՛ւ մեր ուսուցիչները տեւաբար այդպէս կ՛ըսէին. կրնայ ըլլալ, որ արաբերէն նիւթերէն շատ կը գանգատէինք…
Մեր ֆրանսերէնի ուսուցչուհին ալ տիկին Հուրին, օր մը արգիլեց, որ «չ» տառը գործածենք: Բաւական դժուար պարտականութիւն էր… Մինչեւ հիմա, սակայն, լաւ դաս եղած է ինծի, եւ ուրախութեամբ կը յիշեմ այդ օրը: Համբերատար ուսուցչուհին, ո՛վ գիտէ` որքա՜ն «չեմ կրնար»-ներ, «ոչ»-եր, «չ՛ըլլար կոր»-ներ, «չեմ ուզեր»-ներ լսեր էր…
Անշուշտ չմոռնանք, որ «վերջացանք» բառը սխալ է, պէտք է ըսել` «վերջացուցինք»…
Հոն տակաւին մեծ էինք: Հիմա ինչպէ՞ս պզտիկցանք` չեմ գիտեր:
Բայց այս գեղանկարին մէջ թէ՛ պզտիկութեան, թէ՛ ալ նոր տարիները կան:
Վեց ամառ առաջ նկարած եմ այս տեսարանը, երբ դպրոց գացեր էի պտոյտի: Գրեթէ` նոյն տեսարանը, ինչ որ երեսուն տարի առաջ էր, փոխուած են միայն օգտագործելի սենեակները:
Այս կարմիր երկաթէ դռնէն ներս մանկապարտէզի սրահն էր. հոն ամէն առաւօտ մանկապարտիզպանուհի տիկին Աստղիկ Գարապոյաճեանին հսկողութեան տակ պէտք էր խմէինք տաք կաթը: Անիկա կը հրամցուէր նարնջագոյն կերպընկալէ գաւաթներու մէջ, քիչ մը քոլաքաուով: Չէի սիրեր կաթ. իսկ եթէ վրան սե՞ր կապած ըլլար, օ՛հ… աշխարհին վե՛րջն էր:
Բայց չէինք կրնար չխմել այդ կաթը: Պարտադիր էր: Ստիպուած, սեր չկապած, մէկ ումպով կը խմէինք…
Սրահին մէջ, դիմացը, կամարաձեւ դուռով սենեակ մը կար: Անիկա ծիլիկներուն էր, մենք մեծերս հոն չէինք մտներ: Մինչեւ հիմա չեմ գիտեր` ի՛նչ կայ: Միայն կը յիշեմ, որ զառիվայր էր դրան սկիզբը, քիչ մը վախնալիք…
Ճիշդ անոր ձախ կողմը Բողբոջ դասարանն էր, ուր կը գծէինք, սեւ սամպօ կ՛երգէինք, հոմանիշ-հականիշ կը սորվէինք ու իբր թէ կը քնանայինք: Այդ անկողինը երկու ծառերէ կապուած օրօրոցի պէս էր: Զէյթի գոյնով լաթ մը` երկաթին վրան ամրացուած, որ մարմինիդ ձեւով կ՛իջնէր դէպի գետին:
Կոկոն դասարանը աջ կողմի սենեակն էր: Պատերազմի տարիներ էին, եւ շատ քիչ դպրոց կ՛երթայինք: Բողբոջ-Կոկոն ամէն իրարու մէջ մտած էին: Սակայն լաւ կը յիշեմ տիկին Հերմինէն` իր բարի ժպիտով, որ միշտ ոտքի` գործի վրայ կ՛ըլլար:
Ծաղիկ դասարանը շա՛տ տարբեր էր:
Հոն հասնելու համար կը բարձրանայիր այս տնակին աստիճանները: Վերի յարկն էինք մենք, որովհետեւ այլեւս պզտիկ չէինք:
Հոն տիկին Մատլէն Արզումանեանը կը հսկէր: Խիստ էր, բայց կը սիրէր մեր չարաճճիութիւնը: Օրիորդ Գեղուկն ալ մեզի համով բանջարեղէններ բարակ-բարակ կը մանրէր, որ փիք-փիք ըրած ատեն ուտէինք: Ստեպղին, կանաչ պղպեղ…
Խաղավայրն ալ այս փակին մէջն էր. շատ կը սիրէինք հոն: Կար անիւէ օրօրոց, որ շատ նիհարներուն համար չէր: Նիհարները ոտքի կը կենային վրան ու այդպէս կ՛օրօրուէին: Մեծերը մեզի չէին ձգեր, որ շատ օդը ելլէինք: Կարծեմ` քանի անգամ ալ կոտրեցաւ: Ես ալ միշտ կը մտածէի, թէ նստած օրօրուած ատենս, եթէ անիւի ծակին մէջ իյնամ, ինչպէ՞ս պիտի ելլեմ… օր մը, երբ գտնեմ անիւով օրօրոց, կը փորձեմ:
Այսքա՜ն անուշութիւն… մինչեւ տոքթորի օրը հասնէր: Այդ խաղավայրին աջ կողմի սենեակներէն մէկուն մէջ ատեն-ատեն կը մտնէինք ասեղ ըլլալու («ուտելու»): Կը յիշեմ դեղին էր ամէն բան, մութ դեղին: Ո՞վ կ՛ուզէր ասսսսեղ ըլլալ. հա՜, քանի որ տակաւին չէինք գիտեր հիւանդ ըլլալ դպրոց չգալու համար…
Կարմիր երկաթէ դրան աջ կողմի կամարաձեւ դուռը «մուկերու սենեակ»-ն էր: Ճերմակ էր ու վրան ձեռքով գրուած էր` «Մուկերու սենեակ». մէկը չէր մտներ հոն, ոչ ալ գիտէինք, թէ ի՛նչ կար ներսը:
