Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւլախի Մէջ Արցախի Եւ Ազրպէյճանի Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

September 23, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

21 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի Եւլախ քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցան Պաքուի եւ Ստեփանակերտի ներկայացուցիչները, որոնց միջեւ բանակցութիւնները տեւեցին քանի մը ժամ:

Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, Եւլախի մէջ բանակցութիւնները վարեց պատգամաւոր Ռամին Մամետով, որ այս տարուան մարտին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ նշանակուեցաւ Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերուն հետ շփումներու պատասխանատու:

Ազրպէյճանական պատուիրակութեան կազմին մէջ էր նաեւ Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչի տեղակալ Պաշիր Հաճիեւ եւ յատուկ առաքելութեան աշխատակից Իլքին Սուլթանով:

Միջազգային լրատուամիջոցներու բացակայութեան տեղի ունեցած հանդիպումին մասին տեղեկացուց ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` նշելով, որ ղարաբաղեան կողմը կը ներկայացնէր Սերկէյ Մարտիրոսեան (ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին հետ համագործակցութեան ապահովման կեդրոնի տնօրէն) եւ Դաւիթ Մելքումեան (Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի անդամ):

Աւելի ուշ,  Արցախի տեղեկատուական շտապը ներկայացուց Ստեփանակերտի դիրքորոշումը այս հանդիպման մասին` յայտնելով. «21 սեպտեմբերին ռուսական միջնորդութեամբ Եւլախ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Արցախի ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպում: Գործնական մթնոլորտի մէջ անցած հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկուստեք կարեւորութիւն ունեցող շարք մը հարցեր: Կողմերը յատուկ ընդգծած են, որ առկայ բոլոր հարցերը անհրաժեշտ է քննարկել խաղաղ մթնոլորտի մէջ` հանդիպումները շարունակելու պատրաստակամութեամբ»:

Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց նաեւ Ազրպէյճանի նախագահականը, որ  հանդիպումը դրական որակեց` նշելով, որ անիկա ընթացաւ կառուցողական մթնոլորտի մը մէջ:

«Քննարկումներ ծաւալեցան ենթակառուցուածքներու վերականգնման, Ղարաբաղի հայ բնակչութեան վերահամարկման եւ Ազրպէյճանի սահմանադրութեան ու օրէնքներուն հիման վրայ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան գործունէութեան կազմակերպման վերաբերեալ», նշուեցաւ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ Պաքուի, բաւարարուեցաւ Ղարաբաղի հայերու խնդրանքը` մարդասիրական օգնութիւն` պարէնային ապրանքներու եւ վառելանիւթի:

Ընդգծուեցաւ նաեւ Ազրպէյճանի «հակաահաբեկչական միջոցառումներու» կասեցման վերաբերեալ 20 սեպտեմբերի յայտարարութեան դրոյթներու արագ իրականացման կարեւորութիւնը:

Կողմերը համաձայնեցան հանդիպումները շարունակել:

 

 

 

Նախորդը

Ընդդիմութիւնը Կը Կազմէ Ազգային Կոմիտէ Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Իշխանութիւններուն Դէմ Լայնածաւալ Գործողութիւններու

Յաջորդը

Արցախի Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.