Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Գոյատեւման Քաղաքականութիւնը

August 25, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Այսօր Հայաստանի կամ Արցախի մէջ ապրող մեր գիտակից հայրենակիցները մերթ ընդ մերթ հարց կու տան, թէ սփիւռքահայութիւնը ի՞նչ դեր կը խաղայ Հայաստանի եւ Արցախի ապագային գծով:

Հեռուէն խորթ կը թուի, երբ սփիւռքահայ մը ըսէ, որ իր ժամանակին մեծ մասը նուիրած է իր ազգային պայքարին եւ Դատին: Հայ ազգի Դատը Ցեղասպանութենէն ետք տարբեր փուլերէ անցաւ, ըլլան անոնք ուժական, ցուցական, քաղաքական պայքարի կամ տեղեկատուական միջոցներով, մինչեւ որ հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ ունեցանք Հայաստանի երկրորդ անկախ հանրապետութիւնը եւ ազատագրուած Արցախը: Այս բոլորը սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ ապրող հայրենասէր հայրենակիցներու ջանքերով իրագործուեցան:

Աւելի քան 30 տարուան անկախութիւն վայելող մեր հայրենիքը իր զոյգ հանրապետութիւններով ունեցաւ դրական եւ զգացական մօտեցում բոլոր տեսակի հարցերու նկատմամբ, սակայն կարծես թէ ժողովուրդէն մաս մը ամբողջութեամբ գինովցած ապազգայնացման գաղափարներով` մէկ կողմ դրաւ մէկ դարէ աւելի տեւած պայքարի եւ գոյատեւման ոգին` տեղի տալով զգացականին, որ գերակշռէ միտքերուն, եւ ամէն տեսակ արժանիք ու իրաւունք մոռնալով` յանձնուեցաւ սուտին:

Տնտեսական բարգաւաճման փուչիկին մէջ պահուըտած, առանց տնտեսական, քաղաքական, նաեւ ռազմական ծրագիրներու մշակման կարեւորութեան եւ գործադրութեան կարելիութեան, մերկ իրականութիւնը երեւան եկաւ, երբ փուչիկը պայթեցաւ:

Բազմաթիւ ազգեր պատմութեան մէջ կոտորուած են ոչ քաղաքագէտ ղեկավարներու պատճառով, նոյնպէս ալ բազմաթիւ ուրիշներ կոտորուելու սեմին կը գտնուին նոյնանման ոչ քաղաքագէտ պատասխանատուներու պատճառով: Քաղաքականութիւն մը ի նպաստ ազգի մը կը ծառայէ, երբ տէր կը կանգնի ազգի մը ամէն տեսակի իրաւունքներուն եւ կը պահպանէ անոր ինքնութիւնը: Քաղաքականութեան մէջ ամէն տեսակի միջոցներու որդեգրումը ընդունելի կ՛ըլլայ, երբ հարցը կը հասնի ազգի մը գոյատեւման նպատակին:

Կարիքը ունինք Արամ Մանուկեանի նման քաղաքագէտ ղեկավարի մը, որ պատմութեան մէջ կրցաւ ճիշդ քաղաքականութեամբ յաջողութիւն արձանագրել եւ հիմնաքարը զետեղեց հզօր պետականութեան ու ազգայնաշունչ ոգիին: Այսօր, աւելի քան 100 տարի ետք, քաղաքագէտ ղեկավարներու պակասը ունի մեր ազգը, մեր հայրենակիցներէն շատեր նոյնիսկ Մանուկեանի հիմնած պետականութեան գոյատեւման վտանգուելուն պատճառ կը դառնան, երբ կը կարծեն, թէ թշնամիին դէմ դնելու միակ միջոցը առանց նախապայմանի զիջումն է, հոգեբանութեամբը տկարի մը, որ կը յանձնուի բոլորին: Աշխարհի պատմութիւնը լաւ սերտենք եւ դաս քաղենք ուրիշներէն: Բա՛ւ է հայ ազգը վնասը կրէ իր քսակէն` առանց նոյնիսկ դաս մը քաղելու այդ վնասէն:

 

 

Նախորդը

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Օսքար Ուայլտի «Տորիան Կրէյ» Վէպը

Յաջորդը

Տեսակէտ. Ինչո՞ւ Եւ Ինչպէ՞ս

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.