Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Գործիչ Բժիշկ Համօ-Համազասպ Օհանջանեան

August 14, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Համօ Օհանջանեան

Բժիշկ Համօ Օհանջանեան (ծննդեան անունը` Համազասպ) ծնած է 10 փետրուար 1873-ին, Ջաւախքի Ախալքալաք քաղաքը: Կուսակցական անունը եղած է Մհերեան: Ծնողքը Կարինէն գաղթած են, եղած են մեծահարուստ:

Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի հայկական ծխական դպրոցին մէջ: Երկրորդական ուսումը ստացած է Թիֆլիսի ռուսական գիշերօթիկ դպրոցին մէջ, ուր արժանացած է ոսկեայ մետալի:

1892-1894 բժշկութիւն ուսանած է Մոսկուայի պետական համալսարանի բժշկական  հիմնարկին մէջ, սակայն հեռացուած է ուսանողական յեղափոխական շարժումներու մասնակցելուն եւ անցանկալի ու խռովարար տարր նկատուելուն պատճառով:

Վերադարձած է Թիֆլիս, ուր 1897-ին իրեն միացած է ուսանողական տարիներու իր ընկերուհին` ռուս յեղափոխական Օլկա Վաւիլեւնան, որուն հետ ամուսնացած է: Բախտաւորուած են  երեք զաւակներով, երկու մանչ` Մոնիք եւ Արիկ ու մէկ աղջիկ` Քալիա:

Թիֆլիսի մէջ Համօ Օհանջանեան ծանօթացած է Քրիստափոր Միքայէլեանին հետ, իրենց միջեւ ստեղծուած է գաղափարական կապ ու մտերմութիւն:

1898-ին Համօ Օհանջանեան Թիֆլիսի եւ Թելաւի մէջ հիմնած է Կարմիր խաչի խումբեր, ուր գործած է նաեւ քոյրը` Սաթենիկը:

1899-1902 ուսանած է Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքի բժշկական համալսարանին մէջ: Զուիցերիոյ մէջ եղած է դաշնակցական գործօն անդամ: Հոն Համօ Օհանջանեանի ծաւալած աշխուժ  գործունէութեան ի տես` Քրիստափոր Միքայէլեան մեծ համարում ունեցած է անոր գաղափարական ուղղամտութեան, յեղափոխական բարոյականին եւ հանդարտաբարոյ խառնուածքին նկատմամբ: Ուստի անոնց մտերմութիւնը եւ գործակցութիւնը աւելի եւս զարգացած է:

Բժշկական վկայականը ստանալէ ետք, Համօ Օհանջանեան 1902-ին վերադարձած է Թիֆլիս եւ կարճ ժամանակ մը աշխատած է  իբրեւ երկաթուղային ընկերութեան բժիշկ, ապա անցած է Պաքու` իբրեւ քարիւղի ընկերութիւններու հիւանդանոցի ներքին հիւանդութիւններու բժիշկ:

1903-ին հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման ցարական որոշումին դէմ համաժողովրդային բողոքին եւ պայքարին դրօշակիրներէն եղած է:

1905-ին ընտրուած է Ժընեւի ՀՅԴ ժողովի պատգամաւոր: Նոյն տարին, ռուսական յեղափոխութեան օրերուն, ղեկավարած է կուսակցութեան արտաքին կապերը ռուս յեղափոխական կուսակցութիւններու հետ:

1905-ին ղեկավարած է «Յառաջ» մատենաշարի 50-60 տեսական-քարոզչական գրքոյկներու հրատարակման գործը:

1907-ին Վիեննայի մէջ կայացած ՀՅԴ 4-րդ Ընդհանուր ժողովին պաշտպանած է  «Կովկասեան նախագիծը», որ կը նախատեսէր յեղափոխական գործունէութիւն իրականացնել նաեւ ցարական կառավարութեան դէմ` առանց դադրեցնելու յեղափոխական շարժումը Թուրքիոյ մէջ:

1908-ի դեկտեմբերին մօտաւորապէս 160 դաշնակցականներու հետ ցարական իշխանութեան կողմէ կը ձերբակալուի Թիֆլիսի մէջ եւ կը նետուի Մետեխի բանտը, ապա կը տեղափոխուի Խարկովի բանտը: Բանտին մէջ կը վատթարանայ առողջութիւնը: Իր  խնդրանքով կը տեղափոխուի Սիպերիա եւ աքսորը կ՛անցընէ Իրկուցք նահանգի Ուսոլիէ գիւղին մէջ, ուր կ’աշխատի իբրեւ բժիշկ, կ՛արժանանայ տեղացիներուն յարգանքին: Հոն կ՛ամուսնանայ զօրավար Միքայէլ Արէշեանի քրոջ` Ռուբինա Արէշեանի հետ, որ եղած է սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի դէմ մահափորձի կազմակերպիչներէն մէկը, 1905-ին: Ռուբինա եղած է Քրիստափորի անմիջական գործակիցներէն մէկը եւ հոգեզաւակը: Ան Խարկովի մէջ դժուարութեամբ կ՛արձանագրուի բժշկական համալսարան եւ յաջողութեամբ կ՛աւարտէ դասընթացքները:

Ռուբինա Արէշեան

1912-ի փետրուարին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի կ’ունենայ 150 դաշնակցականներու դատավարութիւնը, ուր   Ռուսաստանի ամենայայտնի փաստաբանները կը ստանձնեն դաշնակցականներու պաշտպանութիւնը: Հիմնականօրէն դատավարութեան թիրախ կ՛ըլլայ  բժիշկ Համօ Օհանջանեանը: Ան կը խոստովանի ՀՅԴ-ին իր անդամակցութիւնը եւ  կ՛արտասանէ Դաշնակցութեան մասին  իր տպաւորիչ ու մերկացնող  ճառը, որ մեծ տպաւորութիւն կը ձգէ ունկնդիրներուն վրայ: Սակայն կը դատապարտուի չորս տարի տաժանակիր աշխատանքի եւ կը ղրկուի Սիպերիա:

1915-ին Գէորգ Ե. կաթողիկոսին եւ փոխարքայ Իլլարիոն Վորոնցով-Դաշկովի միջնորդութեամբ ազատ կ՛արձակուի բանտէն: Կը վերադառնայ Թիֆլիս եւ իբրեւ բժիշկ` կ՛օժանդակէ ռազմաճակատի  հայ կամաւորական գունդերուն:  Երեւանի մէջ` իբրեւ բժիշկ, կ՛օգնէ   գաղթականներուն:

Ան կարեւոր դերակատարութիւն կ՛ունենայ Վանի մէջ, ուր աջ բազուկը կը դառնայ Արամ Մանուկեանին, որ թրքական լուծէն ժամանակաւորապէս ազատագրուած Վանի հայութեան կառավարիչ կարգուած էր: Բժիշկ Համօ Օհանջանեան Վանի մէջ դեղ եւ բժշկական օգնութիւն կը հասցնէ տեղացիներուն:

1917-ի փետրուարին Ռուսաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութենէն ետք ընտրուած է Համառուսական սահմանադիր ժողովի պատգամաւոր:

Եղած է Ռոստովի Անդրկովկասեան կոմիսարիատի խնամատարութեան կոմիսարը:

1918-ին Թիֆլիսի մէջ, Անդրկովկասեան Սէյմին մէջ, ՀՅԴ-ի անունով կարդացած է Ռուսաստանէն Անդրկովկասի անջատման հռչակագիրը:

1918-ին եղած է Պերլին ուղարկուած Հայոց ազգային խորհուրդի պատուիրակութեան անդամ:

1918-ի մայիս 25-30 գործուն մասնակցութիւն ունեցած է Ղարաքիլիսայի հերոսամարտին, ուր զոհուած է իր զաւակը` Մոնիքը:

1919-ի նոյեմբերին, Փարիզի հաշտութեան ժողովին, եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անդամ եւ Պօղոս Նուպար փաշային հետ միասին Հայաստանի անունով յուշագիր  ներկայացուցած է հայոց պահանջատիրութեան մասին:

1919-ին Երեւանի մէջ կայացած ՀՅԴ-ի Ընդհանուր ժողովին ընտրուած է Բիւրոյի անդամ: Ան մեծ նպաստ բերած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին դիւանագիտական կապերու ընդլայնումին եւ ամրապնդման գործին:

3 ապրիլ 1920-ին  ստանձնած է  Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը:

5 մայիս 1920-23 նոյեմբեր 1920 եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը:

10 օգոստոս 1920-ին իր վարչապետութեան օրով ստորագրուած է Սեւրի պայմանագիրը, ուր ճանաչուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

29 նոյեմբեր 1920-ին, Հայաստանի մէջ խորհրդային իշխանութեան հաստատումէն ետք, կնքուած է Դրօ-Սիլին համաձայնութիւնը, ըստ որուն, նախատեսուած է հալածանքի չենթարկել ՀՅԴ-ի անդամները:

2 դեկտեմբեր 1920-ին ՀՅԴ Բիւրոյի որոշումով բժիշկ Համօ Օհանջանեան հեռացած է Հայաստանէն եւ անցած է Վրաստան:

6 դեկտեմբերին քանի մը ընկերներու հետ համայնավարներու «Չեկա»-ի աշխատակիցներու կողմէ ձերբակալուած է Վրաստանի սահմանագլուխին եւ նուաստացուցիչ պայմաններու մէջ փոխադրուած է Երեւանի բանտը:

Խորհրդային իշխանութեան հաստատուելէն ետք  համայնավարները խուզարկած են Ամիրեան փողոցին վրայ գտնուող  Համօ Օհանջանեանի փոքր բնակարանը:

18 փետրուար 1921-ին, ՀՅԴ-ի ղեկավարութեամբ իրականացած ժողովրդային ապստամբութեան շնորհիւ, ազատած է բանտէն եւ հասած է Պարսկաստան:

1923-ի յունիսին հաստատուած է Գահիրէ, ուր զբաղած է բժշկութեամբ եւ հասարակական գործունէութեամբ:

Գահիրէի մէջ բժիշկ Համօ Օհանջանեան եղած է Համազգային կրթական եւ հրատարակչական ընկերութեան հիմնադիրներէն մէկը: 1926-ին ընտրուած է  այդ ընկերութեան նախագահը:

Մինչ այդ, 11 նոյեմբեր 1920-ին բժիշկ  Համօ եւ Ռուբինա Օհանջանեաններ Երեւանի մէջ կը բախտաւորուին մանչ զաւակով մը` Վիգէն, որ  հետագային ատամնաբուժութիւն ուսանած է Գահիրէի մէջ եւ երկար տարիներ աշխատած է հոն:  1963-ին գաղթած է Մոնրէալ, Քանատա, եւ մինչեւ իր մահը` 2009, շարունակած է իր ասպարէզը` ատամնաբուժութիւնը:

Տէր եւ տիկին բժիշկ Համօ եւ Ռուբինա Օհանջանեաններ

Բժիշկ Համօ Օհանջանեանը եղած է բարեկազմ, վայելուչ, դիւրահաղորդ, բարեհամբոյր, լրջախոհ, բոլորին հասնող եւ ամէնուն կողմէ վստահութեան արժանացող, յարաբերութիւններուն մէջ` նուրբ եւ յարգալիր: Ան սիրուած է հասարակական բոլոր խաւերու ու ընկերներու, նոյնիսկ հակառակորդ կուսակցականներու կողմէ:

Բժիշկ Համօ Օհանջանեանի աշխատասիրութիւններն են.

