Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ եւ Հիլալի նորեկ Նէյմար նախորդ շաբաթավերջին իր նորամուտը նշեց Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ, երբ 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն դաշտ ներկայացաւ Ռիատի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (6-1):
Նէյմար, որ դաշտ ներկայացաւ 64-րդ վայրկեանին, կատարեց չորրորդ կոլին էսիսթը, որ կոլի վերածուեցաւ իր ազգակիցին` Մալքոմի կողմէ:
Հիւրընկալ կազմէն հեթրիքի հեղինակ դարձաւ սէուտցի յառաջապահ Նասեր Տաուսարի:
Նշենք, որ դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Հիլալ իր երկու կոլերը նշանակեց փենալթիով:
6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հիլալ միակ կազմն ըլլալով ցարդ կը մնայ անպարտելի:


