Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեսքով. «Մեզի Համար, Հիմնական Խնդիրը Հայ Բնակչութեան Անվտանգութիւնը Ապահովելն Է, Ատոր Համար Պէտք Է Ձեռնարկուին Բոլոր Քայլերը»

September 20, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրեմլին մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լարուածութեան կտրուկ աճով եւ զինուորական գործողութիւններու բռնկումով: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

«Ղարաբաղի հարցին մէջ մենք իսկապէս մտահոգուած ենք լարուածութեան կտրուկ աճով եւ զինուորական գործողութիւններու բռնկումով», լրագրողներուն ըսած է Փեսքով:

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ ան ըսած է. «Մոսկուայի` Երեւանի եւ Պաքուի հետ Լեռնային Ղարաբաղի կացութեան շուրջ հաղորդակցութիւնները առայժմ կը կատարուին զինուորականներու ճամբով, սակայն կը համաձայնեցուի աւելի բարձր, ներառեալ բարձրագոյն մակարդակով հաղորդակցութեան կարելիութիւնը»:

«Ֆոնթանքա» կը գրէ, թէ Փեսքով աւելցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապի սրման առնչուած հիմնական խնդիրը այնտեղ գտնուող մարդոց անվտանգութիւնը պաշտպանելն է: Փեսքովի համաձայն, Երեւանն ու Պաքուն պէտք է համոզել հրաժարելու ուժէն եւ սկսելու բանակցութիւնները:

«Մեզի համար, Ազրպէյճանի զինուորական գործողութեան լոյսին տակ, հիմնական խնդիրը Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան` հայ բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելն է, ատոր համար պէտք է ձեռնարկուին բոլոր քայլերը: Գլխաւորը թէ՛ Երեւանը, թէ՛ Պաքուն համոզելն է հրաժարիլ ուժային գործելաոճէն եւ նստիլ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ», ըսած է Փեսքով:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Քրեմլինի բանբերը պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ կը ծրագրուի՞ աւելցնել Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահ զօրախումբին թիւը, յայտնած է. «Ինչ կը վերաբերի մեր խաղաղապահներու զօրախումբի թիւի յաւելման, ապա այս որոշումը նախ եւ առաջ ձեւակերպուած է մեր զինուորներուն կողմէ, եւ, ի հարկէ, ատիկա ենթակայ է բոլոր երկիրներուն հետ համաձայնութեան: Եւ այստեղ միայն զինուորականները կրնան փորձաքննութիւն մը տալ նման աճի իրագործելիութեան վերաբերեալ»:

Բացի ատկէ, ան կրկնած է, որ ռուս զինուորականները կը շարունակեն աշխատանքը` այս շրջանը խաղաղութեան վերադարձնելու համար: «Խաղաղապահները կը կատարեն իրենց գործը, սակայն, այնուամենայնիւ, կացութիւնը կը մնայ բարդ», աւելցուցած է Փեսքով եւ նշած, որ զինուորական գործողութիւններու վերսկսումը լուրջ մարտահրաւէր է եւ, նախ եւ առաջ, լուրջ սպառնալիք խաղաղ բնակչութեան համար:

Զախարովա. «Զինուորական Գործողութիւններ Սկսելու
Տեղեկութիւնը Խաղաղապահներուն Փոխանցուած Է
Անոնց Մեկնարկէն Վայրկեաններ Առաջ»

Մեկնաբանելով Պաքուի այն յայտարարութիւնը, թէ «հակաահաբեկչական գործողութիւններու» մասին տեղեակ պահած է ռուս խաղաղապահներն ու զինադադարի պահպանման հետեւող ռուս-թրքական հսկողութեան կեդրոնը` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց. «Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններ սկսելու տեղեկութիւնը ռուս խաղաղապահներուն փոխանցուած է գործողութեան մեկնարկէն քանի մը վայրկեան առաջ»:

Ան յայտարարած է, որ Ռուսիան հաղորդակցութեան մէջ է ազրպէյճանական կողմի հետ: Զախարովա ընդգծած է, որ Մոսկուան խորապէս մտահոգուած է կացութեան սրումով:

Զախարովա աւելի ուշ մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ ռուս խաղաղապահներուն կոչ ուղղած է քայլերու ձեռնարկելու Ազրպէյճանի կողմէ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու համար, յիշեցուցած է Հայաստանի ղեկավարութեան յայտարարութիւնը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտօնապէս Ազրպէյճանի մաս կը կազմէ:

«Իսկ ի՞նչ ընել Երեւանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի մաս ճանչնալու հետ», «Թելեկրամ»-ի վրայ գրած է Զախարովա:

 

 

 

Նախորդը

Միշել. «Ազրպէյճանի Զինուորական Գործողութիւնները Պէտք Է Անմիջապէս Դադրեցուին»

Յաջորդը

Ֆրանսան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ Կը Պահանջէ

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.