1.- «Մոհիկաններին վերջինը», 1925:

2.- «Բոլորիս սիրելին», 1935:

3.- «Գաղափարապաշտութեան հանգրուանները վերջին դարերու ընթացքին», 1941:

4.- «Հայ պետական մարդը», 1945:

5.- «Մեր բժիշկը», 1946:

Բժիշկ Համօ Օհանջանեանի տապանաքարը

Մահացած է 31 յունիս 1947-ին, Գահիրէի մէջ, 76 տարեկան հասակին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան. թաղուած է Գահիրէի հայկական գերեզմանատան մէջ: Անոր տապանաքարին վրայ գրուած է. «Ապրեցաւ` ինչպէս քարոզեց»:

Բժիշկ Երուանդ Խաթանասեան իր դամբանականին մէջ ըսած է. «Նրա բարութիւնը ո՛չ բնազանցական սկզբունք էր, ո՛չ ճգնաւորի համակերպութիւն եւ ո՛չ ալ թուլամտութիւն ու անտարբեր մեղկութիւն, այլ` շինիչ, կենարար եւ գիտակից մի ստեղծագործութիւն, որ անընդհատ պայքարում է` չարիքը խափանելով եւ վսեմն է կերտում` հինը տապալելով: Բարիքը, նրա համար հանրային կարծիքին տրուած տուրքը չէր, այլ` սրտի ինքնաբուխ զեղում եւ իր մէջ հանրային անհատը լիացնող ներունակ պարտադրանք»:

Բժիշկ Համօ Օհանջանեանի մահէն տարիներ ետք կինը` բժշկուհի Ռուբինա Օհանջանեան, զաւկին` Վիգէնի հետ գաղթած է Մոնրէալ, Քանատա:

1968-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոս  «Կիլիկիոյ իշխանուհի» շքանշանով պատուած է բժշկուհի Ռուբինա Օհանջանեանը: Արժանաւոր հայուհին վեհափառին գովքին  պատասխանած է ամենայն համեստութեամբ. «Ես ինչ եմ արել որ…»:

Բժշկուհի Ռուբինա Օհանջանեան  մահացած է Մոնրէալի մէջ, 1971-ին:

Մոնրէալ, 3 մայիս 2023

——————–

Աղբիւրներ`

  1. Ուիքիփետիա, Համօ Օհանջանեան:
  2. «Ազդակ» օրաթերթ, Համօ Օհանջանեան (1873-1947), «Հայկական նոր ասպետութեան» բարոյական դէմքը», 1 օգոստոս 2017:
  3. Mateossian, Vartan, Death of Hamo Ohanjanian, (July 31, 1947), Blogger, July 31, 2019.
  4. Iammedia, People Deserving Recognition: Hamo Ohanjanian, 30 յուլիս 2020:
  5. «Ազատ օր» օրաթերթ, Համօ Օհանջանեան (1873-1947), «Հայկական նոր ասպետութեան» բարոյական դէմքը, 31 յուլիս 2017:
  6. Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւն, նախկին վարչապետներ, Համօ /Համազասպ/ Օհանջանեան:
  7. «Հայրենիք» շաբաթաթերթ, բժիշկ Համօ Օհանջանեան, 27 մայիս 2021:
  8. Հայերէն պլոկ, Համազասպ (Համօ) Օհանջանեան, (1874-1947), վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան, 19 յունուար 2021:
  9. Մինասեան, Յարութիւն, բժիշկ, «Հայազգի բժիշկ-գործիչներ», Երեւան, 2020:

***

Մոնրէալի հայկական եկեղեցւոյ հիմնաքարերու կնքահայրերէն տոքթ. Վիգէն Օհանջանեան կնքեց իր մահկանացուն 12 յունիս 2009-ին:

Ան որդին է մեր ժողովուրդի ամբողջանուէր զաւակներէն Համօ եւ Ռուբինա Օհանջանեաններուն: Ծնած էր Երեւան, 11 նոյեմբեր 1920-ին: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տագնապի եւ հալածանքի օրերուն մայրը փոքրիկ Վիգէնին հետ կ՛անցնի Իրան, ապա` Գահիրէ:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

«Ճանաչում` Յանուն Փրկութեան»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.