Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Հելուէի Իրավիճակը Կը Մնայ Զգուշաւոր` Մերթ Ընդ Մերթ Խախտելով Տիրող Կայունութիւնը

September 14, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ իրավիճակը նախանցեալ երեկոյեան սկսաւ դարձեալ փոթորկիլ, երբ զինեալ բախումները դարձեալ խախտեցին յայտարարուած զինադուլը:

Սակայն այսօր զգուշաւոր լռութիւնը եղաւ տիրական եւ զինադուլի խախտումները համեմատաբար աւելի նուազ թափով էին, այլ խօսքով` նռնականետերու եւ ռումբերու պայթիւններու փոխարէն արձանագրուած էին կրակոցներ: Նախանցեալ երեկոյ եւ երէկ տեղի ունեցած բախումներուն գաղթակայանին մէջ սպաննուեցաւ Բարեկարգումի հոսանքի զինուորական պատասխանատու Խալետ Ապուլ Նաաժ, ինչպէս նաեւ սպաննուեցաւ Ֆաթհի պատասխանատուներէն Խալետ Շայեպի անձնական թիկնապահ Ժալալ Ապտալլա: Ընդհանուր առմամբ խօսուեցաւ 6 զոհի եւ աւելի քան 20 վիրաւորի մասին:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան Ֆաթհի յարաբերական կապերու կեդրոնական խորհուրդի ներկայացուցիչ Ազզամ Ահմետ, Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուր,  Ֆաթհի ընդհանուր քարտուղար Ֆաթհի Ապուլ Արտաթ, լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի եւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Թոնի Քահուաժի:

Ժողովին ընթացքին քննարկուեցաւ Այն Հելուէի կացութիւնը` ընդգծելով գաղթակայանին ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու անհրաժեշտութիւնը:

Ժողովէն ետք Ազզամ Ահմետ յայտնեց, որ Այն Հելուէի մէջ զինադուլ յայտարարուած է եւ որոշուած է Ազգային անվտանգութեան պատասխանատու Ապու Աշրաֆ Արմուշին սպաննող յանցագործները լիբանանեան իշխանութիւններուն յանձնել:

Ահմետ նկատել տուաւ, որ այս իմաստով լիբանանեան բանակը հաղորդակցութիւններ պիտի կատարէ բոլոր կողմերուն հետ` յստակ որոշումի յանգելու նպատակով:

Ան նկատել տուաւ, որ արտաքին ուժեր ու կողմեր գաղթակայանին մէջ գտնուող իսլամական շարժումներուն շռայլ նուիրատուութիւններ կը կատարեն, որպէսզի անոնք Լիբանանի մէջ քաոս ստեղծեն:

Ահմետ աւելցուց, որ բոլորը կը վստահին լիբանանեան իշխանութիւններուն իմաստութեան` նման փորձերուն դէմ դնելու առումով:

Նշենք, որ գիշեր մը առաջ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպանատունը հիւրընկալեց ընդարձակ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան Ֆաթհի եւ Համասի պատասխանատուները: Անոնք քննարկեցին Լիբանանի տարածքին գտնուող գաղթակայաններուն կացութիւնը, յատկապէս Այն Հելուէի զարգացումները:

Անոնք ընդգծեցին, որ Այն Հելուէի մէջ զինադուլը անխախտ պահելու իմաստով յանձնառութիւն պէտք է ցուցաբերուի, իսկ Արմուշին, անոր ընկերակիցներն ու Ապտել Ռահման Ֆարուտը սպաննողները պէտք է յանձնուին լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն:

Նախորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Պու Հապիպի Հետ Քննարկեց Շարք Մը Հարցեր

Յաջորդը

Պէյրութի Մէջ. Լը Տըրիան Վաղը Կ՛աւարտէ Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Հետ Իր Ունենալիք Հանդիպումները

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.