Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Փութին Օգոստոսին Թուրքիա Պիտի Այցելէ

August 8, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Թուրքիա սպասուող այցելութեան թուականը յստակացնելու բանակցութիւնները կը շարունակուին:

Թրքական «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, որ այս պահուն Ռուսիոյ նախագահի` Թուրքիա ակնկալուող այցելութեան թուականը տակաւին յստակ չէ:

Ան նշած է, որ կողմերը այդ հարցով բանակցութիւնները կը շարունակեն:

«Թուականը յայտնի չէ, սակայն արտաքին գործոց նախարարը եւ հետախուզական կազմակերպութեան ղեկավարը բանակցութիւններ կը վարեն», ըսած է Էրտողան:

Ան յոյս յայտնած է, որ իր ռուս պաշտօնակիցը Թուրքիա պիտի այցելէ օգոստոսին:

Թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը, յղում կատարելով իր աղբիւրներուն, կը հաղորդէ, որ Փութինի Թուրքիա այցելութիւնը կը սպասուի օգոստոսի վերջին շաբթուան ընթացքին:

Նշեալ աղբիւրներուն համաձայն, Ռուսիոյ ղեկավարի եւ անոր թուրք պաշտօնակիցի բանակցութիւններու օրակարգին վրայ պիտի ըլլան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները, հացահատիկի գործարքի վերականգնումը, երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը:

 

Նախորդը

Սէուտական Արաբիան Եւ Քուէյթը Կը Հաստատեն, Որ Քարիւղի Տուրրա Դաշտի Բնական Հարստութիւնները Միայն Երկու Երկիրներուն Սեփականութիւնն Է

Յաջորդը

Դամասկոսի Մերձակայքի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ Որոշում Մը Պիտի Տամ»

October 5, 2026
Պաղայի. «Ֆլայտուպայ»-ի Թռիչքի Առնչուած  Միջադէպը Իրանը Կամ Շրջանի Այլ Երկիրները  Մեղադրելու Ծրագրուած Անյաջող Փորձ Էր»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Ֆլայտուպայ»-ի Թռիչքի Առնչուած Միջադէպը Իրանը Կամ Շրջանի Այլ Երկիրները Մեղադրելու Ծրագրուած Անյաջող Փորձ Էր»

October 5, 2026
Քոպախիծէ. «Չենք Կարծեր, Որ ԹՐԻՓՓ-ը  Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանէն  Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Քոպախիծէ. «Չենք Կարծեր, Որ ԹՐԻՓՓ-ը Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանէն Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար»

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.