Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հաւանական նկատած է մինչեւ 2023 թուականի վերջը Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումը: Այս մասին ան յայտնած է «Եուրոնիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
«Եթէ մենք հայկական կողմէն կառուցողական մօտեցում տեսնենք եւ ամէնէն գլխաւորը` եթէ անոնք ամբողջովին մէկդի նետեն մեր տարածքային ամբողջականութիւնը վիճարկելու ձգտումները, ապա մենք կրնանք շատ շուտ գտնել խաղաղ լուծումը, հաւանական է նոյնիսկ մինչեւ տարուան վերջը», ըսած է Ալիեւ:
Հարցազրոյցէն կարճ հատուած մը հրապարակուած է «Եուրոնիուզ»-ի ընկերային ցանցի էջին վրայ:
Ալիեւ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ «առանց ռուս խաղաղապահներու Ղարաբաղի հայերուն հետ հաղորդակցիլը աւելի դիւրին պիտի ըլլար»:
«Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղի հայերուն, ապա կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ անոնց հետ մեր հաղորդակցութիւնները մէկ անգամէն սկսած են: Հիմնականին մէջ անոնք սովորական մարդոց հետ հաղորդակցութիւններ էին, երբ սկսանք կառուցել Լաչինի նոր ճամբան, որ կ՛անցնէր քանի մը հայաբնակ գիւղերէ: Տեղեկացայ, որ կապեր հաստատուած են մեր ճամբու շինարարներու եւ հայերու միջեւ: Անոնք անմիջապէս սկսան ընկերանալ:
«Եթէ շինարարութեան առաջին ամիսներուն ռուս խաղաղապահները կ՛ապահովէին երկու կողմերու անվտանգութիւնը, ապա որոշ ժամանակ ետք անոնք ուղղակի հեռացան, եւ առանց ռուս խաղաղապահներուն դիւրին էր հաղորդակցիլ: Ասիկա կը յուշէ, որ հասարակ մարդոց մեծամասնութեան սիրտին մէջ ատելութիւն չկայ», ըսած է Ալիեւ:
«Հայաստանի մէջ պէտք է հասկնան, որ եթէ իրենք չստորագրեն Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը, ապագային ատիկա կրնայ անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ», յայտարարած է ան:
«Ինչպէս կը տեսնենք` աշխարհի եւ շրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական կացութիւնը կտրուկ կերպով կը փոխուի, եւ հայերու` անվտանգութեան առնչուած յոյսերուն մէկ մասը ամբողջութեամբ վերացած է», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:
Ան պնդած է, որ ստեղծուած կացութեան մէջ Հայաստանը բաւական սահմանափակ ընտրութիւն ունի:
«Ես ուղերձ մը ունիմ, որ արդէն իսկ փոխանցած եմ Հայաստանի կառավարութեան` ներկայ կացութեան մէջ ձեր ընտրութիւնը լաւի եւ լաւագոյնի միջեւ չէ, ձեր ընտրութիւնը վատթարագոյնի եւ ընդունելիի միջեւ է: Ընդունելին, սակայն, հիմնուած է բանականութեան, միջազգային օրէնքի արժեչափերու եւ ազրպէյճանցիներու` իրենց հողերուն վրայ ապրելու իրաւունքը ճանչնալուն վրայ` իրաւունք, որմէ անոնք մեզ 30 տարի շարունակ զրկած են», յայտարարած է Ալիեւ:
«Հայաստանին իմ ուղերձս հետեւեալն է` մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք անոնց պետութեան հետ: Մենք հայերու նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունինք, թէեւ մինչեւ պատերազմը Հայաստանի մէջ կ՛ապրէին հարիւր հազարաւոր ազրպէյճանցիներ, որոնց նկատմամբ ցեղային զտումներ գործուած են, հիմնովին ոչնչացուած է անոնց մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը: Սակայն մենք տարածքային պահանջներ չունինք: Սակայն մենք կը կարծենք, որ Հայաստանէն բռնի տեղահանուած ազրպէյճանցիները իրաւունք ունին այնտեղ վերադառնալու, երբ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը կարգաւորեն իրենց յարաբերութիւնները եւ հաստատեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ», ըսած է Ալիեւ:


