Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համօ Օհանջանեան (1873-1947). «Հայկական Նոր Ասպետութեան» բարոյական դէմքը

Օգոստոս 1, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յու­լիս 31ի այս օ­րը, եօ­թա­նա­սուն տա­րի ա­ռաջ, Ե­գիպ­տո­սի մայ­րա­քա­ղաք ­Գա­հի­րէի մէջ, 76 տա­րե­կա­նին, յետ կար­ճա­տեւ հի­ւան­դու­թեան, առ­յա­ւէտ փա­կո­ւե­ցան աչ­քե­րը բժիշկ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի։

Հայ ժո­ղո­վուր­դը կորսն­ցուց միաս­նա­կան իր յար­գան­քին եւ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին պաշ­տա­մուն­քին ար­ժա­նա­ցած մեծ ա­ռա­քեալ մը, ո­րուն շի­րի­մին վրայ գրո­ւե­ցաւ՝ «Ապ­րե­ցաւ, ինչ­պէս քա­րո­զեց»։

Հայ­րե­նի հո­ղէն հե­ռու, տա­րա­գիր ու պան­դուխտ, աչ­քը յա­ռած ­Մա­սեաց խոր­հուր­դին, այս աշ­խար­հէն հե­ռա­ցաւ ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի կեր­տիչ­նե­րէն՝ Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եր­րորդ վար­չա­պե­տը։

Դաշ­նակ­ցա­կա­նի փառ­քով եւ հա­մազ­գա­յին ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ՝ օ­տա­րու­թեան ցուրտ հո­ղին յանձ­նո­ւե­ցաւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման ճա­կա­տա­բաց Աս­պե­տը, որ ճշմար­տա­պէս մարմ­նա­ւո­րեց ու շնչա­ւո­րեց Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի բա­ռե­րով օրհ­ներ­գո­ւած «­Հայ­կա­կան ­Նոր Աս­պե­տու­թիւն»ը։

Ինչ­պէս իր կեն­դա­նու­թեան, նոյն­պէս եւ մա­հո­ւան ա­ռի­թով, մեր ժո­ղո­վուր­դը ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նին ար­ժա­նա­ցուց հա­մազ­գա­յին տա­րո­ղու­թեամբ գնա­հա­տան­քի ու մե­ծա­րան­քի։

Տար­բեր չէր կրնար ըլ­լալ, ո­րով­հե­տեւ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան ամ­բողջ հա­յու­թեան կը պատ­կա­նէր։
Իր ան­ձին օ­րի­նա­կով, գա­ղա­փա­րա­կան հա­մո­զում­նե­րով եւ բա­րո­յա­կան սկզբունք­նե­րով՝ Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան ե­ղաւ դաշ­նակ­ցա­կան ա՛յն ղե­կա­վար գոր­ծի­չը, որ իր կեան­քի բո­լոր հանգ­րո­ւան­նե­րուն բա­րո­յա­կան հե­ղի­նա­կու­թեամբ բարձր պա­հեց ա­րիւ­նոտ դրօ­շը հայ ժո­ղո­վուր­դի պայ­քա­րին՝ յա­նուն Ար­դա­րու­թեան եւ Ի­րա­ւուն­քի նո­ւա­ճու­մին։

Ա­հա՛ կը լրա­նայ 70րդ ­տա­րե­լի­ցը գա­ղա­փա­րի մեծ Աս­պե­տի վախ­ճա­նու­մին։

Հայ­կա­կան ­Ջա­ւախ­քի ար­ժա­նա­ւոր զա­ւակն է ­Հա­մա­զասպ Օ­հան­ջա­նեան. ծնած է 1873ին, Ա­խալ­քա­լաք, ­Խաս­պաղ­ջա­յի հան­դի­պա­կաց «Օ­հան­ջա­նո­վենց» թա­ղը, բազ­ման­դամ ըն­տա­նի­քի մը յար­կին տակ։

Կար­նոյ եւ ­Բարձր ­Հայ­քի հա­յա­շունչ դրոշ­մը, որ ընդ­հան­րա­պէս տի­րա­կան էր 19րդ դա­րա­վեր­ջի եւ 20րդ ­դա­րաս­կիզ­բի ­Ջա­ւախ­քի հա­յօ­ճախ­նե­րուն մէջ, յատ­կա­պէս զգա­լի ե­ղած է Օ­հան­ջա­նեան­նե­րու մօտ։

Գաբ­րիէլ ­Լա­զեան կը վկա­յէ, որ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի բա­նա­ւոր յու­շե­րու պա­տա­ռիկ­նե­րէն մէ­կուն հա­մա­ձայն՝ «Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի Ա­խալ­քա­լաք այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ, ­Հա­մո­յի մեծ մայ­րը, ըն­տա­նի­քին 70 ան­դամ­նե­րը իր շուրջ հա­ւա­քած, կը դի­մա­ւո­րէ ­Հայ­րի­կը։ Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի այն հար­ցու­մին, թէ ինչ­պէ՞ս կը կա­ռա­վա­րէ այդ­քա՜ն բազ­մու­թիւն, մեծ մայ­րը կը պա­տաս­խա­նէ.- «­Զա­նոնք հա­ւա­սա­րա­պէս սի­րե­լով»։

«Ա­հա՛ պա­պե­նա­կան այն մթնո­լոր­տը, ուր շնչեց եւ մեծ­ցաւ ­Հա­մոն»։

Թէեւ ման­կու­թեան, ծննդա­վայ­րի հայ­կա­կան դպրո­ցին մէջ, ­Հա­մօ ընդ­հան­րա­պէս ան­հան­դարտ եւ դա­սե­րուն նկատ­մամբ ան­տար­բեր ա­շա­կերտ մը ե­ղած է, ո­րուն դպրո­ցի տնօ­րէ­նը ար­ժա­նի չէ գտած ու­սում­նա­ռու­թեան եւ յանձ­նա­րա­րած է ար­հես­տի հե­տե­ւիլ… Այ­սու­հան­դերձ՝ երբ ծնող­քը ­Հա­մո­յին ու­ղար­կած է ­Թիֆ­լիս, ռու­սա­կան գի­շե­րօ­թիկ վար­ժա­րան, պա­տա­նիի վար­քու­բար­քին մէջ հիմ­նա­կան փո­փո­խու­թիւն ա­ռա­ջա­ցած է։ Ան դա­սա­րա­նի բարձ­րա­գոյն նի­շե­րով ա­ւար­տած է գիմ­նա­զիո­նի ուս­ման շրջա­նը՝ ար­ժա­նա­նա­լով ոս­կեայ շքան­շա­նի եւ բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ շա­րու­նա­կե­լու պար­գե­ւի։

Մոս­կո­ւան իր հեր­թին, աշ­խար­հա­յեաց­քի ա­ռու­մով, լրիւ հո­գե­փո­խու­թեան են­թար­կեց Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նին։ Սկ­սաւ աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լու ու­սա­նո­ղա­կան շրջա­նակ­նե­րու յե­ղա­փո­խա­կան խմո­րում­նե­րուն՝ միա­ժա­մա­նակ կա­նո­նա­ւո­րա­բար հե­տե­ւե­լով ­Մոս­կո­ւա­յի Բժշ­կու­թեան հա­մալ­սա­րա­նի դա­սըն­թացք­նե­րուն։ ­Սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ եւ մտեր­մու­թիւն­ներ հաս­տա­տեց ռուս թէ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու հետ, ո­րոնք ­Հա­մո­յէն ստա­ցած ի­րենց ջերմ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը մին­չեւ վերջ ալ պահ­պա­նե­ցին։ ­Բայց ու­սա­նո­ղա­կան ըմ­բոս­տա­ցում­նե­րուն իր գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը պատ­ճառ դար­ձաւ, որ հե­ռա­ցո­ւի ոչ միայն հա­մալ­սա­րա­նէն, այ­լեւ՝ ­Մոս­կուա­յէն։

Հա­մօ վե­րա­դար­ձաւ ­Թիֆ­լիս, ուր 1897ին ի­րեն միա­ցաւ ու­սա­նո­ղա­կան տա­րի­նե­րու իր ըն­կե­րու­հին՝ ռուս յե­ղա­փո­խա­կան Օլ­կա ­Վա­ւի­լեւ­նան. ա­մուս­նա­ցան եւ ու­նե­ցան ե­րեք զա­ւակ՝ 2 մանչ (­Մո­նիկ եւ Ա­րիկ) եւ դուստր մը (­Գա­լիա)։

1899ին, ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու նպա­տա­կով, ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան մեկ­նե­ցաւ ­Լօ­զան, Զո­ւի­ցե­րիա։ Ե­րեք տա­րի հե­տե­ւե­ցաւ բժշկու­թեան մաս­նա­գի­տաց­ման՝ միա­ժա­մա­նակ բո­լոր ու­ժե­րով նո­ւի­րո­ւե­լով ու­սա­նո­ղա­կան շրջա­նակ­նե­րու մէջ յե­ղա­փո­խա­կան քա­րոզ­չու­թեան եւ ցու­ցա­կան գոր­ծու­նէու­թեան։

Թիֆ­լի­սէն ար­դէն ծա­նօ­թա­ցած էր Ք­րիս­տա­փո­րի հետ եւ ի­րենց մի­ջեւ ստեղ­ծո­ւած գա­ղա­փա­րա­կան կապն ու մտեր­մու­թիւ­նը ա­ւե­լիով խո­րա­ցան, ­Լօ­զա­նի մէջ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի ծա­ւա­լած աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին։ Ք­րիս­տա­փոր մեծ հա­մա­րում ու­նէր բժշկու­թեան ու­սա­նո­ղին գա­ղա­փա­րա­կան ուղ­ղամ­տու­թեան, յե­ղա­փո­խա­կան բա­րո­յա­կա­նին եւ հան­դար­տա­բա­րոյ խառ­նո­ւած­քին, բայց միա­ժա­մա­նակ ան­զի­ջող սկզբուն­քայ­նու­թեան նկատ­մամբ։ Այդ մտեր­մու­թիւնն ու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը մե­ծա­պէս օգ­նե­ցին, որ­պէս­զի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր սե­րուն­դին ուղ­ղա­կի մաս չկազ­մած ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նը, 1902ին ու­սու­մը ա­ւար­տե­լով եւ ­Թիֆ­լիս վե­րա­դառ­նա­լով, ամ­բող­ջու­թեամբ նո­ւի­րո­ւի յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծու­նէու­թեան՝ հան­րա­յին եւ կու­սակ­ցա­կան բարձ­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեանց կո­չո­ւե­լով։

Իբ­րեւ այդ­պի­սին, ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան բախ­տո­րոշ դեր կա­տա­րեց 1900ա­կան­նե­րու դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ Հ.Յ.Դ. հիմ­նա­դիր սե­րուն­դին մի­ջեւ գա­ղա­փա­րա­կան ու կազ­մա­կեր­պա­կան կամր­ջու­մը ամ­րապն­դե­լու կեն­սա­կան գոր­ծին մէջ։
Որ­քա՜ն դի­պուկ է ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի վե­րա­բե­րեալ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի այն բնու­թագ­րու­մը, թէ «­Նա իր մէջ տար­րեր ու­նէր ե՛ւ Ք­րիս­տա­փո­րից, ե՛ւ ­Զա­ւա­րեա­նից, ե՛ւ Ռոս­տո­մից. ու­րոյն ան­հա­տա­կա­նու­թիւն էր — տի­պար մտա­ւո­րա­կան եւ տի­պար դաշ­նակ­ցա­կան՝ օժ­տո­ւած մտա­ւոր ու բա­րո­յա­կան բարձր ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րով»։

Մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թեանց մէջ դիւ­րա­հա­ղորդ եւ բա­րե­համ­բոյր, անձ­նո­ւիր­ման մէջ հե­տե­ւո­ղա­կան եւ լուռ, բո­լո­րին հաս­նող եւ ա­մէ­նուն կող­մէ վստա­հու­թեան ար­ժա­նա­ցող իր խառ­նո­ւած­քով՝ հա­զիւ ե­րես­նա­մեայ բժիշկ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան դար­ձաւ ­Թիֆ­լի­սի եւ ընդ­հան­րա­պէս ­Կով­կա­սի հա­յու­թեան ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կան եւ յե­ղա­փո­խա­կան կեան­քի ա­ռա­ջա­տար ու­ժե­րէն մէ­կը։
— ­Հա­յոց ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու բռնագ­րաւ­ման 1903ի ցա­րա­կան ո­րո­շու­մին դէմ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քին եւ պայ­քա­րին դրօ­շա­կիր­նե­րէն ե­ղաւ։
— ­Յա­նուն Երկ­րի զին­ման եւ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ու­ժե­ղաց­ման Դաշ­նակ­ցու­թեան ձեռ­նար­կած «­Փո­թո­րիկ»ի դրա­մա­հա­ւա­քին իր աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ Ք­րիս­տա­փո­րի կող­քին։

— ­Յատ­կա­պէս Հ.Յ.Դ. գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ­Կով­կա­սի տա­րած­քին եւս ծա­ւա­լե­լու շրջա­դար­ձին մէջ, Հ.Յ.Դ. ­Կով­կա­սեան ­Նա­խա­գի­ծը մշա­կե­լու եւ հաս­տա­տե­լու գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րի ըն­թաց­քին, ուղ­ղա­կի վճռո­րոշ ե­ղաւ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։

— Հ.Յ.Դ. Եր­րորդ եւ ­Չոր­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղով­նե­րուն իր մաս­նակ­ցու­թեամբ, նաեւ Հ.Յ.Դ. Ա­րե­ւե­լեան ­Բիւ­րո­յի իր ան­դա­մակ­ցու­թեամբ, ­Հա­մօ պատ­մա­կան դեր կա­տա­րեց՝ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը փրկե­լով ներ­քին պա­ռակտ­ման փոր­ձե­րէն, անն­կուն հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ դի­մագ­րա­ւե­լով եւ ձա­խո­ղու­թեան դա­տա­պար­տե­լով Դաշ­նակ­ցու­թիւնն ու ընդ­հան­րա­պէս հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մը ա­ջի եւ ձա­խի, ա­րեւմ­տա­հա­յու եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յու բաժ­նե­լու ցա­րա­կան սադ­րանք­նե­րը։

Պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան այդ դիր­քէն՝ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լեց 1905ի հա­մա­ռու­սա­կան ա­ռա­ջին յե­ղա­փո­խու­թեան շրջա­նին թէ՛ ցա­րա­կան կար­գե­րը ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ար­մա­տա­կան բա­րե­կարգ­ման են­թար­կե­լու պայ­քա­րին մաս­նակ­ցե­լու, թէ՛ ցա­րիզ­մի հրահ­րած հա­յեւ­թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րը հա­կակշ­ռե­լու ա­ռում­նե­րով։

Միեւ­նոյն շրջա­նին սկսաւ ­Հա­մո­յի գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման բո­ցա­շունչ նուի­րեա­լին՝ ­Ռու­բի­նա Ա­րէ­շեա­նի հետ (սուլ­թան ­Հա­մի­տի ա­հա­բեկ­ման ծրագ­րի կազ­մա­կերպ­ման մէջ Ք­րիս­տա­փո­րի ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կիցն ու հո­գե­զա­ւա­կը), որ հե­տա­գա­յին՝ ­Հա­մո­յի ­Սի­պիր աք­սոր­ման շրջա­նին ու այ­նու­հե­տեւ մին­չեւ մահ, պի­տի դառ­նար նաեւ ­Հա­մո­յի կեան­քի ըն­կերն ու կո­ղա­կի­ցը։

Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան ար­դէն դար­ձած էր աչ­քի փու­շը ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց, երբ 1908ին ցա­րիզ­մը իր տա­պա­րի հա­րո­ւա­ծը ուղ­ղեց ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դէմ՝ ա­ւե­լի քան եր­կու հա­րիւր դաշ­նակ­ցա­կան, ինչ­պէս եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մա­կիր, բայց ոչ-կու­սակ­ցա­կան ակ­նա­ռու գոր­ծիչ­ներ ձեր­բա­կա­լե­լով եւ ­Մե­տե­խի բան­տը նե­տե­լով։

Յատ­կա­պէս ­Հա­մո­յի նկատ­մամբ դա­ժան գտնո­ւե­ցաւ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը։ ­Մին­չեւ 1912ի «­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Դա­տը», ­Հա­մօ ա­հա­ւոր չար­չա­րանք­նե­րու են­թար­կո­ւե­ցաւ մե­տե­խի մէջ, որ­պէս­զի խոս­տո­վա­նի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան «մեղ­քե­րը»։ Այդ չար­չա­րանք­ներն ու ա­նոնց դէմ ան­տե­ղի­տա­լի դի­մադ­րա­կա­նու­թիւ­նը ար­դա­րօ­րէն ­Հայ­կա­կան Յե­ղա­փո­խու­թեան ճա­կա­տա­բաց Աս­պե­տի դափ­նեպ­սա­կին ար­ժա­նա­ցու­ցին ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նին։ ­Դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին իր ու­նե­ցած ե­լոյթ­ներն ու հա­յոց յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման կուռ պաշտ­պա­նո­ղա­կա­նը մե­ծա­պէս բարձ­րա­ցու­ցին ­Հա­մո­յի վարկն ու հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը յաչս ոչ միայն ա­զա­տա­տենչ հա­յու­թեան, այ­լեւ ար­դա­րա­միտ ռուս­նե­րուն։

Թէեւ ­Հա­մօ դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ չորս տա­րո­ւան տա­ժա­նա­կիր աշ­խա­տան­քի՝ կա­լա­նա­վայ­րե­րու մէջ — ­Խար­քով եւ, ա­պա, հե­ռա­ւոր ­Սի­պիր -, թէեւ հիւ­ծե­ցաւ ֆի­զի­քա­պէս, բայց ուր որ գտնո­ւե­ցաւ՝ յե­ղա­փո­խա­կան իր շուն­չը տա­րա­ծեց բո­լո­րին վրայ, հաս­տա­տեց մտեր­մու­թիւն­ներ եւ գոր­ծակ­ցու­թիւն­ներ, ո­րոնք ա­պա­հո­վե­ցին իր ա­նուղ­ղա­կի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը հայ ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ա­տե­նի խմո­րում­նե­րուն։ Կա­լա­նա­ւո­րի իր տա­րի­նե­րուն էր, որ ­Ռու­բի­նա պա­հա­պան հրեշ­տա­կի պէս հե­տե­ւե­ցաւ գա­ղա­փա­րի իր ըն­կե­րոջ քայ­լե­րուն՝ ա­նոր ա­զատ ար­ձա­կու­մը ա­պա­հո­վե­լու հե­տե­ւո­ղա­կան ճիգ թա­փե­լով։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի բռնկու­մէն ետք, երբ ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մը թափ ա­ռաւ, ցա­րա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը շրջա­դարձ կա­տա­րեց եւ Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան Շարժ­ման ա­ռա­ջաց­ման նպա­տա­կով ­Դաշ­նակ­ցու­թեան առ­ջեւ աս­պա­րէզ բա­ցաւ։ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ եւ սի­պի­րեան իր կա­լա­նա­վայ­րէն ուղ­ղա­կի ­Թիֆ­լիս վե­րա­դար­ձաւ եւ, իբ­րեւ բժիշկ, իր պա­տաս­խա­նա­տու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ստանձ­նեց ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րու վրայ ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Գուն­դե­րու մղած կռիւ­նե­րուն ըն­թաց­քին։ Յատ­կա­պէս հայ զի­նո­ւոր­նե­րու խնա­մա­տա­րու­թեան մէջ օրհ­նա­բեր ե­ղաւ ­Հա­մո­յի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ ­Նոյն­պէս կա­րե­ւոր մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ ­Վա­նի մէջ, ուր թրքա­կան լու­ծէն ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս ա­զա­տագ­րո­ւած հա­յու­թեան կա­ռա­վա­րիչ կար­գո­ւե­ցաւ Ա­րամ ­Մա­նու­կեան, իսկ ­Հա­մօ դար­ձաւ ա­նոր աջ բա­զու­կը։

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խաց­ման հե­րո­սա­մարտ­նե­րու օ­րե­րուն, ­Հա­մօ իր գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի ճա­կա­տա­մար­տին, ո­րու ըն­թաց­քին զո­հո­ւե­ցաւ իր ­Մո­նիկ որ­դին։

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տու­մէն ետք, ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ նո­րաս­տեղծ հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան կռուան­նե­րու ամ­րապն­դու­մին։

1919ին ան­կախ ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին ընտ­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ, իր մեծ օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը բե­րաւ ­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին-դի­ւա­նա­գի­տա­կան կա­պե­րու ընդ­լայ­նու­մին եւ ամ­րապն­դու­մին։ Ե­ղաւ ­Հաշ­տու­թեան խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րուն մաս­նակ­ցող ­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան փոխ-նա­խա­գահ։ Իսկ ­Մա­յիս 1920ին, երբ պոլ­շե­ւի­կեան դա­ւա­դիր ըմ­բոս­տա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ, գլխա­ւո­րեց ­Բիւ­րօ-կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը՝ ա­նոր վար­չա­պե­տու­թիւնն ու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ստանձ­նե­լով։

Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի յե­ղա­փո­խա­կան կեն­սագ­րու­թեան երկ­րորդ ծան­րակ­շիռ պա­հը ներ­կա­յա­ցաւ 1920ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին, երբ նո­րա­հաս­տատ պոլ­շե­ւի­կեան իշ­խա­նու­թիւ­նը դէ­պի թիֆ­լիս ճամ­բուն վրայ ձեր­բա­կա­լեց ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նը եւ Ե­րե­ւա­նի մէջ բան­տար­կեց։ ­Կեն­սա­գիր­նե­րու վկա­յու­թեամբ՝ պէտք էր տես­նել 1921ի ­Փետ­րո­ւար 18ին Ե­րե­ւա­նի բան­տը մտած եւ դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վար գոր­ծիչ­նե­րը ա­զա­տագ­րած մեր ժո­ղո­վուր­դին խան­դա­վառ ցոյ­ցե­րը.- ­Հա­մօն ի­րենց ու­սե­րուն բարձ­րա­ցու­ցած՝ ժո­ղովր­դա­յին բազ­մու­թիւն­նե­րը թա­ղէ թաղ շրջե­ցան Ե­րե­ւա­նը, բո­լո­րին վստա­հեց­նե­լու հա­մար, որ աննկուն յե­ղա­փո­խա­կա­նը փրկո­ւած էր Ե­րե­ւա­նի բան­տին մէջ ա­նար­գօ­րէն հա­յու ա­րիւն թա­փող պոլ­շե­ւի­կեան մո­լուց­քէն…

Ար­դա­րեւ, հա­մա­ռու­սաս­տա­նեան յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման բո­վին մէջ թրծո­ւած հա­ւա­տա­ւոր ըն­կեր­վա­րա­կա­նը աչ­քի փուշ դար­ձած էր «սո­ցիա­լիզմ»էն ճա­ռող, բայց աշ­խա­տան­քի ա­զա­տագ­րու­թեան սուրբ դա­տին մէջ միայն սե­փա­կան իշ­խա­նա­տեն­չու­թիւ­նը գո­հաց­նե­լու աս­պա­րէզ փնտռող նո­րե­լուկ պոլ­շե­ւիկ­նե­րուն։

Փետ­րո­ւա­րեան հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ապս­տամ­բու­թեան վախ­ճա­նէն ետք ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան իր հեր­թին ­Զան­գե­զու­րի վրա­յով ան­ցաւ ­Թաւ­րիզ, ուր­կէ 1923ին գնաց Գա­հի­րէ եւ հոն ապ­րե­ցաւ մին­չեւ մահ։

1928ին ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան հիմ­նա­դիր մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ ­Հա­մազ­գա­յին Մ­շա­կու­թա­յին եւ Կր­թա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան կազ­մու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Ընտ­րո­ւե­ցաւ նո­րա­կազմ միու­թեան նա­խա­գա­հը եւ այդ պաշ­տօ­նին վրայ մնաց մին­չեւ մահ՝ իր կեան­քի վեր­ջին քսա­նա­մեա­կին կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­նա­լով ­Ճե­մա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան եւ ու­ժե­ղաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ։

Տա­րագ­րու­թեան այդ ամ­բողջ շրջա­նին եւս ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան մաս կազ­մեց Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­նե­րուն, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­քին միու­թիւնն ու գա­ղա­փա­րա­կան հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թիւ­նը պահ­պա­նող հիմ­նա­կան ու­ժե­րէն մէ­կը մնա­լով։

Ո­գե­կոչ­ման այս է­ջը եզ­րա­փա­կե­լով՝ ըն­թեր­ցո­ղի յի­շո­ղու­թեան մէջ թար­մաց­նենք բժիշկ Ե­րո­ւանդ ­Խա­թա­նա­սեա­նի ար­տա­սա­նած դամ­բա­նա­կան խօս­քին հե­տե­ւեալ վկա­յու­թիւ­նը՝ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի մե­ծա­գոյն ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րէն մէ­կը կազ­մող ան­սահ­ման, այ­լեւ մար­տու­նակ բա­րու­թեան մա­սին.- «Ն­րա բա­րու­թիւ­նը ո՛չ բնա­զան­ցա­կան սկզբունք էր, ո՛չ ճգնա­ւո­րի հա­մա­կեր­պու­թիւն եւ ոչ ալ թու­լամ­տու­թիւն ու ան­տար­բեր մեղ­կու­թիւն, այլ շի­նիչ, կե­նա­րար եւ գի­տա­կից մի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն, որ ա­նընդ­հատ պայ­քա­րում է՝ չա­րի­քը խա­փա­նե­լով եւ վսեմն է կեր­տում՝ հի­նը տա­պա­լե­լով։ Բա­րի­քը, նրա հա­մար, հան­րա­յին կար­ծի­քին տրուած տուր­քը չէր, այլ սրտի ինք­նա­բուխ զե­ղում եւ իր մէջ հան­րա­յին ան­հա­տը լիաց­նող նե­րու­նակ պար­տադ­րանք»։
Ի­րա­ւամբ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան մարմ­նա­ւո­րեց տի­պա­րը ­Մեծ ­Դաշ­նակ­ցա­կա­նին, որ այն­պէ՛ս «ապ­րե­ցաւ, ինչ­պէս քա­րո­զեց»։

 

Նախորդը

Զմմառու Վանքի Մատենադարանի Բացման Պաշտօնական Հանդիսութիւն

Յաջորդը

Զինուորին Կօշիկը` Ընդդէմ Տզրուկներու Ձայներուն (Լիբանանեան Բանակի Տօնին Առիթով)

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?