Վերջն ալ, օր մը, աւարտեցինք: Աւարտական հանդէսին «Մանէ՜, մանէ՜ ճախարակ»-ը ներկայացուցինք. նաեւ ունէինք նուագախումբ` տինկ-տինկ, խըշշ-խըշշով: Ինծի եռանկիւն տրուած էր ու ամբողջ համերգի ընթացքին քանի մը հատ պիտի զարնէի, երբ օրիորդ Մարինան նշան տար. բախտ եթէ ըլլար, եռանկիւնին նեղ անկիւնը աջ-ձախ կը զարնէի արագ-արագ: Բողբոջ դասարանէն ի վեր եռանկիւնաժիշտ էի եւ ընդմիշտ կ՛երազէի խըշշ-խըշշ ընել օր մը, կամ` տապքէ զարնել: Ծնծղայ ու թմբո՞ւկ… իսկապէ՛ս` «երազի՜ս մէջ»: Չար տղոց համար էին կարծեմ, եւ որքան չարանայինք, անոր բախտը չէինք ունենար…
* * *
Սիրան Մանուկեան մանկապարտէզի կառուցումէն ետք, այս կարմիր դռնէն ներս գտնուող սրահը, Կոկոն դասարանին հետ միասին, գրադարան դարձաւ պարոն Յակոբին հսկողութեան տակ: Վերջին երկու տարիներու զբօսանքներուն շատ կ՛երթայի հոն եւ իր լաւատեսութեամբ ու սրամտութեամբ լեցուն պատմութիւնները մտիկ կ՛ընէի: «Ազդակ» օրաթերթը կը բանար մեր դիմաց: Եթէ օր մը չերթայի, յաջորդ օր կարօտցած կ՛ըլլայի զինք: Այդպէս էր. կա՛մ պասքեթպոլ ու փինկ-փոնկ պիտի խաղայի, կա՛մ ալ քովը երթայի: Ուտելը, որ բարեկամս չէր, գաղտնի` դասարանին մէջ կ՛ըլլար: Ժամանակ չկար կորսնցնելիք…
Պատմութիւնները շատ են, ինչպէս կ՛ըսեն: Ո՞ր մէկը պատմենք:
Եւ հասանք միջնակարգի ու երկրորդականի ուսուցչարան, որ վարի փինկ-փոնկի կամարաձեւ սրահէն փոխադրուեցաւ վեր` ձախ կամարաձեւ դռնէն ներս:
Հոն հասնողը կա՛մ դասապահի մը ընթացքին օրիորդին գիրքը հպարտութեամբ բերելու ելած կ՛ըլլար, կա՛մ շատ գէշ չարութիւն ըրած կ՛ըլլար, կա՛մ ալ դասարանին մէջ չմասնակցելուն պատճառով կանչուած կ՛ըլլար: Կը տեսնէի այս բոլորը գրադարան ելած-իջած ատենս: Միակ պարոնը, որ դուրսը կեցած կ՛ըլլար ծխելու համար, մեր բոլորին կողմէ ճանչցուած «շումախըր»-ն էր` պարոն Կարօ Թաշճեանը…
Երբեմն ալ ասեղի սենեակին ու ուսուցչարանին միջեւ գտնուող փակին մէջ դաս կ՛ընէինք: Չեմ կարծեր` մէկը մտիկ կ՛ընէր դասը. քանի որ հոն շատ գեղեցիկ, ուղղանկիւնաձեւ երկաթէ շինուածք մը կար ծայրերը նեղ նստարանով. վրան շատ գեղեցիկ մանիշակագոյն ծաղիկներ բուսած կ՛ըլլային` ամէն կողմերը ծածկելով: Հոն, նեղ-նեղ նստած կ՛ըլլայինք, եւ տարբեր էին երազները…
Այսպէս է, որ իջանք ու ելանք այդ աստիճաններէն. մէյ մը վար` դէպի դասարաններ, մէյ մը վեր` դէպի հին մանկապարտէզ: Մէյ մը վար` դէպի նոր մանկապարտէզ, մէյ մը վեր` դէպի ուսուցչարան, աննման օրիորդ Մանուշակ Պոյաճեանի շունչին տակ ու ազգային դաստիարակութիւն սերմանող դաստիարակներու ու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու ջանքերով: Դպրոց մը, ուր հպարտ կը զգայի հայերէն նիւթերուն հանդէպ ցուցաբերուած խստապահանջութեամբ եւ, այսպէս կոչուած, «ծանրաբեռնուածութեամբ»:
Շա՜տ յուշեր կան, ժամերով երազել կը պահանջէ… Թէեւ բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուս անունները չտուի, սակայն բոլորն ալ կը յիշեմ մէկ առ մէկ:
Աւարտելէն ետք ապրեցանք կեանքի ելեւէջներ, բայց մեր երազներուն մեծ մասը ապրեցանք դպրոցին մէջ ու տակաւին կ՛ապրինք:
Չէ՛, չէ՛, չ«վերջացանք»…
Չկա՛յ «չիկայ», կայ «չկա՜յ»… (պարոն Շանթ Եագուպեան):
Բարի՛ վերամուտ մեր սիրելի դպրոցին:
Յարատեւութիւն ու բարի, երկա՜ր երազներ աշակերտութեան:
Տակաւին չքնացայ:
Աչքս բաց կ՛երազեմ:



