Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւնները պէտք է անմիջապէս դադրեցուին: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել:
«Յուսահատեցնող լուրեր կը ստացուին Լեռնային Ղարաբաղի նախկին մարզէն: Ազրպէյճանի կողմէ զինուորական գործողութիւնները պէտք է անմիջապէս դադրեցուին, որպէսզի Պաքուի եւ Ղարաբաղի հայերուն միջեւ իրական երկխօսութիւն սկսի», գրած է Շարլ Միշել:
Նախքան այդ, Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար եւս յայտարարած է, որ «ռազմական գործողութիւնները պէտք է անմիջապէս դադրեցուին, որպէսզի կարելի ըլլայ Պաքուի եւ Ղարաբաղի հայերուն միջեւ իրական երկխօսութիւն սկսիլ»:
«Ականներու պայթումներէն ազրպէյճանցիներու մահուան դէպքերու մասին ողբերգական լուրեր կը ստացուին: Բայց եւ այնպէս, ընթացող զինուորական գործողութիւնները միայն պիտի վատթարացնեն կացութիւնը: Անհրաժեշտ է անյապաղ զինադադար հաստատել` իբրեւ Պաքուի եւ Ղարաբաղի հայերու միջեւ իրական երկխօսութիւն սկսելու միակ ուղի», գրած է Քլաար: