Ֆրանսան խստագոյնս կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծանր զինատեսակներու կիրարկումով զինուորական գործողութեան սկսիլը, ներառեալ բնակեցուած տարածքներու դէմ: Այս մասին կը նշուի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
«Ոչ մէկ պատրուակ կրնայ արդարացնել նման միակողմանի գործողութիւնը, որ կը սպառնայ հազարաւոր խաղաղ բնակիչներուն, որոնք արդէն տուժած են ամիսներ շարունակ ապօրինի շրջափակումէն. անիկա կը հակասէ միջազգային ընտանիքի բանակցութիւններու ճամբով լուծումի հասնելու ջանքերուն:
«Ֆրանսան Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ դադրեցնելու իր յարձակումը եւ յարգելու միջազգային օրէնքը:
«Ֆրանսան կը պահանջէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ գումարել: Ֆրանսան սերտօրէն կը համագործակցի իր եւրոպացի եւ ամերիկացի գործընկերներուն հետ, որպէսզի ուժեղ պատասխան տրուի այս անընդունելի յարձակումին», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: